Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայ ժողովուրդի իրողութեան մէջ յատուկ նշանակութիւն ունի գաղթավայրերը, որոնք հանգրուանելու առաջին վայրերը եղան տարագրուած ժողովուրդի մը, որ հարկադրուած էր բոլորովին օտար նոր հորիզոններու մէջ կեանք կերտելու։ Սերունդներ այսօր ինչ պայմաններու մէջ որ ապրին, չեն մոռցած իրենց նախնեաց այդ ապրումները եւ հիմա կը փորձեն զանոնք փրկել մոռացութեան ճիրաններէն։ Արդարեւ 6 Մայիսին Նէա Զմիռնի թաղի մէջ «Արմենիքա» յունարէն եռամսեայ պարբերաթերթի կողմէ կազմակերպուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը չմոռնալու այդ պայքարի մերօրեայ դրսեւորումներէ մէկն է։ Ժամանակի ընթացքին հազուագիւտ դարձած այդ լուսանկարները կը ցոլացնեն մանաւանդ 1922-ի Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք Յունաստան ապաստանած հայերու դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Այսպէս ի մի բերուած են բազմաթիւ պատմական լուսանկարներ, որոնք նոր սերունդներուն պատկերացում մը կու տան անցեալի ապրումներուն մասին։ Լուսանկարները կը ցոլացնեն յատկապէս երկու կարեւոր գաղթակայաններու՝ Տուրղութիի եւ Գոքինիոյ առօրեայ կեանքէն հատուածներ։
Ցուցահանդէսի բացման հանդէսին ներկայ էին Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, յունահայոց ազգային վարչութեան, Դաշնակցական կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի, Կարմիր Խաչի, «Համազգային»ի եւ «Ազատ Օր» օրաթերթի ներկայացուցիչներ։
Նշենք որ, ցուցադրուած նիւթերը հաւաքուած են «Արմենիքա», «Ազատ Օր» թերթերու յունահայ միութիւններու եւ կարգ մը ընտանիքներու հաւաքածոներէն։ Ցուցահանդէսի բացումը կատարեց տիկին Վերժին Կարապետեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Նէա Զմիռնիի քաղաքապետին եւ մշակութային հաստատութիւններուն այս միջոցառման իրենց բերած նպաստին համար։
Ան նաեւ նշեց, թէ ցուցահանդէսը պիտի այցելեն հայկական վարժարաններու աշակերտները, իրենց ուսուցիչներով, որպէսզի իրազեկ դառնան գաղութի առաջին տարիներու պատմութեան։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 31 Մայիս։
«Ակօս»