Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աշխարհն ամբողջ տագնապի մէջ է:
Տագնապի մէջ էինք արդէն Լիբանանի մէջ, իսկ այսօր «Քորոնա»-ի աղէտը գլեց անցաւ ամէն նախատեսութիւն:
Անկախ պետական մակարդակի նախաձեռնութիւններէն, փաստօրէն իւրաքանչիւր համայնք կամ կազմակերպութիւն ինք եւս շնորհակալ գործ կը կատարէ` հասնելու ժողովուրդին եւ թեթեւցնելու անոր պարտադրուած բեռը:
Հայ համայնքը եւս իր կազմակերպուածութեամբ, սահմանափակ կարելիութիւններով առաւելագոյն ճիգը ի գործ կը դնէ հասնելու իր զաւակներուն:
Համայնքային կառոյցներ, կուսակցութիւններ, միութիւններ եւ դեռ անհատներ ճգնաժամային այս օրերուն ժողովուրդին կողքին են:
Կարեւորը հասցէն չէ, ոչ ալ անունը, թէ` ո՛վ է օժանդակողը:
Այսօր ոչ պատիւ փնտռելու, ոչ ժողովրդականութիւն ապահովելու, ոչ անուն փայլեցնելու, ոչ անտեղի քննադատութիւն կատարելու, ոչ խծբծանքի եւ անիմաստ գրառումներու, ոչ մեծամտութեան եւ ոչ ալ յարգանք կամ փրոթոքոլ ակնկալելու ժամանակն է:
Այսօր միա՛յն գործի ժամանակն է:
Ձեռնածալ մնալու իրաւունք չունի ոեւէ անհատ, որ յանձնառու է կամ պատասխանատուութիւն ստանձնած է մեր ընդհանրական կեանքին մէջ:
Նաեւ ոչ ոք իրաւունք ունի զանազան պատրուակներով իմաստուն կարծիքներ տալու` տունը նստած առանց մատի ծայրով իսկ օժանդակութեան արշաւին կամ ընդհանուր պայքարին մասնակից ըլլալու:
Ոչ ալ ժամանակն է շահագործումի:
Տուփ մը աւելի, կտրօն մը պակաս, կանուխ կամ ուշ, յարմար վաճառանիշ կամ ոչ… Այս բոլորը հաւաքական մեր կամքը երբեք պէտք չէ կտրեն, ոչ ալ այս ճգնաժամէն դուրս գալու վճռակամութենէն բան մը պէտք է պակսեցնեն:
Կարեւորն ու առաջնահերթութիւնը մեր ժողովուրդն է:
Այո՛, Լիբանանի մեր համայնքը:
Եւ առանց բարդոյթի:
Բոլոր համայնքները, բոլոր կուսակցութիւնները նոյնը կ՛ընեն: Մենք ալ յաւելեալ զգայնութեան կարիքը չունինք:
Տագնապը կը հարուածէ բոլորս:
Առաքելականը, կաթողիկէն եւ աւետարանականը, նոյնիսկ անհաւատը:
Հնչակեանը, ռամկավարը եւ դաշնակցականը, բարեգործականը եւ անկուսակցականը, ինքզինք անկախ նկատողը, հայութենէ հեռացած հայու անուն կրող մեր հայրենակիցը, հայախօսն ու արաբախօսը:
Բոլորս նոյն դանակին տակն ենք:
Գիտնանք մոմ վառել, մութն անիծելու փոխարէն:
Գիտնանք գնահատել, փոքր թերութիւն մը քննադատելու փոխարէն:
Նայեցէք ձեր շուրջը, հետեւեցէք մամուլին, ձայնասփիւռին, ընկերային ցանցերուն, տեսէք հայ տղաքն ու աղջիկները, միութենականները, որոնք իրենց ծնողքը տունը ձգած, անհատականը մոռցած, հաւաքականի ի նպաստ կը գործեն եւ հայ մեծ ընտանիքին ծառայութեան լծուած են:
«Ի՞նչ կ՛ընէք, որ…» ըսելու տեղ, տեսէք ու հետեւեցէք, թէ ի՛նչ կը կատարուի:
Աւելիով տանք, առնելու փոխարէն:
Տանք առանց դիմումի սպասելու:
Պիտի անցնի այս փոթորիկն ալ, եւ դարձեալ պիտի մնանք միասին:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
aztagdaily.com