Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Անտարբերութեամբ ընդունիլ անարդար համակարգ մը՝ կը նշանակէ համագործակցիլ այդ համակարգին հետ։ Հետեւաբար ճնշուածը կը դառնայ նո՛յնքան վատ, որքան ճնշողը»:
Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսեր (1929-1968)
Շաբաթ, 7 Հոկտեմբերին պայթեցաւ Իսրայէլ – Կազա պատերազմը, երբ պաղեստինեան «Համաս» շարժումը շղթայազերծեց «Աքսայի Ջրհեղեղ» գործողութիւնը եւ իր վրայ կեդրոնացուց աշխարհի ուշադրութիւնը։
Արցախեան բազմահանգրուան ողբերգութիւնը ընդհանրապէս միայն հայորդիին մէջ մտահոգութիւն, յուսախաբութիւն եւ զայրոյթ ստեղծեց։ Միջազգային քարոզչական մեքենային համար, միայն կիսատ-պռատ քանի մը տողեր բաւարար էին, իսկ ոճիրը կասեցնելու ճիգերը խօսքի եւ երեսանցութեան սահմանէն անդին չանցան:
Պաղեստինեւիսրայէլեան աննախընթաց եւ անակնկալ ճակատումը Ուքրայինայի թնճուկն ալ լուսանցքի վրայ նետեց:
«Աքսայի Ջրհեղեղ»-ը ռազմական լայնածիր գործողութիւն է, որ կը շարունակուի Կազայի եւ Իսրայէլի տարածաշրջաներուն մէջ: Իրականութեան մէջ «ջրհեղեղ»-ը ա՛յնքան կայծակնային եւ ուժեղ է, որ յորդած է ամէնուրեք, հասած է մինչեւ… Հայաստանի քաղաքական հարթակն ու քարոզչական բնագաւառը։ Զանազան տեսակի մտորումներ, վերլուծումներ, թեր ու դէմ կարծիքներ կը բխին ամէն օր, որոշ մաս մը՝ անտեղի, մերթ մանկամտութեամբ լի, մերթ անտրամաբանութեամբ «ողողուած»։ Անշուշտ կարելի չէ անտեսել արդար ու ճիշդ քննարկումները:
Բաղդատականներ կատարուեցան պաղեստինցիին մերժողական «ո՛չ»-ին եւ հայորդիին անպաճոյճ ու գլխիկոր «հաշտուողականութեան» (իմանալ նաեւ պարտուողականութեան) միջեւ։ Քարտէսներով ալ, լափալիսեան իրականութեամբ եւ պարզամիտ տրամաբանութեամբ բացատրուեցաւ, թէ Կազան Միջերկրական ծովու ափին գտնուելով՝ առաւելութիւններ ունի, համեմատած Արցախի լեռնային կառոյցին եւ շրջափակումի ծանօթ վիճակին։ Քանի՞ հոգի իրազեկ է, որ Կազան յայտարարուած ու չյայտարարուած պաշարման տակ է տասնամեանկերէ ի վեր:
Սակայն չլսեցինք, որ ոեւէ մէկը մատը ճիշդ վէրքին վրայ կը դնէ եւ մատնացոյց կ’ընէ, որ պաղեստինեան քաղաքական ծիածանի լայնքին ու երկայնքին, պաղեստինեան ո՛չ մէկ կուսակցութիւն կամ կազմակերպութիւն, սկսելով աւելի «մեղմ» դասուած Մահմուտ Ապպասի («Ֆաթհ») ղեկավարութենէն՝ մինչեւ ծայրայեղական որակուող «Համաս»-ը կամ ուրիշներ՝ արտայայտուեցան… խաղաղութիւն մուրալու ոճով։ Մինչդեռ 19 Բաղրամեան պողոտայի վարձակալներուն «տեսութիւնները» կ’ըսեն, թէ խաղաղութիւն մուրալով ․․․ կա՛յ ու կա՛յ փայլուն ապագայ։
Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսերի վերոյիշեալ խօսքերը լաւապէս կը ներկայացնեն, աւելի՛ն՝ կը մերկացնեն ստեղծուած կացութիւնը։ Պաղեստինցիին համար կարելի չէ այսպէս շարունակել, գլուխ ծռել ու ենթակայ մնալ անարդար հիմերու վրայ կառուցուած համակարգի մը։ Արեւմտեան աշխարհին մէջ, ընդհանրապէս չեն ուզեր տեսնել, որ շահագործողն ու ճնշողն է, որ ստեղծեց այս դժնդակ կացութիւնը, իսկ ճնշուածն ու բռնադատուողը իր դիմաց գտաւ բիրտ ըմբոստացումի ուղին:
