կարևոր
4987 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-06 12:07
Սփյուռք

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց` Վճռական Հակազդեցութիւն Ցուցաբերելով Արգելակելու Պաքուի Ցեղասպանական Ծրագիրը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց` Վճռական Հակազդեցութիւն Ցուցաբերելով Արգելակելու Պաքուի Ցեղասպանական Ծրագիրը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց. «3 դեկտեմբերին քաղաքային հագուստներով խումբ մը ազրպէյճանցիներ բնապահպանական պատճառաբանութեամբ Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկի կէտին վրայ փակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին: Հայաստանը եւ Արցախը իրարու կապող միակ ցամաքային ճամբու փակումը ազրպէյճանական չհրահրուած յարձակումին վերջ տուած 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան բացայայտ խախտում մըն է:

«Մինչ 3 ժամ տեւողութեամբ բանակցութիւններէ ետք ճամբան վերաբացուեցաւ, յստակ է, որ այս սադրանքին անմիջական նպատակը քաղաքային բնակչութիւնը հոգեբանական ահաբեկման ենթարկելն է, իսկ գլխաւոր նպատակը միջազգային ընտանիքին մարդու իրաւունքները պաշտպանելու վճռականութիւնն ու լրջութիւնը փորձելն է: Տկար հակազդեցութիւն մը ազրպէյճանական բռնապետութիւնը աւելի յանդուգն պիտի դարձնէ` գոյութենական կարեւորութիւն ունեցող այս կենսական ճամբան փակելու եւ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքային բնակչութիւնը պաշարումի ենթարկելու առումով:

«Միջադէպը կու գայ ընդգծելու Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան դիմագրաւած գոյութենական վտանգը: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` ուժեղ ու վճռական հակազդեցութիւն ցուցաբերելու` արգելակելու համար ազրպէյճանական վարչակարգի ցեղասպանական ծրագիրի գործադրումը»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ նոյն պարունակութեամբ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Իրանի դեսպաններուն: