Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կա՞ր արդեօք տարակարծութիւն Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի միջեւ: Տարակարծութիւնը նո՞ր էր, թէ՞ արդէն գոյութիւն ունէր ի սկզբանէ, երբ առաջինը չորս ամիս առաջ պետական նախարար կը նշանակէր երկրորդը: Կը նշանակէր արտակարգ իրաւասութիւններով, ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ ինք բացարձակ իշխանութեան դիրքերը կը զիջի անձի մը, որ քաղաքական դէմք չէ, փորձառութիւն չունի, բայց Արցախի Հանրապետութեան ու անոր ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւն յայտնած է, հայտ ներկայացուցած է ինչպէս կ՛ըսեն: Ռուբէն Վարդանեան մեծահարուստը, նուիրատուն, իր հարստանալու համար գործադրած ջանքերը, տաղանդը որոշած է ի սպաս դնել Արցախի Հանրապետութեան: Պետական պաշտօն ստանձնել կարենալու համար, ան հրաժարեցաւ ռուսական հպատակութենէն ու դարձաւ լոկ Արցախի քաղաքացի, գործնականօրէն` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի:
Ռուբէն Վարդանեան մերժեց հրաժարականի դիմում գրել. ան յօժարեցաւ պաշտօնազրկուիլ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով, պատգամելով, որ ինք չի հրաժարիր Արցախ տեղափոխուելու իր նախնական որոշումէն:
Պաշտօնազրկումին նախորդող շաբթուան ընթացքին, թէ՛ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ թէ՛ Ռուբէն Վարդանեանը մեկնած էին Մոսկուա առանձնաբար եւ խորհրդակցութիւններ ունեցած Ռուսիոյ վարիչներուն հետ: Այդ խորհրդակցութիւններուն բովանդակութիւնը ցարդ անյայտ է, ինչպէս անյայտ է Արցախի երկու հաւասարազօր նկատուող ղեկավարներուն վէճը: Իսկ ի՞նչ ըսել այն մասին, որ Ռուբէն Վարդանեան կը լքէ քաղաքական ասպարէզը, երբ Իլհամ Ալիեւ բազմաձայն զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ իրենք կը յօժարին խօսիլ իրենց ղարաբաղցի քաղաքացիներուն հետ, երբ Ռուբէն Վարդանեան կը լքէ Ղարաբաղը: Կրնա՞նք հետեւցնել ուրեմն, որ Ռուբէն Վարդանեան պաշտօնազրկուեցաւ Ալիեւի պահանջով եւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ:
Ռուբէն Վարդանեանի պաշտօնազրկումէն ետք, Արցախի իշխանութիւններուն եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները, ռուսական հսկիչ ուժերու միջնորդութեամբ յանգեցան բնական կազի եւ ելեկտրականութեան վերականգնման: Չշտապենք. Բերձորի միջանցքը չէ բացուած տակաւին. եղածը մարդասիրական փոքր քայլ մըն է, քաջալերական շոյանք մը:
Ռուբէն Վարդանեանի յայտնութիւնը Արցախի մէջ մեծ յոյսերու առիթ դարձած էր: Շրջապատման պայմաններուն տակ, երկու անգամ Արցախի ժողովուրդը բազմամարդ ցոյցերով պայքարը շարունակելու պատրաստակամութիւն յայտնած էր: «Արցախը բնաւ չի կրնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ»` կը կրկնէր խանդավառ բազմութիւնը: Ինքնորոշման իրաւունքը սակարկելի չէ, կ՛ըսէր ժողովուրդը միահամուռ ձայնով: Ռուբէն Վարդանեան յայտնուեցաւ իբրեւ վճռական պայքարի առաջնորդ: Հայաստանի իշխանութիւններու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքէն հրաժարելու քայլին դէմ` մերժումի ուժեղ ալիքի մը ազդանշանը տրուեցաւ Արցախէն: Ոմանք նոյնիսկ նմանութիւն գտան երեսունհինգ տարի առաջ Արցախէն ծայր առած միացման պայքարին հետ:
Հիմա ի՞նչ: Արցախեան մերժումը եւս, որ Հայաստանի մէջ թոյլ արձագանգի արժանացաւ, պիտի միանայ մերժումի կամ պարտուողականութենէն հրաժարումի ազատագրական բազմաթիւ առիթներուն, որոնք կը սկսին յուսատու պայմաններու տակ, սակայն չեն յաջողիր դառնալ այն հուժկու յորձանքը, որ Հայաստանի ճակատէն պիտի սրբէ պարտութեան խարանը:
Մութին մէջ, գաղտնիութեան պայմաններուն տակ կատարուած բանակցութիւնները, որոնք կը խեղաթիւրեն հայ ազատագրական պայքարը, չեն կրնար, մեր պատմութիւնը վկայ, լուծումներ առաջադրել հայութեան: Անոնք կրնան, ինչպէս բազմիցս պատահած է, ժամանակաւորապէս նահանջի մատնել ընդարմացած ժողովուրդը: Միայն ժամանակաւորապէս: Ժողովուրդը պիտի սթափի ուշ կամ կանուխ ու վճռականօրէն տէր կանգնի իր առհաւական իրաւունքներուն:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com