կարևոր
3115 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-30 16:54
Քաղաքական

Պաքուի ուզած համաձայնութիւնը

Պաքուի ուզած համաձայնութիւնը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթթահ Սիսիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անգամ մը եւս կրկնեց Արցախի հարցը արդէն լուծուած ըլլալու մասին իր յայտնի յանկերգը։

«Հայ-ատրպէյճանական ղարաբաղեան հակամարտութիւնը աւարտած է, այդ հակամարտութիւնը արդէն լուծուած է։ Ղարաբաղը կը մնայ Ատրպէյճանի անբաժանելի մասը եւ միշտ այդպէս պիտի ըլլայ», պնդած է Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Սակայն խաղաղութիւնը տակաւին ձեռք չէ բերուած։ Խաղաղութեան պայմանագիրը, որ պիտի ստորագրուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, պիտի հանգեցնէ խաղաղութեան ձեռքբերման»։

Ատրպէյճանի բռնապետը պարզապէս կը ստէ, եւ այդ ալ բացայայտօրէն ու գիտակցաբար։ Արդարեւ, եթէ Ալիեւի ըսածը ճիշդ ըլլար՝ Արցախի հարցը իսկապէս լուծուած ըլլար, ան իր «բնապահպաններ»-ուն պիտի չհրամայէր փակել Բերձորի միջանցքը։

Ատրպէյճանի նախագահը արցախահայութիւնը շրջափակման ենթարկելով, Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հռչակագիրը խախտելով՝ անուղղակի բռնագաղթի քաղաքականութիւն կիրարկելով ի վերջոյ ի՞նչ կը փորձէ լուծել։ Արդեօ՞ք Արցախի հիմնահարցը։ Ան քաջ գիտէ, որ Արցախի Հանրապետութեան 1/3-ը տակաւին անկախ, ազատ ու կանգուն կը մնայ, ուստի եւ հարցը չի կրնար փակուած ըլլալ՝ մանաւանդ երբ պարբերաբար կը հնչեն յայտարարութիւններ, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը տակաւին չէ լուծուած»։

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Լին Թրէյսի 31 Մայիս 2022-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի առիթով «Արմէնփրէս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ընդգծած էր. «Անշուշտ, Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը տակաւին կը մնայ չլուծուած» , ապա դիւանագիտական ոճով արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը մատնանշելով աւելցուց. «Միացեալ Նահանգներ կը ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դերակատարութիւնը իր ապագան որոշելու հարցին մէջ»։

Այս դիրքորոշումը միայն ամերիկեան չէ, արդարեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւս, 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուող եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն հազիւ 8 օր ետք՝ 17 Նոյեմբեր 2020-ին յայտարարեց. «Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը տակաւին չէ որոշուած, ատիկա պիտի որոշուի ապագային»։ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւս հինգ օր առաջ՝ 12 Նոյեմբեր 2020-ին նշած էր. «Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պիտի որոշուի շրջանի բնակիչներու իրաւունքներու յստակացումէն ետք»։ Մոսկուայի այս դիրքորոշումը մինչեւ օրս կը մնայ անփոփոխ։

Միւս կողմէ՝ Ալիեւ ճիշդ է երբ կը նշէ, թէ «խաղաղութիւնը տակաւին ձեռք չէ բերուած»։ Երբ ատրպէյճանական կողմը շրջափակման կ’ենթարկէ արցախահայութիւնը եւ կը փորձէ զայն սովամահ ընել, բնական է, որ այդ քայլը ոչ միայն մեծ հարուած կը հասցնէ երկու կողմերուն միջեւ վստահութեան ձեւաւորման, որուն ուղղութեամբ միջազգային ջանք կը թափուի, այլ՝ ինչպէս Ուաշինկթըն շարունակ ու իրաւամբ կը մատնանշէ, Պաքուի այդ քայլը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջխաղացքը։

