կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-11-10 17:39
Քաղաքական

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին այցելութիւնը Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին այցելութիւնը Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին

Երկուշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2021-ի կէսօրին, Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, համայնքի հոգեւոր հովիւներ եւ պատասխատու մարմիններու ներկայացուցիչներ ընդունեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Հիւրերը՝ Համայնքապետ Վերապատուելիին գլխաւորութեամբ մուտք գործեցին վերանորոգուած Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցի, ապա միատեղ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, մաղթելով անսասան պահէ Արցախն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ անոր վերականգնումին ու բարգաւաճման համար ծառայող բոլոր նուիրեալները:

Այնուհետեւ ուղղուեցան «Շիրաճեան» սրահ, ուր Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրդ. Վարժարանի անունով բարի գալուստի խօսք մատուց Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան: Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայ դպրոցին ունեցած կարեւոր դերը հայեցի դաստիարակութեան մէջ, ինչպէս նաեւ դիտել տուաւ որ Բեթէլ վարժարանը բոլոր հալէպահայ վարժարաններու կողքին՝ սերունդէ սերունդ պիտի փոխանցէ իր բոցավառ ջահը Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի գլխաւորութեամբ, ծառայելով հայ ազգի գերագոյն նպատակներուն:

Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրդ. Վարժարանի աշակերտները հայաշունչ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը հանդէս եկան:

Այնուհետեւ Համայնքապետ Վերապատուելիին ձեռամբ վարժարանի տնօրէնութեան կողմէն յիշատակի նուէր մը փոխանցուեցաւ:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին յաջորդաբար խօսք առին Համայնքապետ Վերապատուելին եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայրենիքի մէջ տիրող ներկայ քաղաքական պայմանները եւ անոր դաշտին մէջ գործող անձինք պէտք է զինուած ըլլան իմացութեամբ եւ իրատեսութեամբ:

Իմացութիւն՝ աշխարհի քաղաքական դիւանագիտութեան առընթեր որդեգրել նոր թեւ եւ սլացք, ինչպէս նաեւ ներգրաւել այն բոլոր բաղադրիչ տարրերը, որոնք կը նպաստեն մեր վերելքին: Մենք, իբրեւ օրինապահ եւ տեսիլքի տէր կողմ կու գանք հաւասարապէս մեր ազգին անբաժան մէկ մասը ըլլալով տեսնելու թէ ինչպէս կարելի է յաղթութիւնը իրականացնել աւելի մարտունակութեամբ, իրապաշտ քաղաքականութեամբ եւ բարձր դիւանագիտութեամբ:

Արցախը մեր կիզակէտի առանցքը կազմելով մեզ կը կապէ մեր հայեցի ու ազգային պատկանելիութեան:

44 օրեայ արցախեան պատերազմին միակ անվերադառնալին մեր հազարաւոր նահատակները եղան, իսկ մնացեալ բոլոր կորուստները կարելի է քայլ առ քայլ ետ ձեռք բերել:

Մեր պայքարի ուղին ոչ միայն Արցախի բռնագրաւեալ հողերու վերադարձով, այլ նաեւ անհերքելիօրէն պատմական Հայաստանի հողերու միացումով պիտի ըլլայ նաեւ:

Վերապատուելին մատնանշեց, որ մենք հաւատացող ըլլալով Արցախի վերականգնումին եւ անոր զարգացումին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն տիար Զաւէն Խանճեանին արդէն իսկ պատերազմէն առաջ եւ վերջ նախաձեռնեց Արցախի վերաբնակեցման եւ զարգացման աննախնթաց գործունէութեան՝ միշտ նեցուկ կանգնելով Արցախի իշխանութեան ու ժողովուրդին։

Իրատեսութիւն՝ պատկանելիութիւնները չեն խաթարեր մեր հայկական ու ազգային համակեցութիւնը, այլ կը հարստացնեն մեր միասնականութեան դրուածքը, որով կարելի է շարունակել մեր պայքարի երթը :

Ապա Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ սիրալիրօրէն ողջունեց Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի աշակերտներուն ոսկեղնիկով արտասանած խօսքերը: Ապա անդրադարձաւ Վերապատուելիին ջահի փոխանակման արտայայտութեան, որ վերագրեց լուսաւորութեան եւ ողջմտութեան: Ան ըսաւ.« ՀՅԴ-ի համար հարստութիւն է զանազան ամբողջութիւններու հետ գործակցութիւնը, որ գեղեցիկ խճանկար մը կը կազմէ, ուրկէ կու գայ ազգային հզօրացումը: Մեր բոլորին համար գերակշռողը հայութիւնը, պայքարը եւ Հայ Դատն է»:

Տէր Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Հայ Աւետարանական բոլոր կառոյցներուն մէջ ազգային մաքուր գաղափարախօսութեան եւ պայքարի նուիրումի ջամբումի աշխատանքը, որ յաջողութեամբ կ’աւարտի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ յանձինս՝ Վերապատուելիին գլխաւորութեամբ, համայնքին գաղութային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ տարած աշխատանքը:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացոցիչը իր խորհրդածութեան մէջ վեր առաւ նոր սերունդներուն Հայ Դատի գիտակցութիւնը դրոշմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի վերականգնուի Արցախը, ինչպէս նաեւ տեղի ունենայ մեր յարատեւ պայքարի իրականացումը՝ Արեւմտեան Հայաստանի վերամիացումը:

Ապա անդրադարձաւ 1991-ին ձեռք բերուած Հայաստանի վերանկախացման, Արցախի ազատագրումին, Ջաւախքի մէջ հայկական ինքնութեան զարթօնքին, շարունակաբար սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրական աշխատանքներու ընդարձակումին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին՝ շատ մը երկիրներու կողմէ: Հետեւաբար ան շեշտեց, որ որպէս յաղթանակ կերտող հայ ժողովուրդ ընկճելու իրաւունք չունինք, այլ վճռականօրէն շարունակելու ենք մեր պահանջատիրական եւ պայքարի երթը:

Այցելութեան աւարտին Տէր Խաչատուրեան համայնքի յուշատետրին մէջ իր գրաւոր խօսքը թուղթին յանձնեց:

Լուսին Ապաճեան_Չիլ Աբօշեան