կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-15 23:03
Սփյուռք

Հայ Դատի յանձնախումբը նամակարշաւով Գանատայի արտգործ նախարարէն կը պահանջէ դատապարտել Պաքուի յարձակողապաշտութիւնը

Հայ Դատի յանձնախումբը նամակարշաւով Գանատայի արտգործ նախարարէն կը պահանջէ դատապարտել Պաքուի յարձակողապաշտութիւնը

Չորեքշաբթի, 15 Յուլիս 2020-ին, Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակը հրապարակեց կոչ մը՝ «TAKE ACTION NOW AND STOP AZERBAIJAN» խորագրով, որուն մէջ կը դատապարտէր Ատրպէյճանի սադրիչ յարձակումները Հայաստանի Հիւսիսարեւելեան շրջաններու ուղղութեամբ, յայտնելով որ այս արաքը կը խաթարէ համաճարակի եւ հրադադարի պահպանման միջազգային կոչերը եւ կը խախտէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։

Կոչը նաեւ կը յորդորէր ե-նամակ յղել Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարարութիւն, եւ նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնէն խնդրել անյապաղ դատապարտել Ատրպէյճանի յարձակումներն ու պատերազմական գործունէութիւը, ինչպէս նաեւ աջակցիլ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։

Աւարտին, Հայ Դատի Գրասենեակը կը հաստատէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան որեւիցէ խախտում անընդունելի է եւ պէտք է դատապարտուի Գանատայի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ։

anccanada.org