կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-05-11 22:45
Սփյուռք

«Եթէ ՀՀ կառավարութիւնը չուզենար որ ընդունուի…», կամ՝ Հայ Դատի պահանջատիրութեան սպառնալիքը

«Եթէ ՀՀ կառավարութիւնը չուզենար որ ընդունուի…», կամ՝ Հայ Դատի պահանջատիրութեան սպառնալիքը

Մտածենք Սփիւռքի մասին

Այդ «պետական մտածողութիւնը» կառուցուած է ի հակասութիւն «հայդատականութեան», որպէս «իրապաշտութիւն» ընդդէմ Սփիւռքի զօրաշարժի «գաղափարականութեան»:

Խ. Տէր Ղուկասեան

Լենա Նազարեանի Թուրքիոյ հետ «չթշնամանք»ի սոփեստութենէն յետոյ, Նիկոլ Փաշինեանը 10 Մայիս 2021-ին, Խորհրդարանի նիստի իր ելոյթին մէջ, ահաւասիկ, հռետորական հարց կու տայ՝ «թուրքը մեր թշնամին ա, թէ մեր թշնամին չի», և ինքնիրեն կը պատասխանէ. «այո, դա որևէ մէկի յայտարարութեամբ չի որոշւում, դա պատմական իրողութիւն ա: Մենք ուրիշ բան ենք ասում, ասում ենք այդ թշնամանքը պէտք է կա-ռա-վար-ուի:»

Մէկ կողմ ձգենք թշնամանքի «կառավարման» առեղծուածը, որ քաղաքագիտական որևէ տեսութիւն այնպէս ալ դեռ չէ անդրադարձած իմաստին ու գործնականացման: Փաշինեանի Հայրենասիրական ու հայասիրական այս թեքումը այնքան ալ առեղծուածային չէ: Քառասուն օրէն ՀՀ Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւններն են: Եռաբլուր իր այցելութեան, զոհուած զինուորներու շիրիմներու առաջ խորնարհումներուն, ծնկաչոք գալուն, խաչակնքելու այդ մեծ բեմականացման համահունչ ելոյթներ ալ անհրաժեշտ են:

Անհրաժեշտ է սակայն կանգ առնել նոյն այդ ելոյթին մէջ ԱՄՆ-ի Նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման մասին իր անդրադարձին վրայ. «Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ուզենար որ չընդունուի, կամ չուզենար որ ընդունուի, այս բանաձևը, դա միանշանակ տեղի կ’ունենար»:

Մէկ կողմ ձգենք այս մեծամիտ գոռոզութեան ծիծաղելիութիւնը և պարապ տեղը չփորձենք հասկնալ, թէ ինչպէս կրնայ ըլլալ որ ՀՀ կառավարութիւնը աշխարհի գեր-հզօր ուժի Նախագահին կրնայ թելադրել ինչ ըսել կամ չըսել:

Անտեսենք նաև որ առնուազն վիրաւորական է ԱՄՆ-ի հայ համայնքի քառասունամեայ զօրաշարժին, համայնքի ամէն հայորդիի որ իր լուման ու ժամանակը տրամադրեց նորէն ու նորէն առանց երբե՛ք վհատելու ձախողութիւններէն, քաղաքական այն անդուլ աշխատանքին որ համայնքային կազմակերպութիւնները, ի մասնաւորի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբը, առաջ տարին տարուէ տարի յաւելեալ մասնագիտութեամբ այնքան կազմակերպուած ու ազդեցիկ որ միջազգային յարաբերութիւններու տեսաբաններ երևոյթը նկատի առած են որպէս ուսումնասիրութեան պարագայ, այն անցեալի թէ ներկայի ծանօթ ու անծանօթ նուիրեալներուն, որոնց մի ոմն Փաշինեան չարաշահելով իր վարչապետի իր պաշտօնը արհամարհեց Ազգային Ժողովի մէջ, ուր և չգտնուեցաւ ոչ իսկ մէկ պատգամաւոր իր ձայնը չբարձրացնէր ի պաշտպանութիւնը Սփիւռքի հայութեան այդ հատուածին…

Պահ մը նաև մոռնանք, որ Փաշինեանի բերնէն ելած ամէն խօսք պիտի անպայմանօրէն վերլուծել նկատի ունենալով իր հոգեբանական գործօնը սկսած իր աներեսութենէն մինչև իր ինքնասիրահարուածութիւնը, մեծամտութիւնը և, անշուշտ, ապիկարութիւնը:

Փաշինեանին ընդմէջէն նման բանաձևում կը հնչուի ՀՀ կառավարութեան ամենաբարձր մակարդակով: Որպէս այդպիսին, թէկուզ և այն հրապարակային եղաւ վերոյիշեալ բոլոր հանգամաքներով յատկանշուած քաղաքական գործիչի մը կողմէ, այնուամենայնիւ բացայայտ կը դարձնէ Հայ Դատի պահանջատիրութեան սպառնալիքը որ կու գայ նոյնիքն այսպէս կոչուած պետական տրամաբանութենէն, Ռէզոն տ’Էթայէն իսկ:

Անցեալին այդ մէկը տեսանք ե՛ւ բացայայտ ու կոպիտ կերպով Լևոն Տէր Պետրոսեանին «պետական մտածողութեան» ընդմէջէն, ե՛ւ գաղտնագողի Ռոպերթ Քոչարեանի ժամանակ ի դէմս հայ-թրքական հաշտութեան յանձնաժողովին, ե՛ւ դիւանագիտական աճպարարութեամբ Սերժ Սարգսեանի Փրոթոքոլներուն հետ:

Ի տարբերութիւն Լևոն Տէր Պետրոսեանի, միւս երկու նախագահներ ետքայլ ըրին, Սերժ Սարգսեանի պարագային կարելի է մինչև իսկ ըսել որ Հայ Դատի հահանջատիրութիւնը կարողական կարևոր յառաջընթաց արձանագրեց ի դէմս Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի Համահայկական Հռչակագրով -միակ համահայկական փաստաթուղթը, որուն գործնական արժևորումը այնպէս ալ չտրուեցաւ:

Նիկոլ Փաշինեանին հետ բազմացան հրապարակային ելոյթները և բոլո՛րը տեղադրուեցան Փի.Ար.-ի պահանջարկի պայմանաւորումներուն մէջ, որովհետև Փի.Ար.-ը ԻմՔայլականներուն հետ համահարթուեցաւ քաղաքականութիւն ընելու հետ:

Անոր համար ալ հակասական պէտք չէ թուան Լենա Նազարեաններուն Թուրքիոյ հետ «չթշնամանք»ը և Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը թէ Թուրքիոյ թշնամանքը «պատմական իրողութիւն է»: Պետական խօսքի այս անպատասխանատու թեթևամտութեան հետևանք է նաև ԱՄՆ-ի Նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործօնը վերագրել ՀՀ կառավարութեան: Հոս այնքան ալ կարևոր չէ, ոչ յայտարարութեան թեթևամտութիւնը, ոչ ալ ծիծաղելիութիւնը: «Ուզենար որ չընդունուի կամ չուզենար որ ընդունուի» սոփեստութիւնը պիտի ընկալել որպէս Հայ Դատի պահանջատիրութեան որևէ նախաձեռնութիւն ՀՀ դիւանակալական խողովակներով տապալելու սպառնալիք: Չափազանցութի՞ւն: Բնաւ երբեք: Կը բաւէ ուշադիր ըլլալ Փաշինեանի բանաձևումի ժխտականութեան, ընդ որում ան չըսաւ, որ Պայտըն ընդունեց Ցեղասպանութիւնը որովհետև ՀՀ կառավարութիւնը այդպէս ուզեց, կամ, քիչ մը աւելի համեստաբար, ողջունեց նախաձեռնութիւնը, այլ՝ սպառնաց որ եթէ ՀՀ «չուզենար … դա միանշանակ տեղի կ’ունենար»:

Դիւրին է յայտարարութիւնը իր ամբարտաւանութեամբ թէ անզգուշութեամբ վերագրել անձին, ինչ որ ճիշդ է բայց ոչ ամբողջական: Անոր մղիչ ուժը անկախութենէն ի վեր հայ-թրքական յարաբերութիւնները բանաձևած պետական տրամաբանութիւնն ու մտածումն են, որոնք միայն պարագայաբար փոխ-ներդաշնակուած են Հայ Դատի պահանջատիրութեան հետ: Ընդհակառակը, այդ «պետական մտածողութիւնը» կառուցուած է ի հակասութիւն «հայդատականութեան», որպէս «իրապաշտութիւն» ընդդէմ Սփիւռքի զօրաշարժի «գաղափարականութեան»:

Կրնա՞յ այս մէկը փոխուիլ և Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը ընկալուի ոչ թէ որպէս խոչընդոտ, այլ՝ պետական մտածողութեան գործօն: Թերևս: Յուսանք: Մինչ այդ, սակայն, Սփիւռքը տէր պիտի կանգնի Հայ Դատին, պիտի գիտակցի որ Հայ Դատը իր քաղաքականացման Ռէզոն տ’Էթր-ն է, և որպէս այդպիսին, ինչպէս Հորիզոնի Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին նուիրուած բացառիկի համարին մէջ «Հայ Դատը պատերազմէն ետք. պահանջատիրութեան մայրամո՞ւտ, թէ վերադարձ դէպի սփիւռքեան ակունքներ» յօդուածս կ’եզրակացնէ, «Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը շատ կարեւոր է այն վստահելու համար պետական քաղաքականութեան տրամաբանութեան:»

horizonweekly.ca