Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Կը գրեմ հեռուէն և քաջ կը գիտակցիմ հեռուէն դիտողի սահմանափակումներուն։ Դէպքին փաստերը առայժմ դեռ յստակ չեն, քանի որ յստակ ոչինչ կը հաղորդեն իրաւապաշտպան կառոյցները։
Դանդաղ, բերանխուփ, ինքնապաշտպանական բնազդներով ապրող պետական մեքենան ինքզինք կը գերազանցէ այս պահուն։ Յստակ է միայն մէկ բան։ Ոստիկանական մէկ ամբողջ ջոկատ Արցախի սահմանին վրայ, Բերձորի անցակէտին մօտ, օրէնքը առած է իր ձեռքերուն մէջ իր կողքին ունենալով քաղաքացիներէ կազմուած մէկ անորոշ խմբաւորում։ Կը հիմնուիմ Արցախի ոստիկանութեան կողմէ հրապարակուած բացատրականին վրայ։ Ովքե՞ր են այս ոստիկանները, որոնք այսպէս լիազօրուած կ՚ըզգան խուժդուժ յարձակման ենթարկելու քաղաքացիական շարասիւն մը փոխանակ օրինապատշաճ վերաբերմունքով կացութեան տէր կանգնելու։
Փոխանակ ստուգելու օրինականութիւնը քաղաքացիական այս երթին. և քաջ գիտնալով, որ երթը կրնայ դժգոհներու ընդդիմութեան հանդիպիլ, ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ՛այս երթը և երթին մասնակիցներու խօսքի ազատութեան իրաւունքը։ Ես ընդհանրապէս կապ չունիմ «Հիմնադիր Խորհրդարան» անուան տակ գործող կազմակերպութեան հետ։ Չեմ բաժներ իրենց ընտրած քաղաքական ուղին։
Կը մերժեմ Դաշնակցութեան հետ խօսելու իրենց ձևը միշտ յարգելով նախկին ընկերներու անուրանալի ցենզը մեր ազատագրական պայքարի ճակատին վրայ։ Այս բոլորը բացարձակապէս կապ չունին բեմադրուող այս այլանդակ կացութեան հետ։ Որքան ատեն որ շարասիւնին մասնակիցները իրենց բողոքը կը տանին հանրութեան յարգելով օրէնքին տրամադրութիւնները, ոչ ոք իրաւունք ունի զիրենք զրկելու իրենց սահմանադրական իրաւունքներէն։ Եւ առհասարակ ոստիկանութեան գործը չէ քաղաքական հաշուեյարդարը։ Իրենց գործն է պաշտպանել քաղաքացին և իր իրաւունքները։
Այս հարուածը ուղղուած չէ միայն շարասիւնի մասնակիցներուն։ Այս հարուածը ուղղուած է հանրութեան։ Երբ խումբ մը քաղաքացիներ բացէ ի բաց կը խոշտանգուին ոստիկանութեան կողմէ, կը խոշտանգուի օրէնքը. կը խոշտանգուի իրաւունքը. կը փլուզուի քաղաքական կեանքի օրինապահութեան շէնքը։ Ես չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ պիտի ըսէին շարասիւնի մասնակիցները Արցախի հանրութեան։
Ոստիկանական այս անորակելի բռնարարքը, ինքնին, եկաւ ըսելու, որ մենք լուրջ խնդիր ունինք հանրային անվտանգութեան ճակատին վրայ։ Եկաւ բացէ ի բաց փոխարինելու պատգա՛մը։ Ես սրտանց կը փափաքիմ, որ Արցախի իշխանութիւնները գործեն անյապաղ և վճռակամ և խստապահանջօրէն սրբագրեն այս կոպիտ շեղումը։
Կարօ Արմենեան