Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երէկ գիշեր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի լիբանանեան մամուլին յղեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ արձանագրուած քաղաքացիական բողոքի դրսեւորումները կը գտնենք արդարացի: Մենք վաղուց է, որ կը զգուշացնէինք կառավարութիւնը` քաղաքացիներու պահանջներուն, կենցաղային խնդիրներու ձգձգման քաղաքականութենէն հրաժարելու եւ կոչ կ՛ընէինք տագնապին անմիջական լուծումներ բերելու:
ՀՅ Դաշնակցութեան անունով թէ՛ խորհրդարանական բեմէն, թէ՛ պաշտօնական յայտարարութիւններու եւ հարցազրոյցներու ճամբով մնայունօրէն զգուշացուցած ենք կառավարութիւնը քաղաքացիներուն պահանջները անարձագանգ ձգելու պարագային քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումի սկսելէն. միաժամանակ մեր նախարարին ճամբով նաեւ կոչ ուղղած ենք քաղաքացիներուն չհանդուրժելու իրենց պատրադրուող ընկերային այս ծանր լուծը եւ փողոց դուրս գալով իրենց արդար ձայնը լսելի դարձնելու:
Խնդիրներու կուտակման եւ անլոյծ մնալուն երեւոյթներով բարդացող կացութիւնը տեղի տուաւ ժողովրդային բուռն, սակայն արդարացի ընդվզումի:
Կը մերժե՛նք քաղաքացիներուն վրայ նոր տուրքերու բարդացումը եւ կառավարութեան կոչ կ՛ընենք հրաժարելու նման ձգտումներէ` միշտ առաջնային նկատելով բանուոր եւ աշխատաւոր դասակարգի պայմաններն ու յարգելով քաղաքացիներուն ամբողջական իրաւունքները: Միաժամանակ` արտակարգ միջոցառումներու դիմելու ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակը հարուածած խոր տագնապը յաղթահարելու համար եւ արմատական քայլերու դիմելու` փտածութեան եւ պետական պիւտճէի մսխումի երեւոյթները վերացնելու նպատակով»:
Aztag Daily
Հիշեցնենք, որ երեկվանից Լիբանանի մայրաքաղաք Բեյրութում բողոքի զանգվածային ակցիաներ են: