կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-01-16 15:08
Հասարակություն

«Գարեգին Նժդեհի մարգարէն»

«Գարեգին Նժդեհի մարգարէն»

Աղբյուրը՝ arfd.am

Մեր ժողովուրդին համար Գարեգին Նժդեհի գործն ու խօսքը եղած են միշտ հմայիչ եւ յուսադրիչ։ Իր մարտական նուաճումները, յատկապէս Զանգեզուրի հայացումն ու պահպանումը իբրեւ Հայաստանի անբաժան հող, ճակատագրական հանգրուաններ սահմանագծած են մեր նորագոյն պատմութեան մէջ։

Սփիւռքի մէջ ձուլումի վտանգին դէմ ազգային ինքնութեան պահպանման ի խնդիր Նժդեհի տեսական ու գործնական առաջադրանքները յաջորդական հայ նորահաս սերունդներու ազգային գիտակցութեան ներշնչարանները հանդիսացած են։

Իսկ Նժդեհի մտքերն ու խօսքերը տակաւին կը պահեն ու պիտի շարունակեն պահել իրենց այժմէականութիւնը։ Որովհետեւ նժդեհեան մտքերն ու խօսքերը կը պեղեն մեր մարտունակ յատկութիւնները, կը խորացնեն մեր ազգային գիտակցութիւնը, կ՚արթնցնեն մեր մէջ ազգային ու հայրենական պատասխանատուութեան զգացումը։

Իր զինուորական գերակայ յատկութիւններու կողքին, Նժդեհ բնազդային ու գիտակցական տաղանդը ունէր հայրենասիրութեան եւ մարտունակութեան մեր մտածումներն ու զգացումները ջինջ կերպով արտայայտելու եւ արձանագրելու։ Նոյնիսկ մեր անցեալի մեծերը ակնածանք կը տածէին Նժդեհի սուրին ու գրիչին հանդէպ։ Հայ վիշտի երգիչ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեան հարազատ վկայութիւնը կը կատարէ այս մասին՝ Նժդեհին գրած իր մէկ նամակին մէջ.- «Սիրում եմ արիութիւնը գրչի՛դ, խօսքի՛դ ու սուրիդ։ Մեր օրերին պաշտպան մարդն ես եւ ինչ ինչ մեծ առաւելութեամբ ինձ վրայ»։

Հետեւաբար, երբեք զարմանալի չէ երբ հայ կեանքէ ներս քաղաքական մարդոց ու կազմակերպութիւններու համար յաճախ փորձիչ ըլլայ իւրացնել Գարեգին Նժդեհի գաղափարները, որպէսզի կարենան իմացական լիցքաւորում տալ իրենց քաղաքական գոյութեան ու գործունէութեան։ Նման փորձութիւն բնական է, երբ գաղափարները կը պատկանին Նժդեհին։ Սակայն, փորձութիւնը նժդեհեան գործի վերածելը այլ բան է։

Նժդեհ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարական քուրային մէջ թրծուած եւ դաշնակցականի մարտական փորձառութեան ընդմէջէն իր կրակէ մկրտութիւնը ստացած հայդուկն է։ Նժդեհ իր էութեամբ, մտածումով եւ գործով գլխադիր Դաշնակցական զինուորն ու առաջնորդն է։ Իր իսկ բառերով, ինք հայութեան աւելի մօտ է, որովհետեւ դաշնակցական է։

Ուստի, կարելի է ոմանց համար նժդեհական ձեւանալ։ Սակայն կարելի չէ ձեւականութենէն անդին երթան անոնք, որոնք Դաշնակցութեան մէջ չեն։ Դաշնակցական պատանին իր մատղաշ հասակին կը սկսի սորվիլ Նժդեհի մասին։ Երբ ան Դաշնակցութեան երիտասարդական միութեան անդամ է, կը թրծուի նժդեհականութեամբ։ Երբ ան Դաշնակցութեան շարքայինն է, կը ձգտի հետեւիլ ու գործադրել Գարեգին Նժդեհի ազգային պատգամները։ Արդ, հետեւելու եւ կիրարկելու համար Նժդեհի գաղափարախօսութիւնը, մէկը կրնայ միայն Դաշնակցական ըլլալ, այդ ալ պատանի հասակէն։

Այս բոլորին բացատրութիւնը կու տայ ի՛նք՝ Գարեգին Նժդեհ, երբ տասնամեակներ առաջ ան ներկայացուցած է իր մարգարէն։ Նժդեհի մարգարէն դաշնակցական է։ Մարգարէին կողմէ Նժդեհին փոխանցուած պատգամները դաշնակցական են։

Այս մասին խօսուն վկայութիւն է Նժդեհի 21 էջերէ բաղկացած վտիտ գրքոյկը՝ «Դաշնակցութեան Պանթէօնը», որ լոյս տեսաւ 1917ին։ Սեղմ յօդուածներով ան իր յարգանքը կը մատուցէ մեր ազգային ազատագրական պայքարի ծանօթ ու անծանօթ մարտիկներուն։ Այդ մատուցման ընդմէջէն ան կը ներկայացնէ «Իմ Մարգարէն»։

Նժդեհի մարգարէն կը պատգամէ.-

Առաջին, «Զոհաբերի՛ր անվերջ, առանց մնացորդի …եւ դու կը մօտենաս Աստծուն, դու կը դառնաս մարդ-Աստուած։»

Երկրորդ, «Մոռացի՛ր քեզ. յանուն թշուառների՝ մոռացի՛ր քեզ, երբ հազար հազարներին սեւ
ցաւն է ընկերանում…։ Ուրախ քրքջալու ժամին մի՛ մոռանայ, որ դառնօրէն լացողներ կան…։ Սիրի՛ր թշուառին, ծառայի՛ր սրան. թող քո ցաւը՝ թշուառի ցաւը, քո Աստուածը թշուառի Աստուածը լինի»։

Երրորդ, «Եղի՛ր հպարտ։ Գոյութիւնդ քարշ տալու համար մի՛ սողա, մի՛ ստորնանալ եւ մի՛
ստիր։ Ստել՝ նշանակում է հայհոյել ճշմարիտը, ուրանալ՝ նշանակում է դադարել մարդ լինելուց»։

Չորրորդ, «Եղի՛ր ազատ։ Գիտակից ստրուկի եւ յանցագործի մէջ չկայ տարբերութիւն:
Խոնարհի՛ր ճակատդ միայն իտէալիդ առաջ, միայն իտէալիդ ազատ գերին եղիր»։

Հինգերորդ, «Եղի՛ր բացարձակ։ Եւ ո՛չ մի զիջում: Յանցանք է զիջելը: Զիջել՝ նշանակում է թոյլ լինել, ամօթալի պարտութիւն կրել» ։

Ու Նժդեհ կ՚եզրակացնէ, «Այսպէս է պատգամում իմ մարգարէն իր աստուածաշունչ խօսքը, եւ հոգիս՝ նրա հրեղէն պատգամներին գերի, վեհօրեն իր թեւերն է պարզում»։

Նժդեհի մարգարէին պատգամները դաշնակցական սկզբունքներն են։ Իսկ մարգարէն՝ Սիմոն Զաւարեանն է, Դաշնակցութեան խիղճը, մեր ժողովուրդին աշխարհիկ սուրբը։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