Ամերիկեան կողմէն հնչող այդ վերաբերեալ նորագոյն յայտարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Քերըն Տանֆրիտինն է, որ «Ամերիկայի ձայն»-ի հայկական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին մէջ վերյիշեցուց ամերիկեան կողմի այդ դիրքորոշումը յայտարարելով. «Լաչինի միջանցքի շուրջ տիրող կացութիւնը խոչընդոտ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ հոլովոյթի յառաջխաղացման»։

Ատրպէյճանի անմիջական ուզածը, սակայն, խաղաղութեան համաձայնագիր չէ, այլ՝ անձնատուութեան համաձայնագիր։ «9 Նոյեմբեր 2020-ին այդպիսի պայմանագիր մը ձեռք բերինք, ինչո՞ւ ոչ անգամ մը եւս» , կը մտածեն ատրպէյճանական իշխանութիւնները։ Ահա այդ պատճառով ալ կը փակեն Արցախի Հանրապետութիւնը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան՝ Բերձորի միջանցքը, փորձելով ծունկի բերել հայ ժողովուրդը եւ անգամ մը եւս անկէ անձնատուական համաձայնութիւն մը խլել։ Իսկ վերջնական նպատա՞կը։

Պաքուի վերջնական նպատակը Արցախի հայաթափումն է։ Գորիս-Ստեփանակերտ ճամբու շրջափակումէն գրեթէ մէկ ամիս ետք՝ Ալիեւ 11 Յունուար 2023-ին Ատրպէյճանի յառաջատար պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ հեռարձակուած աւելի քան երեք ժամ տեւողութեամբ հարցազրոյցի ընթացքին թափանցիկ կերպով նշեց, որ արցախայերը կա՛մ պէտք է լքեն երկրամասը, կա՛մ ալ ատրպէյճանական քաղաքացիութիւն ընդունին։ «Ով որ չ’ուզեր մեր քաղաքացին ըլլալ, Լաչինի ճամբան փակ չէ, բաց է» , ժպիտը դէմքին ըսաւ ան։ Իսկ ի՞նչ պիտի պատահի անոնց, որոնք որոշեն Ատրպէյճանի քաղաքացի ըլլալ։

Ալիեւ 15 Հոկտեմբեր 2022-ին ԱՊՀ-ի անդամ պետութիններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ այդ հարցումին պատասխանը տուաւ. «Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի ապահովուին Ատրպէյճանի սահմանադրութեան համաձայն»։

Ալիեւ նախապէս ալ յայտարարած էր, թէ արցախահայերը նոյն իրաւունքները պիտի ունենան, ատրպէյճանցի մնացեալ քաղաքացիներուն նման։ Նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճանը բռնատիրական պետութիւն մըն է եւ անոր քաղաքացիներուն «վայելած իրաւունքները» բոլորին յայտնի՝ անոր այդ խոստումը հայ բնակչութեան ոչ մէկ բարիք կը խոստանայ, մանաւանդ եթէ նաեւ նկատի ունենանք պետական մակարդակի վրայ կիրարկուող ու ջատագովուող հայատեացութեան քաղաքականութիւնը։ Հայու մը վիճակը շատ աւելի վատ պիտի ըլլայ, քան այդ մենատիրական պետութեան ամէնէն յետին ու ամէնէն իրաւազուրկ քաղաքացիինը։

Մեկնելով այդ իրողութենէն, Ուաշինկթըն կը գիտակցի, թէ գլխաւոր խնդիրը արցախահայութեան անվտանգութիւնն է, ահա թէ ինչու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս 25 Յունուար 2023-ին՝ մանրամասնօրէն նշելէ ետք Բերձորի միջանցքի փակման ստեղծած մարդասիրական խնդիրները յայտարարեց. «Մենք կը կարծենք, որ անհրաժեշտ է գտնել այս փակուղիէն դուրս գալու լուծում մը, որ պիտի ապահովէ տարածքին մէջ ապրող բնակչութեան անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը»։

Միջազգային ընտանիքը, սակայն, ի վերջոյ պէտք է գիտակցի, որ մնայուն, իսկական ու արդար լուծումի մը ապահովման համար պէտք է յարգել արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ ճանչնալ այդ իրաւունքի կիրարկմամբ, անոր հռչակած Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Հայրենիք»