Փոխարժեքներ
07 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 386.99 |
EUR | ⚊ | € 426.85 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.07 |
GBP | ⚊ | £ 509.55 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.53 |
Իրանի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութիւնը որեւէ բեկումնային կամ շրջադարձային նշանակութիւն չունեցաւ: Կար որոշ նախատեսութիւն, որ այցելութիւնը կը կապուէր նախագահական ընտրութեան հանգոյցին հետ, եւ թէ համաձայնութեան ուղղութեամբ թելադրանքներ պիտի հնչէին Թեհրանի ներկայացուցիչէն` արագացնելու համար հանգուցալուծումը:
Այս ենթադրութիւնը կամ նախատեսութիւնը բնականաբար ուղղակիօրէն կը բխէր Սէուտական Արաբիա-Իրան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի մեկնարկէն: Համակողմանի համոզում կայ, որ տարածաշրջանի գլխաւոր խաղցողներուն միջեւ է, որ պէտք է գոյանան լիբանանեան համաձայնութիւնները: Այս հետեւողութեամբ ալ երկու հակադրուած գլխաւոր պետութիւններու միջեւ կայացած համաձայնութիւնները կրնան արագացնել լիբանանեան թնճուկներու լուծման գործընթացը:
Քաղաքական գործընթացներու կամ աշխատանքային ժամանակացոյցներու ուղղութեամբ կայ իրերյաջորդականութեան տրամաբանութիւն եւ օրակարգերու առաջնահերթութիւն. եւ կը թուի, որ լիբանանեան թղթածրարը չի գրաւեր այդ ցուցակին առաջին հորիզոնականները:
Ասով հանդերձ, հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած սահմանափակ միջադէպերը որոշ իմաստով լոյս սփռեցին կայացած ընդհանուր համաձայնութեան վրայ: Պաղեստինեան-իսրայէլեան բախումներուն իբրեւ պատասխան հարաւային Լիբանանէն արձակուած հրթիռները պահ մը պատերազմի վերաբռնկման տպաւորութիւն ձգեցին: Շատ արագ պարզ դարձաւ, որ երկկողմանիօրէն կայ չյայտարարուած համաձայնութիւն` պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններու չձեռնարկելու: Շուտով յայտարարուեցաւ, որ արձակուած հրթիռներու ռազմայենակէտերը պաղեստինեան են, եւ իրանամէտ Հըզպալլան որեւէ առնչութիւն չունի կատարուածին հետ:
Իսրայէլեան պատասխանը չուշացաւ: Անվտանգութեան խորհուրդը արտակարգ նիստ գումարեց եւ որոշեց պատասխանել: Պատասխանը համաչափ էր եւ այդ իմաստով ալ սահմանափակ: Երկուստեք պարզ դարձաւ, որ դէպքերը կը մնան հարուած-պատասխան շրջագիծի սահմաններուն մէջ եւ չեն վերածուիր պատերազմի:
Կառավարելի քաոսի կանոնները կը շարունակեն գործել: Ռազմական միջադէպեր կրնան արձանագրուիլ, սակայն այս պահու դրութեամբ չեն վերածուիր պատերազմի: Տնտեսական պաշարումը կը շարունակուի, սակայն պատժամիջոցային ընդհանուր քաղաքականութիւն չ՛որոշուիր եւ չի պարտադրուիր: Դրամատնային համակարգը կ՛անդամալուծուի, սակայն թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներով, յատկապէս գումարային փոխանցումներու դրամական շրջանառութիւնները կը շարունակուին: Նախագահի ընտրութեան շուրջ չի գոյանար համալիբանանեան համաձայնութիւն, հրաժարեալ կառավարութիւնը սակայն կը շարունակէ վարել ընթացիկ աշխատանքներ: Սնանկացած պետական պիւտճէ, սակայն պետական ծառայութիններու իրականացման համար որոշ արտաքին յատկացումներ` թէկուզ պետութեան շրջանցումով: Շարքը կարելի է երկարել: Բանաձեւը այս բոլորին` անդամալուծուած պետութիւն, ընթացիկ կառավարական աշխատանքներով:
Երբ հասնի լիբանանեան օրակարգին հերթը եւ եթէ գոյանայ տարածաշրջանային-միջազգային համաձայնութիւն, կայծակնային արագութեամբ կ՛ընտրուի նախագահ, կը նշանակուի վարչապետ, կը յստականայ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի ճակատագիրը, կը կազմուի կառավարութիւն, կը վերագործարկուի դրամատնային համակարգը:
Այս հանգամանքները պէտք է նկատի ունենալ ընկալելու համար Իրանի արտաքին գործոց նախարարին այցելութեան ոչ շրջադարձային հետեւանքը: Գուցէ բեկումնային պահու ստեղծման ենթահողի պատրաստութիւն` համաձայնական կոչեր ընելու, համախոհական թեկնածուի շուրջ համախմբուելու եւ երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու մասին պաշտօնական յայտարարութիւններ կատարելու տեսքով: Փաստօրէն տուեալ թեկնածուի կառչածութիւնը չէ, որ կը գերիշխէ հիմա, կամ անպայման վեթոներու տարափով գործընթաց արգելակելու դիրքորոշումները չեն, որ կը յատկանշեն առնչուած կողմերու յայտարարութիւնները:
Երկու հիմնական իրողութիւն կը մնայ փաստ.
Ա. Լիբանանեան թղթածրարին օրակարգը տակաւին կը սպասէ իր հերթին:
Բ. Գոյանալիք համաձայնութիւնը համապարփակային է: Չի սահմանուիր միայն նախագահի ընտրութեամբ. նոյնքան կարեւոր է վարչապետի շուրջ համաձայնութիւնը կամ ֆինանսական համակարգի ղեկավարը պահելու կամ հեռացնելու խնդիրը եւ այս հանգոյցներէն բխած բոլոր ածանցեալ առկախուած թղթածրարներուն ընթացք տալը:
Մինչ այդ, կը շարունակուի կառավարելի քաոսի վարքագիծը:
«Ա.»
aztagdaily.com