կարևոր
3142 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-17 15:54
Քաղաքական

Չմարող անցեալը․ ՀՅԴ Արևմտեան Բիւրոյի «ԽԻՍՏ ԳԱՂՏՆԻ» նամակը, թուրք կառավարութեան հետ սկսած բանակցութիւնների և Դաշնակցութեան հիմնական պահանջների մասին

Չմարող անցեալը․ ՀՅԴ Արևմտեան Բիւրոյի «ԽԻՍՏ ԳԱՂՏՆԻ» նամակը, թուրք կառավարութեան հետ սկսած բանակցութիւնների և Դաշնակցութեան հիմնական պահանջների մասին

Արմինէ Մուքոյեան-Թաշճեան

Ինչպէս արդէն նախորդ յօդուածում հրապարակել էինք 1913 թուականին, ՀՅԴ Ամերիկայի շրջանի 20-րդ Պատգամաւորական ժողովին ՀՅԴ Արևմտեան Բիւրոյի ՈՉ-ՀՐԱՏԱՐԱԿԵԼԻ տեղեկագիրը, ուր ներկայացնում է Երկրի կացութիւնը, ինքնապաշտպանութիւնը, Հայկական հարցի վիճակը, Թուրք կառավարութեան ընթացքը, Կովկասի և Պարսկաստանի ներկայ վիճակը և այլ,  տեղեկագրին յաջորդում է ՀՅԴ Արևմտեան Բիւրոյի 1913 թուականի դեկտեմբերի 27-ին  «ԽԻՍՏ ԳԱՂՏՆԻ» մակագրութեամբ նամակը, որով նոր մանրամասներ է փոխանցում թուրք կառավարութեան հետ սկսած բանակցութիւնների մասին, Թուրքիային Դաշնակցութեան գլխաւոր և հիմնական պահանջները, որոնք սահմանել է ութ կէտերով։ Նամակը կը հրապարակենք նոյնությամբ, բայց մինչ նամակի ամբողջական հրապարակումը, այնժամ պատմական իրադարձութիւնները ճշգրիտ պատկերացնելու համար, խնդրեցինք պատմական գիտութիւնների դոկտոր, պրոֆեսոր Խաչատուր  Ստեփանեանին՝  ներկայացնել ՀՅԴ-ն եւ քաղաքական իրադրութիւնը առաջին աշխարհամարտի նախօրեակին․

 

Երիտթուրքական յեղաշրջումից յետոյ հայ ազգային կուսակցութիւնները ստիպուած էին որդեգրել քաղաքական նոր ուղեգիծ: Այս յեղաշրջումից մինչև Առաջին աշխարհամարտի սկիզբն ընկած ժամանակաշրջանում Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութիւնը մարտավարական առումով բաժանւում է երկու փուլի` 1908–1911 թթև 1912–1914 թթ.: Սկզբում ՀՅԴն յոյս ունէր, որ սահմանադրութեան շնորհիւ հնարաւոր է ապահովել Հայկական հարցի լուծումը, և համագործակցեց իթթիհատի ու թուրքական կառավարութեան հետՍակայն երբ պարզ դարձաւոր սահմանադրական ճանապարհը միայն պատրանք էՀՅԴ-ն աստիճանաբար հեռացաւ երիտթուրքերից և Հայկական հարցի լուծումը վերստին կապեց արտաքին միջամտութեան հետ: Միաժամանակ առաջին պլան մղուեց ինքնապաշտպանութեան գործը:

 Պարոն Ստեփանեան, ի՞նչը ստիպեց, կամ ո՞րն  էր այն հիմնական պատճառը, որ Դաշնակցութիւնը որոշեց գործակցել Իթթիհատի հետ

– Դաշնակցութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան ճնշուած այլ ժողովուրդների քաղաքական ուժերի հետ համա­խորհուրդ էր, որ որոշեց գործակցել Իթթիհատի հետսուլթան Համիտի բռնակալութիւնը տապալելու և սահմանադրական ճանապարհով արևմտահայոց խնդիրները լուծելու ակնկալիքով:

1908 թյուլիսեան յեղաշրջումից յետոյ ՀՅԴն Օսմանեան կայսրութիւնում օրինական գործունէութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւն ստացաւԻնչպէս Արևելեան Հայաստանի պարագայումԱրևմտեան Հայաստանի համար կուսակցութիւնը ներկայացնում էր ինքնավարութեան պահանջԹէև ՀՅԴն գիտակցաբար հրա­ժարւում էր «անկախութեան» ծրագրային բանաձևումիցայնուամենայնիւ ներքուստ ձգտում էր այդ նպատակին:

1908 թհոկտեմ­բերին բացուած խորհրդարանում (մեջլիսհայերն ունեցան 10 պատգամաւորական տեղ՝ (ՎՓա­փազեանը (Կոմսև ԱՎռամեանը (Օնիկ Դերձակեան), ԳՏերԿարա­պետեանըՎարդգէսը (Յովհաննէս Սերենկիւլեանև Արմէն Գա­րոն (Փաստրմաճեան), ԿՊոլսիցՀՊապիկեանըԳԶօհրապըՊՀալաջեանըՍեբաստիայիցՆՏաղավարեանը (Չատրճեան), հնչակեան Մեծն Մուրատը (ՅՊոյաճեան)): Նրանց ճնշող մեծամասնութիւնը դաշնակցական էր կամ նրան համակիրՀՅԴն դարձաւ Թուրքիայի պետական կեանքի գործօն: 1909 թյունիսի 10–ից ԿՊոլսում սկսեց լոյս տեսնել ՀՅԴ արևմտեան բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ը:

 Համախորհուրդ այդ որոշումը արդեօ՞ք միանշանակ ընդունուեց Դաշնակցութեան ներսում եւ ինչպիսի՞ ընթացք ունեցաւ Իթթիհատի հետ յարաբերութիւնները։

– Ոչ, գործընթացին միաժանանակՀՅԴ շարքերում կային գործիչ­ներՌոստոմը (ՍտԶօրեան), Արամ Մանուկեանը, Ռուբէն Տէր-Մինասեանը, Իշխանը (ՆՊօղոսեան), ԱՎռամեանըՎՓափազեանըովքեր վերապահութեամբ էին մօտենում երիտ­թուրքական «յեղափոխութեանը»: 1909 թԿիլիկիայի կոտորածները ցոյց տուե­ցինոր երիտթուրքերը շարունակելու են աբտուլհամիտ­եան հայաջինջ քաղաքականութիւնը: Սրանից յետոյ ՀՅԴն թէև սառեց իթթիհատականներիցբայց նոր կոտորածների վտանգից խուսափելու նպատակով վերջնականօրէն չխզեց կապերը:

1909 թօգոստոսսեպտեմբերին Վառնայում կայացած ՀՅԴ 5-րդ Ընդհանուր ժողովը պահանջեց խստօրէն պատժել Ատանայի ջարդի պատասխանատուներին:

1911թ. ՀՅԴ 6–րդ Ընդհանուր ժողովը շրջադարձային եղաւ ՀՅԴիթթիհատ փոխյարաբերութիւններումԸնդ­հա­նուր ժողովը քննադատեց երիտթուրքերին ազգայինհողայինհարկայինտեղական ինքնավարութիւններիօրինականութեան հաստատման և այլ հարցերում վարած քաղաքականութեան համար: Յանձնարարուեց ՀՅԴ իրաւասու մարմիններին և խորհրդարանի հայ պատգամաւորներին բոլոր օրինական միջոցներով պայքարել կառավա­րու­թեան հակահայկական քաղաքականութեան դէմՄիաժամանակ խորհրդապահական կարգով ընտրուեց յատուկ «Ինքնապաշտպանական մարմին», որը վարելու էր զինամարտական ամբողջ գործը: Այս գործի կազմակերպիչներից էին ՌոստոմըԱրամը (Մանուկ­եան), Սարգիսը (Բարսեղեան), ՌուբէնըԿոմսըԻշխանըԿորիւնըՄանուկըՄուշեղը և ուրիշներ:

1912 թմայիսի 5–ինՀՅԴն պաշտօնապէս յայտարարեցոր խզում է իր բոլոր յարաբերութիւնները իթթիհատի հետ: 1913 թօգոստոսին Կարինում (Էրզրումտեղի ունեցած ՀՅԴ 7–րդ Ընդհա­նուր ժողովում տրուեց այս խզման գնահատականըԻ հակազդեցութիւն խզմաներիտթուրքերն ուժեղացրին հակահայ քաղաքականութիւնը բոլոր ասպարէզներում. հայերի պաշտօնազրկում, նրանց հողերի բռնազաւթում, ունեցուածքի հրդեհում, կրօնական մոլեռանդութեան քարոզ:

Քաղաքական նոր ու բարդ իրադրութեան թելադրանքով 1914 թյու­լիսին դարձեալ Կարինում գումարուեց ՀՅԴ հեր­թական 8–րդ Ընդհանուր ժողովըորը եկաւ այն եզրակացութեանոր իթթիհատի նկատմամբ ՀՅԴն պէտք է շարունակի մնալ սկզբունքային ընդդիմադիր և քննադատողի դե­րում:

Հաշվի առնելով համաշխարհային պատերազմի մեծ հաւանականութիւնը՝ 8-րդ Ընդհանուր ժողովը որոշեց առաջարկութիւն մտցնել օսմանեան խորհրդարանամէն գնով ետ պահելու երկիրը պատերազ­միցհամոզելու թուրքերին, որ այն կործանարար կարող է լինել և՛ հայերիև՛ Թուրքիայի համար: Միաժամանակ ամրագրուեց հնարաւոր ռուս-թուրքական պատերազմում չեզոքութիւն պահպանելու սկզբունքը:

Ընդհանուր ժողովի աւարտական փուլում Կարին ժամանեցին իթթիհատի լիազօր ներկայացու­ցիչներ Նաջի պէյը և Բեհաէդդին Շաքիրըորոնք կեղծաւորաբար յորդորում էին հայ գործիչներին պատերազմի պարագայում միասնական ճակատով հանդէս գալ Ռուսաստանի դէմ՝ դրա դի­մաց խոստանալով ինքնավար Հայաստան Թուրքիայի հո­վանաու ներքոյ:

Ինչպէ՞ս ընդունեց այն ՀՅԴ-ն

ՀՅԴ ներկայացուցիչներն աշխատում էին համոզել, որ Թուրքիան չմասնակցի պատերազմին, մնայ չէզոք: Սակայն ՀՅԴ 8–րդ Ընդհանուր ժողովի օրակարգի հարցերը դեռ չէին սպառ­ուել, երբ լուր ստացուեց, որ սկսվել է աշխարհամարտը:

Իրավիճակի ու հանգամանքների թելադրանքով ՀՅԴ անդրկովկասեան մարմիններն ու ան­հատ գործիչները հիմնականում հակառակ գնացին ընդհանուր ժողովի կամքին և մասնակցեցին ցարական իշխանութիւնների յորդորներով ձեռնարկուած կամավորական շարժմանը: Հետագայ դէպքերը ցոյց տուեցին, որ, անկախ հայերի կողմնորոշումից, երիտթուրքերը, առաջնորդուելով պանթուրքիզմի ծայրահեղ հետադիմական գաղափար­նե­րով, նախօրօք ծրագրել էին հայոց ցեղասպանութիւնը, և ամենևին էլ նշանակութիւն չունէր հարցը, թէ ինչպէս իրենց կը պահեն հա­յերը:

***

Պոլիս, Դեկտեմբերի 27, 1913

Հ․Յ․Դ․ Ամերիկայի Կ․Կոմիտէին

Boston

(ԽԻՍՏ ԳԱՂՏՆԻ)

Ընկերներ,

Կը հաստատենք մեր Նոյեմբեր 24 թուակիր նամակն ու տեղեկագիրը։

Ձեզի ղրկած ենք նաև Է․ Ընդհանուր Ժողովին որոշումները եւ Միջկուսակցական Համերաշխութեան կոչերը։ Նամակ չենք ստացած։ Ի հարկէ յաջողութեամբ վերջացաւ Պատգամաւորական Ժողովը եւ շուտով կը ստանանք մանրամասնութիւնները։

Օսմանեան  երեսփոխանական ընտրութեանց դէմ բօյկօտ յայտարարուած է արդէն, ինչպէս տեղեկացաք թերթերէն։ Կառավարութիւնը զիջողութիւն կ’ընէր համեմատականի պահանջին համար, խոստանալով մինչեւ քսան պատգամաւոր։ Բայց կը մերժէր ամէնէն կարեւոր պահաջը,- ազգային ընտրութիւն, անոր փոխարէն յանձն առնլով պատուիրել իր Մարմիններուն, որ հայոց թեկնածուներուն քուէ տան։ Աւելորդ է ըսել, որ խաբուսիկ միջոց մըն էր այս, վաղուց փորձուած։

Որովհետեւ համազգային ընտրական ժողովը շատ ալ տրամադիր չէր մէկ անգամէն վճռական ընթացք բռնելու, հարկ եղաւ միջին ձեւ մը առաջարկել մեր կողմէ, – ՀԱՅ թեկնածուներն ընտրուին ՀԱՅ «միւնթէխեպը սանի»ներուն կողմէ։ Պատրիարքարանը իր ներկայացուցիչներով բանակցեցաւ այս կէտին վրայ եւ Թալէաթ պէյ, կարգ մը անուշ  լեզու հաւաստումներէ յետոյ, մերժեց վճռապէս երկրորդ ձեւն ալ։

Մեր դիրքը պարզ էր այլեւս։ Խնդիրը վիճաբանութեան դնելով  Միջկ․ Համերաշխական ժողովին մէջ, մեր պատուիրակները առաջարկեցին համազգային բօյկօտ։ Առաջարկն ընդունուեցավ միաձայնութեամբ (ներկայ էին Ս․ Դ․ Հնչ․, Վեր․, եւ Ռամկ․ կուսակցութիւնները)։ Ընտրական յանձնաժողովի եւ Պատրիարքարանի խառն ժողովն ալ իւրացուցին այս տեսակէտը եւ Պատրիարքը անձամբ գնաց հաղորդելու համազգային որոշումը։

Առ այժմ իրերը կը մնան այս վիճակին մէջ։ Դուք կարդացիք անշուշտ, թէ թուրք մամուլը ինչպէ՛ս արտայայտուեցաւ այս մասին։ Կառավարութիւնը թէեւ երեւութապէս անտարբեր կը թուի․ բայց ներքնապէս շատ մտահոգ է եւ միջոցներ կը խորհի բանակցութիւնները վերսկսելու կամ գոնէ մեր մէջ պառակտում ձգելու համար։

Ձեռնապահութեան այս յայտարարութիւնը ճիշտ պահեհ ժամուն հասաւ։ Որովհետեւ կառավարութիւնը, նահանգային օրէնքը եւն․, կարգ մը խաբուսիկ փոփոխութիւններով, կ’ուզէր աչքի փոշի փչել եւ եթե մենք իրաւախորհութեան գայինք ընտրական հարցի մասին, այս առիթն ալ պիտի շահագործէին Եւրոպայի վրայ ազդելու համար։

* * *

Ձեզի գրած էինք Իթթիհատի նոր ձեռնարկները, նորէն մեզի հետ համաձայնութեան մը գալու մասին։ Առաջին անգամ իրենց հրաւէրին պատասխանելէ յետոյ, երկրորդ տեսակցութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ, հասկանալու համար անոնց զիջողութեան վերջին սահմանը։ Ներկայ էին Թալէաթ, Խալիլ եւ Միտհաթ Շիւքրի պէյերը (ընդհանուր քարտուղար)։ Մեր պատուիրակները վճռապէս պարզեցին իրենց տեսակէտը, ամուր կենալով կոնտրօլի տեսակէտին վրայ։ Յայտարարեցին թե Իթթիհատը ուղղակի համիսլամական քաղաքականութիւն մըն է որ կը շարունակէ մինչեւ այսօր, թէ այլեւս ոչ մէկ հաւատք ունին տրուած խոստումներուն եւ առաջադրուած ծրագրերուն  վրայ:

Իթթիհատի շէֆերը խոստովանեցան որ իրապէս համաիսլամական քաղաքականութեան մը հետեւեցան մինչեւ Չաթալճայի ճակատամարտը որ հաստատեց Հայերուն կատարեալ անկեղծութիւնը, հայ զինուորներու  դիւցազնական դիմադրութեամբ։ Ուզեցին համոզել թէ իրենց պայքարը Հայերուն դէմ չէ, այլ միւս քրիստոնեաններուն։ Այս խախուտ փաստին պատասխան ունեցաւ թէ շարժումը, ինքնին վտանգաւոր երեւոյթ մը, վաղը կրնայ նոյն հետեւողականութեամբ ուղղուիլ Հայերուն դէմ։

Տաք վիճաբանութիւններէ ետք, երբ պատուրիակները ուզեցին հասկնալ Իթթիհատի նոր զիջողութիւնները, երեւան եկաւ որ իսկապէս ոչինչ բաներ են։ Ո՛չ միայն կտրուկ մը մերժէին կոնտրօլը, այլև ո՛չ մէկ ԷԱԿԱՆ զիջում կ’ընէին ի նպաստ Հայաստանի կամ բարենորոգումներու։ Բոլորը՝ նահանգային օրէնքի մէջ եղած կարգ մը ողորմելի փոփոխութիւնները կամ յաւելումներն են, որոնց արժէքը բացատրեցինք թերթի մէջ։

Թէ՛ ընտրական եւ թէ՛ Հայկական Հարցի մասին, մենք կը մնանք ուղղակի ընդդիմադիրի դերին մէջ, երբեք չշեղելով մեր ուղեգծէն եւ նկատելի է որ Երկիրը շատ աւելի պահանջկոտ է, մերժելով զանազան իրաւախոհութիւններ․ ինքն իր գլխուն բօյկօտ հռչակելու աստիճան։ Մեր պայքարի միջոցներէն մէկն ալ ըլլալով մամուլը, որոշած ենք, հնարաւորութեան սահմանին մէջ, մերկացնել բոլոր աչքերը մեր վրայ են, թերթը կը թարգմանուի ժամէ ժամ, բանտարկութիւն, տուգանք, խափանում, բոլոր սպառնալիքներ կախուած են մեր գլխուն։ Նախընթաց շաբթու զինուորական ատեանը որոշած էր ձերբակալել արտօնատէրն ու պատասխանատուն։ Յետոյ ետ կեցան եւ դատի կանչելով դատապարտեցին։ Ամէն պարագային մէջ, շատ հաւանական է որ շուտով ուղղակի հալածանք սկսի։

 

* * *

Հայկական Հարցը վճռական փուլի մը մէջ կը մտնէ։

Սադրազամը (վարչապետը) աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր կը ձգձգէր իր պատասխանը՝ ռուսեւգերման ծրագրի մասին, որ չափազանց կրճատուած եւ այլափոխուած է արդէն։ Դեսպանները կը պնդէին որ ընդհանուր քննիչներու խորհրդականները նշանակուին իրենց համաձայնութեամբ, ամենայն իրաւասութիւններով։ Դուռը մերժեց, եւ կը թուէր թէ ամէն բան ջուրը պիտի իյնայ, մանաւանդ որ լուրջ ճնշում չկար։ Ահա իրարու յաջորդեցին օսմանեան փոխառութեան ձախողումը, գերման զինուորական mission-ի վէճը եւ միջազգային ուրիշ բարդութիւններ։ Գերմանիա, Ռուսիոյ տրտունջները չսաստկացնելու համար, ստիպուած էր աւելի եռանդով ոյժ տալ բարենորոգման ծրագրին ընդունելութեան։

Թուրքերն զգալով իրենց անել կացութիւնը, ճնշուած ներսէն եւ դուրսէն, փորձեցին Նուպար փաշան Պոլիս բերել Պատրիարքին միջոցաւ։ Անկէ առաջ փորձեր էին – երբ մեզմէ յուսահատեցան – Պատրիարքին հետ բանակցութեան մտնել Հայկական Հարցը ներքնապէս կարգադրելու համար։ Պատրիարքը պատասխանեց թէ ինք ո՛չ մէկ իրաւասութիւն չունի, թէ այդ գործերը կը վերաբերին Կաթողիկոսին եւ Եւրոպայի պատուիրակութեան։ Այն ատեն էպարքոսը փորձեց Փարիզի Օսմ․ դեսպանին միջոցաւ հրաւիրել Նուպար փաշան, որ մեզի խորհուրդ հարցնելէ յետոյ, մերժեց գալ։

Ճարահատ, մեր հարեւանները այս անգամ մտածեցին իրապէս ԲԱՆ ՄԸ ԸՆԵԼ։ Միեւնոյն օրուան մէջ Թալէաթ, Խալիլ եւ Ճէմալ պէյերու միջոցաւ դիմումներ եղան մեզի եւ ծանօթ հայ անձնաւորութեան մը։ – Պետական խորհուրդի նախագահը կը յայտնէր թէ խորհրդականներու դրութիւնը չպիտի յաջողի եւ թէ լաւագոյնն է ՀԱՅԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ, ընդհանուր քննիչներ (Inspecteur general) բելել Եւրոպայէն, լիազօր իրաւասութիւններով։ Ծանօթ հայ անձնաւորութիւնը, Խալիլի կարծիքը շօշափելու համար, հարցուած էր թէ  թուրքերը կրնա՞ն ընդունիլ որ առաջին անգամ Inspecteur-ներ նշանակուին դեսպաններու հետ գաղտնի բանակցութեամբ, իսկ երբ անոնք իրենց պաշտօնը չլրացած ստիպուին հրաժարիլ, յաջորդը կամ յաջորդները ընտրուին եւրոպական պետութեանց համաձայնութեամբ։ Խալիլը կը պատասխանէ թէ պիտի խորհին։

Վեց օր առաջ ռուս դեսպանը գնաց պատասխան ստանալու։ Սադրազանը կ’առաջարկէր Խալիլի պարզած ձեւը, – «խորհրդականներ նշանակել դեսպաններու հետ անպաշտօն բանակցութեամբ»։ Դեսպանը զայրացած դուրս ելաւ եւ երկու օր առաջ գերմանականներուն հետ միասին գացին։

Սադրազամը ԱՆՁՆԱՊԷՍ կարգ մը առաջարկներ կ’ըներ, յոյս յայտնելով որ միւս նախարարներն ալ կ’ընդունին։ Ստորեւ կը նշանակենք այդ ձեւերը․-

1․ Խորհրդականները կը հրաւիրուին դեսպաններու հետ անպաշտօն եւ գաղտնի բանակցութեամբ

  1. եթէ իրենց պաշտօնավարութեան շրջանը չլրացած ստիպուին հրաժարիլ, Բ. Դուռը գրաւորապէս յանձն կ’առնէ յաջորդներու ընտրութիւնը նոյն ձեւով կատարել «պետութիւններու բարեհաճ աջակցութեամբ։․

3․ Թէ՛ խորհրդականներու անուանումը, թէ՛ անոնց իրաւասութիւնները եւ թէ՛ Հայերու համար առաջադրուած միջոցները Բ․ Դրան կողմէ պաշտօնապէս պիտի հաղորդուին պետութեանց․

Սադրազամը կ’աւելացնէր, սակայն, թէ չպիտի հաւանի որ խորհրդականներու եւ օսմանցի քննիչներու միջեւ վէճ ծագած ատեն, Բ․ Դուռը պարտաւոր ըլլայ դեսպաններուն հետ համախորհուրդ լուծել։ Ռուս դեսպանը դիտել տուած է որ, այդ պարագային, լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլար դառնալ Եւրոպացի քննիչներ նշանակելու ծրագրին։

Դուռը Երկուշաբթի օր պիտի պատասխանէ այս առաջարկին։ Դեսպաններն ալ իրենց մասին կը խորհրդակցին։ Հաւանաբար համաձայնութիւն գոյանայ Եւրոպացի քննիչներ նշանակելու համար, քանի որ Թուրքերն ալ այդ համոզման եկած են։- Գերմանական դեսպանը, որ հիմա աւելի ջերմութեամբ կ՚աջակցի Ոուսիոյ, բարեկամաբար խորհուրդ տուած է Դռան որ համակերպուին, նոր կնճիռներ չստեղծելու համար։

* * *

Այսպէս թէ այնպէս, մեր պահանջները կը մնան անփոփոխ։ Եթե մեր minimum պահանջէն պակաս ձեւ մը պիտի ընդունուի, թող մեր մասնակցութեամբ չըլլայ։

Մեր հիմնական պահանջներն են․-

1․ Եւրոպացի ընդհ․ կառավարիչ, համաձայնութեամբ եւրոպական պետութեանց, հինգ տարի պաշտօնավարութեան շրջանով եւ ամէն անգամ նոյն ձեւով ընտրելի․

2․ Ամենայն իրաւասութիւններ տալ անոր տեղական վարչութեան մէջ, մասնաւորապէս բոլոր պաշտօնեաներն ընտրելու եւ հրաժարեցնելու իշխանութեամբ․

3․ Եւրոպական պետութիւնները պիտի հսկեն բարենորոգումներու գործադրութեան, յարմար ձեւով մը․

4․ Կէս առ կէս մասնակցութիւն Հայերու նահանգային վարչութեան, ընդհ․ ժողովներու, ապահովութեան ոյժերու թէ պաշտօնէութեան մէջ․

5․ Հայ լեզուի գործածութիւնը դատարաններու եւ վարչութեան մէջ, Հայերու համար․

7․ Կրթական ինքնավարութիւն։ Իւրաքանչիւր ազգ ազատ է դպրոցական տուրք դնելու եւ գանձելու։ Պետութիւնը իր հարկերուն հետ պիտի յանձէ զանոնք․

8․ Բռնատիրուած հողերու վերադարձ։

Ահա այն գլխաւոր եւ հիմնական պահանջները որոնք դրուած են։ Ասոնք ընդունուելէ յետոյ, մասնաւոր յանձնաժողով մը կը մշակէ կանոնագիր եւ մանրամասնութիւններ։

Ներկայիս դիմադրութեան կը բաղխի․

Ա․ Քննիչներու (կամ խորհրդականներու) ընտրութեան եղանակը․

Բ․ Մասամբ անոնց իրաւասութիւններու․

Գ․ Կէս առ կէս իրաւունքը․

Ասոնց մասին է, որ կը շարունակուին բանակցութիւնները։

 

* * *

Մեր քաղաքականութիւնն է՝

Ա․ ներկայիս, չխզել Թուրքերու հետ մեր յարաբերութիւնները, բայց երբեք բանակցութեան չմտնել անոնց հետ, ձգձգումներու եւ խաբէութեանց ասպարէզ չբանալու համար․ մանաւանդ որ անհրաժեշտ է միշտ անխախտ պահել մեր հարցի միջազգային հանգամանքը․

Բ․ Մեծ ջանք թափել պետութեանց համաձայնութիւնը պահելու եւ անոնց վճռականութիւն ներշնչելու համար։ Պօղօս փաշան մեծ եռանդով եւ ձեռնհասութեամբ կ’աշխատի այդ ուղղութեամբ։

Հաւանաբար կարճ միջոցի մը մէջ կարենանք ստանալ գէթ տարրական բարենորոգումներ։

Շուտով կը հաղորդենք ուրիշ մանրամասնութիններ։

Ընկերական ջերմ բարեւներով՝

Արեւմտեան Բիւրօ

Յ․Գ․ Առ այժմ, ոչ Շահբազը, ոչ ալ Արարատեանը կրնան գալ Ամերիկա։

Խնդրեցէք կրկին Վրացեանէ եւ Սնարեանէ, որ մնան մինչեւ ամառ։ – Ոչինչ պիտի հրատարակուին այս տեղեկութիւններէն։

Արմինէ Մուքոյեան-Թաշճեան