Փոխարժեքներ
10 05 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.25 |
EUR | ⚊ | € 439.39 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.7251 |
GBP | ⚊ | £ 516.22 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.96 |
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւատաւոր դաշնակցական, Պուրճ համուտի երկարամեայ քաղաքապետ եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի վաստակաւոր անդամ Անդրանիկ Մսըրլեանին նուիրուած յուշ-երեկոն` ներկայութեամբ համայնքներու, միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, գործընկերներու, համազգայնականներու եւ ընտանեկան պարագաներու:
Հաւաքին բանախօսն էր ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը: Այս առիթով նաեւ խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան: