կարևոր
1798 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-08-17 14:53
Քաղաքական

Դաշնակցական Երիտասարդն Ու Հայ Դատի Աշխատանքները

Դաշնակցական Երիտասարդն Ու Հայ Դատի Աշխատանքները

Ոեւէ ազգի մէջ երիտասարդութիւնը հասարակութեան ամէնէն կենսունակ ու աշխուժ տարրը կը ներկայացնէ: Անկէ կախեալ է բաւարարաչափ աշխատուժի եւ տնտեսական բարօրութեան ու աճի գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ` պետութեան ու ազգի անվտանգութիւնն ու ապագան:

Թշնամիները լաւապէս կը գիտակցին այս բոլորին: Հայոց ցեղասպանութեան առաջին թիրախները երիտասարդութիւնն ու մտաւորականութիւնն էին: Երիտասարդութիւնը` իբրեւ ժողովուրդին ֆիզիքական ուժը, դիմադրութեան կարողութիւնը, իսկ մտաւորականութիւնը` իբրեւ ժողովուրդին միտքը, կողմնորոշուելու կարողութիւնը:

Իրականութեան մէջ, սակայն, երիտասարդութիւնը, որակական առումով, մէկ ու միատարր ամբողջութիւն մը չէ: Հայ երիտասարդութեան մէջ նշմարելի են երեք հատուածներ` կրաւորականը, ներգործողն ու անոր ենթաբաժանումը կամ ընտրանին, որ կարելի է կոչել գերներգործող երիտասարդութիւն:

Կրաւորականը կազմուած է երիտասարդներէ, որոնք կեդրոնացած են «ես»-ի վրայ: Անոնք ազգային դատ ու պայքար ունեցող ազգերու համար ժխտական ու վատառողջ երեւոյթ մըն են: Քաղքենիացած են, անտարբեր, թուլամորթ ու եսակեդրոն են: Անոնց ուշադրութեան կեդրոնը ներկան ու անցողիկն են: Քաղաքականութեամբ հետաքրքրուած չեն, կը խուսափին ու հեռու կը մնան անկէ` յաճախ փորձելով իրենց էութիւնը թաքցնել անկողմնակալութեան առ երեւոյթ վսեմ ու դրական, սակայն իսկութեան մէջ կեղծ նշանաբանի շղարշով:

Անոնց մօտ «մենք»-ի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը եթէ յառաջանայ, պարագայական է, իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ին կամ ազգային-կրօնական մեծ տօներու ընթացքին ձեւական կերպով երեւան եկող: Անոնք սթափելու եւ իրենց թմբիրէն դուրս գալու համար կարիքը ունին մեծ ցնցումի մը, ինչպէս տրոփելէ դադրած սիրտ մը վերստին տրոփելու համար կարիքը կ՛ունենայ ելեկտրական ցնցումին, որ, սակայն, միշտ չէ, որ արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ:

Այսպիսիները ջայլամի քաղաքականութիւն է, որ կը վարեն, սակայն պէտք է ականջ տան յոյն հնադարեան պետական գործիչ Փերիկլէսի (ՔԱ 495-429) այն զգուշացումին, որ երբ քաղաքականութեամբ չես հետաքրքրուած, այդ չի նշանակեր, որ քաղաքականութիւնը քեզմով չէ հետաքրքրուած… Ան կ՛աւելցնէ, որ անոնք, որոնք քաղաքականութեան նկատմամբ անտարբեր են, կրնան վերապրիլ միայն, երբ կը վայելեն աջակցութիւնը մարդոց, որոնք կարող են գործ կատարելու: Այդ մարդիկը ներգործող երիտասարդներն են:

Վերջինս կազմուած է երիտասարդներէ, որոնք «մենք»-ի վրայ կեդրոնացած են, առանց, սակայն, ամբողջովին անտեսելու «ես»-ը: Ի տարբերութիւն վերոնշեալներէն` այս երիտասարդութեան ուշադրութեան կեդրոնը ապագան ու մնայունն է: Այս երիտասարդութիւնը ներուժ է, իտէալապաշտ, գաղափարապաշտ, ազգասէր, հայրենասէր, խանդավառ ու քաջ է: Քաջ է, որովհետեւ, անձէ անձ տարբերող համեմատութեամբ, «ես»-էն կը հրաժարի` ի նպաստ «մենք»-ին:

«Այն մարդիկ, որոնք բաւականաչափ խենթ են կարծելու, թէ կրնան աշխարհը փոխել, անոնք են, որ զայն կը փոխեն». ամերիկացի բանաստեղծ Ի. Ի. Քամինկզի այս խօսքը լաւագոյնս կը պատշաճի ներգործող երիտասարդութեան, որ կրաւորականներուն կողմէ յաճախ խենթ կը նկատուի:

Այս «խենթերուն» գլխաւոր զէնքը հաւատքն է. անոնք կը հաւատան, որ կրնան փոխել, նաեւ կը հաւատան, որ այն, ինչ որ կ՛ընեն, որքան ալ տուեալ պահուն աննշան կը թուի, իմաստ ու դրական ազդեցութիւն ունի: Անոնք կը գիտակցին, որ ծովը, ի վերջոյ, ջուրի կաթիլներէ կազմուած է:

Գոյութիւն ունի նաեւ անոնց ենթահատուածը` ընտրանիները կամ գերներգործողները, որոնք իրենց «ես»-ը ամբողջութեամբ կը զոհեն «մենք»-ի սիրոյն: Անոնցմէ էին Լիզպոնի հինգը: Սակայն նահատակները այս հատուածին միակ անդամները չեն, որովհետեւ գոյութիւն ունին նաեւ «կենդանի նահատակներ»` մարդիկ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը, ժամանակն ու ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են ազգին ու հայրենիքին վրայ: Անոնցմէ էր, օրինակ, Ռուբէն Տէր Մինասեանը: Անոր կեանքէն դրուագ մը լաւագոյնս կը ներկայացնէ կենդանի նահատակութեան օրինակը:

Ռուբէնը կուսակցութեան կողմէ կը գործուղուի Կարս եւ օր մը ճամբան քալած ատեն ինքզինք կը գտնէ իր կողակիցին հետ դէմ դիմաց: Անոր կինը անակնկալի եկած` կը հարցնէ, թէ երբէն ի վեր կը գտնուի քաղաք. Ռուբէն կը խոստովանի, որ` արդէն որոշ ատենէ մը ի վեր: Կինը կը խնդրէ, որ նաեւ ժամանակ գտնէ եւ գոնէ անգամ մը տուն այցելէ եւ իր զաւակները տեսնէ:

Ներգործող երիտասարդութեան առաքելութիւնը նաեւ իր շրջապատը խանդավառելն ու քաջութիւն ներշնչելն է: Ան այդ մէկը պէտք է կատարէ իր օրինակով, բարոյական կերպարով ու գործով:

Այսօր, երբ Հայ դատի աշխատանքներն ու ինքնին Հայ դատը կանգնած են մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց, դաշնակցական երիտասարդը բնականաբար պէտք է կառչած մնայ իր ազգային ու կուսակցական սկզբունքներուն ու արժեհամակարգին: Միւս կողմէ` «Արաբական գարուն»-ին մէջ ակներեւ էր երիտասարդութեան եւ անոր օգտագործած արդիական միջոցներու դերակատարութիւնն ու քաղաքական գետնի վրայ ընկերային ցանցերու ժողովուրդը կազմակերպելու ազդեցութիւնը: Ուստի դաշնակցական երիտասարդը պէտք է նաեւ քայլ պահէ եւ ազդու կերպով օգտագործէ նորարարութիւնները:

Դաշնակցական երիտասարդութիւնը թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ճակատի վրայ Հայ դատի աշխատանք ունի կատարելիք: Քարոզչական գետնի վրայ այդ աշխատանքին ամէնէն պարզ ու անմիջական կէտերն են` իրազեկումը, հակազդումը եւ դիրքորոշման ներկայացումը:

Այդ աշխատանքը կատարելու համար բնականաբար պէտք է լաւատեղեակ ըլլալ, սակայն ատիկա բաւարար չէ. հայ երիտասարդը պէտք է իւրաքանչիւրին հետ խօսի «անոր լեզուով», անոր հասկնալի լեզուով ու բառամթերքով, ինչպէս նաեւ` իր խօսքը հասանելի դարձնող միջոցներով:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com