Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սպասելի էր, որ Արցախի նախագահական ընտրութիւններէն ետք, աշխարհը չարձագանգէ, կամ նոյնիսկ կրաւորական դիրքորոշում որդեգրէ, նկատի ունենալով շրջանի պայթուցիկ կացութիւնն ու «մեծեր»-ու մութ հաշիւները։
Սպասելի էր, որ Արեւմուտքն ու իր քարոզչական միջոցները «չփողահարեն» Սամուէլ Շահրամանեանի Արցախի նախագահ ընտրութիւնը։ Նոյնիսկ ուղղուեցան բուռն քննադատութիւններ, մեկնաբաններ ըսին, որ պատահածը կ’արտացոլացնէ Արեւմուտք-Արեւելք սուր պայքարը, թէ՝ ուքրայինական ճգնաժամը կը տարածուի դէպի կովկասեան բարձրաւանդակ։
Դժբախտաբար, այս վիճակը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ ներհայկական իմաստով. Երեւան պաշտօնական շնորհաւորագիր մը չյղեց Արցախի նորընտիր նախագահին։
Եթէ վերլուծենք կամ բառ առ բառ, ուշադրութեամբ կարդանք Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զոյգ աթոռներուն լոյս ընծայած շնորհաւորագրերը, յստակ կը դառնայ, թէ ինչպիսի՛ նոր եւ մեծ հարցման նշանով մը կը փայլի Երեւանի ներկայ ղեկավարութեան գործընթացին վերեւ։
Յստակ են վարչապետ Փաշինեանի մօտեցումները եւ երկար մեկնաբանութիւններու չեն կարօտիր։ Իր ղեկավարութեան օրերուն, ահաւոր պատերազմ մը պարտուելով, ապա առանց գիտակցելու (կամ դիտմամբ), վերստին ընտրուելով, բանակ քայքայելով եւ դիւանագիտութիւնը կաթուածահար ընելով, ան երկիրը կը շարունակէ տանիլ դէպի նոր անդունդներ, խղճի ամենայն հանդարտութեամբ աննահանջ կը կատարէ իրեն վստահուած «պարտականութիւն»-ը։
Ոչ ամբողջական, թերիներով ծանրաբեռնուած եւ երբեմն անհաւասարակշիռ ու անկապ արտայայտութիւններով (որոնց մէկ ցայտուն օրինակը՝ վերջերս Իտալիոյ «Լա Ռեփուպլիքա» թերթին հետ), Հ․Հ․ վարչապետը առիթ ստեղծած է, որ դիւանագիտական բեմահարթակին վրայ ստեղծուի թէ՛ պարապութիւն եւ թէ՛ անտիրութիւն։
Վերջերս, Հայաստանի մէջ հայ-ամերիկեան խորհրդանշական ռազմափորձերու լոյսին տակ, Ռուսիոյ նախագահ Փութին, առիթը օգտագործելով՝ սուր քննադատութիւն ուղղեց Երեւանի վարիչներուն հասցէին, շեշտելով, որ «Եթէ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս ճանչցած է, վե՛րջ, ալ ինչի՞ մասին է խօսքը»։ Հիմա, Փաշինեան կրնայ բարձրաճակատ նայիլ արեւմուտքցի իր պատուիրատուներուն աչքերուն եւ յոխորտալ, որ արժանացած է անոնց թշնամիին՝ Ռուսիոյ քննադատութեան…
Արդեօք այդ պատճառով չէ՞, որ նոյնիսկ սնունդի մատակարարումը դարձած է պատանդ։
Ո՞վ պիտի կարենար մատակարարել Արցախի նահատակուող բնակչութեան կենսական կարիքները. Արեւմո՞ւտքը, թէ՞ Մոսկուան։ Արեւմուտքը, ըստ սովորութեան, մնաց յայտարարութիւններու սովորութեան հաւատարիմ, իսկ երկորդը կրցաւ լուծում մը գտնել եւ Ակնայի (Ասկերան) ճամբով ուղարկեց սննդամթերքը: Այս քայլը, իր կարգին դուռ բացաւ այլ հարցադրումներու եւ յետ-ընտրական վերագրումներու, թէ ի՞նչ պայմաններու տակ, փոխան «յոյսի ճանապարհ»-ին (Բերձոր), օգտագործուած է «մահուան ճանապարհ»-ը։
Սյսպէս աւարտեցաւ սննդամթերքով բեռցուած փոխադրակառքերու ժամացոյցի դէմ մրցումներէն մէկը, իսկ թէ յաջորդը ի՞նչ պայմաններու տակ պիտի կատարուի․․․։
Փաշինեան ինքզինք հետզհետէ աւելի կը մխրճէ անել կացութեան մը մէջ. տարբեր բան կարելի չէ սպասել, ի տես աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր իր կուտակած սխալներուն:
Ալ ինչպէ՞ս չհասկնալ անոր մէկ արտայայտութեան խորքը, ի պատասխան վարձկան լրագրողի մը հարցումին, թէ ինչո՞ւ չէ շնորհաւորած նորընտիր նախագահը: Փաշինեանի ակնոցով (երբեմն ակնոց կը գործածէ…), շնորհաւորելու բան չկայ, ծանր պիտի ըլլայ անոր բեռը, ու «․․․Բարի երթ կը մաղթեմ»-ով մըն ալ աւարտեց է իր կիսատ-պռատ, անհոգի կմկմոցը։
Յամենայնդէպս, Փաշինեանի մը կողմէ շնորհաւորագիր մը ո՛չ յաւելեալ վարկանիշ պիտի ապահովէր Արցախի նորընտիր նախագահին, ո՛չ ալ բան մը պիտի պակսեցնէր անոր ստանձնած առաքելութեան ծանրութենէն: Շատո՜նց է, որ Արցախը կ’ապրի օրհասական փուլ մը, որ կ’երկարի ու կ’երկարի: Դրականը ա՛յն է, որ արցախցիք՝ ժողովուրդն ու քաղաքական ղեկավարութեան մեծ մասը միաձայնութիւն գոյացուցած են, վճռած են ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ իրաւունքներու պայքարը շարունակել աննահանջ, գիտեն, որ առանձնակի անհատներ կամ կուսակցութիւններ չեն կրնար իրականացնել ծանր պարտականութիւնը, ու ամէնէն կարեւորը՝ կը մերժեն իրենց հողը տեսնել Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ, ի՛նչ որ ալ ըլլան ինքնարդարացումի՝ «Իմ Քայլ»-ական հին ու նոր փորձերը: Արցախի մէջ օր ըստ օրէ վերստին կ’արմատաւորուի այն կամքն ու ոգին, միասնութիւնը, որ յաղթանակի հասցուց աւելի քան 30 տարի առաջ սկսած անհաւասար ու դժուարին պայքարը:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական