Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւատաւոր դաշնակցական, Պուրճ համուտի երկարամեայ քաղաքապետ եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի վաստակաւոր անդամ Անդրանիկ Մսըրլեանին նուիրուած յուշ-երեկոն` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանի, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեանի ներկայացուցիչ Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, համայնքներու, միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, գործընկերներու, համազգայնականներու եւ ընտանեկան պարագաներու:
Հաւաքին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Նանօր Գոչունեան-Թաշճեան, որ նշեց, թէ Անդրանիկ Մսըրլեան մօտէն հետեւած է իր ստանձնած աշխատանքներուն, եղած է արդարամիտ, մերժած է միջամտութիւնները եւ աշխատած է լուռ ու մունջ` առանց բարձրաձայնելու իր նուաճումները, առանց երեւնալու եւ առանց ցուցամոլութեան: Գոչունեան-Թաշճեան հաստատեց, որ Ա. Մսըրլեան հայ մշակոյթի սիրահար էր, միշտ ալ քաջալեր հանդիսացած էր միութեան ծրագիրներուն եւ իր մշտական ներկայութեամբ ու գործակցութեամբ սատար կանգնած` բազմատեսակ աշխատանքներու յաջողութեան:
Ապա Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն Սէրլի Նեմշեհիրեան տուտուկով նուագեց Գրիգոր Պահլաւունիի «Ով զարմանալի» ստեղծագործութիւնը: Նուագէն ետք ցուցադրուեցաւ Անդրանիկ Մսըրլեանի մասին վկայութիւններու տեսերիզ մը:
Մեղրի Մսըրլեան դաշնամուրով նուագեց Արամ Խաչատրեանի «Ժողովրդական նմանողութեան» գործը, որմէ ետք օրուան պատգամը յղեց ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ան յայտնեց, որ «Արին» շէնքի կառուցման եւ ԱՖՀԻԼ-ի հաստատման աշխատանքներուն մէջ կեդրոնական դեր ունենալէ ետք, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնավարութեան արդէն առաջին քառամեակին Մսըրլեանի ճիգերով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը լուծեց երկարատեւ «կարմիր թիւերու մէջ լողացող հաշուեկշիռներու խնդիրը եւ քաղաքի Ճեմարանի կալուածի մասնակի վարձակալութեամբ վարչութեան տնտեսական կարողականութիւնը ո՛չ միայն միութեան գործունէութեան համար բաւարար դարձաւ, այլ ճամբան բացաւ նոր ծրագիրներու յղացման եւ գործադրութեան»:
Մկրտիչ Մկրտիչեան նշեց, որ Անդրանիկ Մսըրլեանը դարձաւ նաեւ իր ծննդավայր քաղաքի յաջող քաղաքապետը, եւ այդ ժամանակահատուածին Պուրճ Համուտը ծաղկեցաւ, գեղեցկացաւ զարդարուեստով, յուշարձաններով, հետեւաբար` յաւելեալ հայկականութեամբ:
Մկրտիչեան աւելցուց. «Իմ ճանչցած մարդոց մէջ Անդրանիկը Նիկոլ Աղբալեանի նկարագրած իտէալական դաշնակցականի տիպարին ամէնէն շատ մօտեցողներէն է: Ան եղած է` օրինապահ, հաւատաւոր, ճշմարտախօս, կարգապահ, զուսպ, ընկերասէր, իր ընկերներուն հանդէպ հանդուրժողական, բոլորին համար արդարամիտ, մարդասէր ու մարտունակ. ազնիւ ու ազնուական»: (Հետագային Մկրտիչ Մկրտիչեանին խօսքը կը հրատարակուի իր ամբողջութեամբ):
Գեղարուեստական յայտագիրի երրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան Սելլա Սվաքճեան եւ Վերոնա Ռուսիալեան, որոնք ջութակով եւ դաշնամուրով նուագեցին Պաղտասարեանի «Նոքթուրն»-ը:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ յայտնեց, թէ կազմակերպական պատասխանատուութիւններ ստանձնած Համազգայինի մէջ Անդրանիկ Մսըրլեան մշակոյթով ապրող եւ մշակութային արժէքները գնահատող կերպար մըն էր մեր իրականութան մէջ, եւ պատահական չէ, որ միշտ ալ ներկայ էր մեր բոլոր ձեռնարկներուն` մանկական, պատանեկան, երիտասարդական, արհեստավարժ ու սիրողական… Քէշիշեան ըսաւ, որ Մսըրլեան միշտ ալ մերժած է պարգեւատրումն ու յուշանուէրները, սակայն իրեն հետ գործակցող ու ապրող բոլոր բարեկամներուն ու ընկերներուն աչքերուն մէջ կ՛երեւի իր ներկայութիւնն ու վաստակը, եւ ամէն անգամ, որ Համազգայինը իրագործում մը արձանագրէ, իր եւ իր նմաններուն ներկայութիւնը ընդգծելի կը դառնայ:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին նուագախումբը` խմբավարութեամբ Կարօ Աւեսեանին: Խումբը ներկայացուց «Աւէ, Մարիա», «Նուպար-Նուպար», «Կտոր մը երկինք», «Ապարան» ստեղծագործութիւնները:
Յայտնենք, որ յուշ-երեկոյի սկզբնաւորութեան ներկաները ստացան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան լոյս ընծայած գրքոյկը, որ ձօնուած է Անդրանիկ Մսըրլեանին` «Մարդը, քաղաքապետը եւ հանրային գործիչը» խորագիրով: