կարևոր
3766 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-22 15:13
Հասարակություն

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2023-ի կէսօրին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի հերթապահ՝ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեանի եւ անդամ՝ Տիար Ստեփան Պոյաճեանի, այցելեց Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ:

Հանդիպման նաեւ ներկայ եղան Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, ատենադպիր՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան եւ անդամներ՝ Տեարք Սարգիս Թաթիկեան եւ Ճէք Հաճինեան, ինչպէս նաեւ Կրօնական ժողովի անդամներ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան:

Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ զրոյց, որ ընդգրկեց Հայաստանի ու Արցախի տագնապներն ու մարտահրաւէրները եւ Միջին Արեւելքի մէջ անցնող օրերուն արձանագրուած երկրաշարժային ցնցումներն ու հայկական գաղութներու ընկերային եւ մարդասիրական կարիքները:

Յայտնենք, որ Կիրակի, 19 Փետրուարին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ Հ.Յ.Դ. 132-րդ ամեակի տօնակատարութեան եւ արտասանեց սրտի խօսք, Կլենտէյլի Ալեքս թատերասրահին մէջ:

Աղբիւրը՝ Ազգային Առաջնորդարանի ֆէյսբուքեան էջ