Գաղտնիք չէ: Իսրայէլի Քնեսէթը եւ զայն իր կամքին ենթարկող՝ աջակողմեան վարչապետ Նեթանիահուն, բազմաթիւ ներքին ցնցումներէ ետք, կառչած կը մնայ իր աթոռին, թիկունքին ունենալով իրմէ աւելի՛ ծայրայեղական կազմակերպութիւններ: Ան շարունակ ճնշեց եւ կը ճնշէ թէ՛ Պաղեստինի բնակիչները եւ թէ՛ նոյնիսկ այլախոհ հրեաները: Անմիջապէս ըսենք, որ սա չքմեղանքի վկայական չէ նախընթաց կառավարութիւններուն, ո՛չ ալ այն համախմբումին, որ իր շուրջ գոյացուց վարչապետը: Աշխարհը չանդրադարձաւ, եւ կը շարունակէ կոյր ձեւանալ իսրայէլեան բռնարաքներուն եւ պետական ոճիրներուն դիմաց, որոնք ամենայն դաժանութեամբ կը տեղան պաղեստինցիներուն գլխուն։ Անդին, Ուքրայինայի պատերազմի մասին խօսեցան եւ գործեցին աշխուժօրէն, մինչեւ իսկ կենդանաբանական պարտէզի մը մէջ… միագոյն ընձուղտի մը հազուդէպ ծնունդը աւետեցին։
Պաղեստինցիներու հանդէպ Նաթենիահուի եւ ետին կանգնող ուժերուն հետեւողական հալածանքն ու ահաբեկչութիւնը երբեք բեմահարթակ չեկաւ նախընթաց ամիսներուն, տարիներուն, բայց յանկարծ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7-ին եւ անկէ ի վեր, արեւմտեան քարոզչական «երգչախումբ»-ը անսահման արձագանգներով դատապարտեց «Աքսայի Ջրհեղեղ»-ը եւ զայն ներկայացուց իբրեւ «ահաւոր ահաբեկչութիւն»։ Խմբավարութիւնը յանձն առած են Ուաշինկթընի «իմաստունները», գործակից ունենալով կարգ մը եւրոպացիներ, որոնք ճիգ կ’ընեն արդարացնելու կազացիներու կոտորածը, չեն խօսիր արեւմտեան արտադրութեամբ ահաւոր զէնքերու եւ մինչեւ իսկ արգիլեալ ռումբերու օգագործման մասին…: Նկատելի է, սակայն, որ եւրոպական բեմին վրայ, իսրայէլեան խժդժութիւնները հաշտ աչքով չդիտող կայ, պաղեստինցիներու պահանջատիրութիւնը լսողներ ունի:
Այսօրուան «քաղաքակիրթ աշխարհ»-ին մէջ անընդունելի է ահաբեկչութիւնը, յատկապէս անմեղ ժողովուրդին հանդէպ։ Քստմնելի են հրեայ անմեղ բնակչութեան դէմ կատարուածը, որ ամէնայն ուժգնութեամբ՝ full force պատկերասփռուեցաւ։ Սակայն, արդեօք աւելի արդար պիտի չըլլա՞ր, եթէ արեւմտեան քարոզչական աշխարհի ոսպնեակները անցեալ փուլերուն, օրը օրին եւ աւելի՛ հաւասարակշռուած ու արդար ձեւով ցուցադրէին ճնշուողին եւ շահագործուողին դէմ ոճրային ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ստեղծած ահն ու սարսափը, իսկակա՛ն ահաբեկչութիւնը:
Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի անհանդուրժողութիւնը, միակողմանիութիւնը։
Երբ արդարութիւնն ու արդարամտութիւնը բացակայ են, ի՞նչ շահ՝ խաղաղութիւն մուրալէն: Այս ճշմարտութիւնը նորութիւն չէ պաղեստինցիներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնք չեն անտեսեր «Երկաթէ շերեփ»-ը իրենց ձեռքով գործածելու ընտրանքը:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական