կարևոր
2821 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-04-03 10:41
Քաղաքական

Հայաստանի Սահմանները Պաշտպանուած Չեն

Հայաստանի Սահմանները Պաշտպանուած Չեն

Իլհամ Ալիեւ յոխորտաց, որ ազրպէյճանական սահմանին ուղղութեամբ իրենք շատ հետաքրքրական դիրքեր ունին. այնտեղ կ՛ամրապնդուին եւ այնտեղ պիտի մնան: Ընդունելով, որ Ազրպէյճան իրեն համար նպաստաւոր դիրքեր գրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ու նպատակ ունի պահել զանոնք, Ալիեւ կ՛ընդունի, որ նպատակ չունի բաւարարուելու քառասունչորսօրեայ պատերազմի աւարէն ու որոշած է աւելի առաջ երթալ: Այս յայտարարութեան անմիջապէս յաջորդեց Զանգեզուրի հինգ կէտերու մէջ ազրպէճանական ուժերու սահմանէն 100-էն 300 մեթր ներս տեղակայումը: Այս յառաջացումը կը նշանակէ Հայաստանէն քանի մը հարիւր քառակուսի քիլոմեթր տարածքի գրաւում: Նոր «հետաքրքրական» դիրքերու ստեղծում եւ անմիջապէս ամրապնդում:

Նախապէս, Շուշի-Լիսագոր հատուածին մէջ եւս դիրքերու խախտում կատարուած էր, Շուշիի շրջանի չորս գիւղերու յարաբերութիւնը խանգարելով Արցախի միւս բնակավայրերուն հետ:

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը Աղաւնոյ եւ Տեղ գիւղերուն միջեւ փակեցին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին: Այս մայրուղին կ՛օգտագործուէր Հայաստանէն Արցախ երթալու համար: Այժմ, այս կապը պիտի իրագործուի աւելի հարաւ գտնուող Կոռնիձոր գիւղին միջոցով: Դէպի Արցախ նոր ճամբու ազրպէյճանական բաժինը ամիսներ առաջ աւարտած էր: Հայկական բաժինը, կ՛ըսեն, որ աւարտելու մօտ է: Յամենայն դէպս, այդ հաղորդակցութիւնը առայժմ մատչելի է միայն Միջազգային կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղարար ուժերու ինքնաշարժներուն համար:

Դիրքային այս փոփոխութիւնները կը կատարուին վերահսկողութիւն հաստատելու համար Հայաստանի եւ Արցախի հաղորդակցական ուղիներուն վրայ: Հսկողութեան կ՛ենթարկուին նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ հաղորդակցութիւնները: Ազրպէյճան այս անօրինական փոփոխութիւնները կը կատարէ, անշուշտ միշտ ի վնաս Հայաստանի հողային ամբողջականութեան, արգիլելու համար իբրեւ թէ զէնքի ու զինամթերքի փոխադրութիւնը դէպի Արցախի Հանրապետութիւն:

Եւրոպական Միութեան կողմէ երկու հարիւր դէտերու տեղակայումը Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանին սկզբունքով պէտք է արգիլէր նման սահմանախախտումները: Դէտերը զինուած ըլլալով լոկ հեռադիտակներով, վստահաբար տեսան կատարուածը, բայց ոչինչ կրցան ընել արգիլելու համար անիրաւութիւնը: Հաւանաբար տեղեկագիր մը ղրկած կ՛ըլլան Եւրոպական Միութեան խորհուրդին: Ցարդ կատարուածը յստակ հասցէականութեամբ դատապարտող խօսք չկայ: Միացեալ Նահանգները մտահոգ են կատարուածին համար, սակայն կը բաւականան զօրակցելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումին:

Հայաստանի իշխանութիւնները շատ հպարտ էին, որ Նիկոլ Փաշինեան հրաւիրուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ «Յանուն ժողովրդավարութեան» վեհաժողովին: «Ժողովրդավարութեան օրրան» Հայաստան տեսաւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այժմ գլխաւոր թիրախը Ռուսիան է եւ մտահոգութեան առարկան` Ուքրանիան: Հայաստանն ու Արցախը մոռցուած ըլլալով, Հայաստան վերապահութեամբ ընդունեց վեհաժողովի հռչակագիրը:

Հայաստանի իշխանաւորները հասկցա՞ն արդեօք, որ Արեւմուտքի միակ նպատակը կը հանդիսանայ Ռուսիոյ եւ Իրանի շրջապատումը: Այդ իշխանութիւնը Արեւմուտքի նկատմամբ հաճոյակատարութիւնը այնքան առաջ տարաւ, որ Միջազգային քրէական դատարանի կանոնագրութիւնը (Հռոմի հռչակագիր) վաւերացնելու համար քայլեր ձեռնարկեց: Այս հռչակագիրը ստորագրուած է Հայաստանի կողմէ, բայց չէ վաւերացուած Ազգային ժողովին կողմէ, քանի որ ժամանակին Սահմանադրական դատարանը զայն Հայաստանի Սահմանադրութեան անհամապատասխան որակած է: Այժմ, Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի ձերբակալման որոշումէն ետք, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը Հռոմի հռչակագիրը… համապատասխան որակած է Հայաստանի Սահմանադրութեան: Հակառուսական նոր ոտնձգութիւն:

Հայաստանի միջազգային իրաւական հարցերու քննութեան յատկացուած փակ նիստի մը ընթացքին, Իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանի եւ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Մհեր Սահակեանի միջեւ տեղի ունեցած է տհաճ միջադէպ մը: Բռնարարքը դատապարտելի է անշուշտ, սակայն իշխող խմբակցութեան կողմէ դէպքին տրուած տարողութիւնը եւ կատարուած մեկնաբանութիւնները եւս չափազանցուած են: Հայաստանի քաղաքական կեանքը կ՛ընթանայ լարուած եւ մշտապէս խռովարար մթնոլորտի մը մէջ, ուշադրութիւնը շեղելով սահմաններուն վրայ կատարուող վտանգաւոր իրադարձութիւններէն: Ֆիզիքական հարուածը անընդունելի է, անընդունելի է նաեւ բանաւոր խօսքի ոճ մը, որ արհամարհանք ու վիրաւորանք կը պարունակէ:

Ե՞րբ պիտի վերադառնան իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բնականոն յարաբերութիւնները:
 

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com