կարևոր
2035 դիտում, 10 ամիս առաջ - 2024-01-19 15:30
Քաղաքական

Յեղափոխական գործի մարգարէն

Յեղափոխական գործի մարգարէն

Յունուար 18-ը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան անդամ, Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) ծննդեան օրն է։ Ան ծնած է 1867 թուականի յունւար 18-ին, Նախիջեւան գաւառի Ցղնա գիւղին մէջ:

Ռոստոմը Դաշնակցութեան կամքի մարմնաւորումն էր, անոր երկաթէ բռունցքը։

Յեղափոխական գործի մարգարէն, որ յեղափոխութիւնը խօսքից գործի վերածեց։

«Յեղափոխութիւնը նախ գործ է, յետոյ գաղափար, ա՛յս է ճշմարտութիւնը: Աւելի ճիշդ՝ յեղափոխութիւնը գործ է գաղափարի համար»,- ժամանակին ըսած է նա:

Գործի մարդ, որուն համար չկային մեծ կամ փոքր, կարեւոր կամ անկարեւոր, առաջնահերթ կամ երկրորդական գործեր։ Կային միայն գործեր, որոնք պէտք է կատարուէին՝ յանուն հայ յեղափոխութեան եւ հայ ժողովուրդի ազատագրման պայքարի յաղթանակին։

Ճակատագրի տնօրինմամբ, Ռոստոմն իր մահկանացուն կնքեց 1919 թուականի յունուար 19-ին, երբ ընդամէնը նախորդ օրը բոլորած էր իր 52-ամեակը:

խմբ.

«Ալիք»