Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արցախի պաշարումին 56-րդ օրն է. բազմաթիւ յայտարարութիւնները, դատապարտումները ոչինչ փոխած են ահազանգիչ կացութենէն: Արդարութեան միջազգային ատեանի քննարկումները եւս մնացին անհետեւանք: Ստեղծուած կացութիւնը կը գտնուի փակուղային վիճակի մէջ:
Քանի մը օր առաջ, խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը կազմակերպած էին լսումներ Բերձորի միջանցքին մասին: Հաւաքուած էին, խորհրդարանին մէջ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ, քաղաքական դէմքեր ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ: Կը մասնակցէր նաեւ Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան անդամ Գուրգէն Արսէնեանը: Մինչ մասնակիցները այլազան մօտեցումներով կը վերլուծէին ստեղծուած ահազանգային վիճակը եւ կը փորձէին լուծումներ առաջադրել, Գուրգէն Արսէնեան խրոխտ շեշտով մը ներկաներուն տեսակէտ ունենալու իրաւունքը մերժեց ու յայտարարեց, որ գործող իշխանութիւնը կ՛ընէ ինչ որ անհրաժեշտ է: Ելոյթէն կը բխէր այն կարծիքը, որ իշխանութիւններուն կրաւորական կեցուածքը նպաստաւոր է Հայաստանի Հանրապետութեան ապահովութեան համար: Լռելեայն ընդունելով Հայաստանի իսկ վտանգուած ըլլալը, Գուրգէն Արսէնեան աներկբայ կը յայտարարէր, որ Արցախի մէջ պաշարուած 120.000 հայերու ապահովութիւնը պէտք է զոհել, ի խնդիր Հայաստանի 3 միլիոն հայերու ապահովութեան:
Զանց կ՛առնեմ նման անբարիշտութեան մը պատճառած աղմուկը, բողոքը եւ կշտամբանքը: Նոր չէ սակայն այս դիրքորոշումը: Այն օրէն (Փրակայի քառակողմ հանդիպում), երբ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը Արցախով հանդերձ, Հայաստանի իշխանութիւններուն համար Արցախի վերաբերող ամէն հարց Ազրպէյճանի ներքին հարց է. ուրեմն, Արցախի քաղաքացիները պէտք է իրենց պատկանած պետութեան, Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն, հետ լուծեն իրենց տարակարծութիւնները:
Գուրգէն Արսէնեան կ՛ըսէ, որ ժողովուրդը իր քուէարկութեամբ մեծամասնութիւն մը գոյացուցած է, որուն յառաջացուցած իշխանութիւնը կը գործէ ինչպէս ինք յարմար կը դատէ: Փոքրամասնութիւնը, որ ըստ իրեն մերժուած է ժողովուրդին կողմէ, դիրքորոշում ունենալու, գանգատելու, բողոքելու, նոյնիսկ լսումներ կազմակերպելու իրաւունք չունի: Ան բառացիօրէն կ՛ըսէ ընդդիմադիրներուն, որ երբ մեծամասնութիւն կազմեն, իրաւունք կ՛ունենան կատարելու այն, որ կը փափաքին: Գուրգէն Արսէնեան կը մոռնայ, որ ընտրութիւններու առիթով մասնակից ուժերը ընտրական ծրագիր կը ներկայացնեն, որուն հիման վրայ է, որ ժողովուրդը ձայն կու տայ իրենց: Կը մոռնայ, անշուշտ կամաւորապէս, որ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ընտրական ծրագիրը Հայաստանը կը հռչակէր Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր ու կը պահանջէր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը: Այժմ, իշխանութիւնը կը խուսափի ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը: Այժմ, իշխանութիւնը կը խուսափի ինքնորոշումէն, իսկ անվտանգութիւնն ալ վստահած է… Ազրպէյճանին:
Հանրային քննարկման նիւթ դարձաւ նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին: Լաւրով կ՛ըսէ, որ հայերը գրաւած էին Ազրպէյճանի պատկանող եօթը շրջաններ եւ չէին համաձայներ զանոնք վերադարձնել: Ազրպէյճան զանոնք պատերազմով վերադարձուց: Ռուսիա պատրաստ է օժանդակելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տարակարծութիւններու լուծման, սակայն Հայաստան կը խուսափի բանակցելէ: Եթէ Հայաստան համաձայնի, ՀԱՊԿ-ի դիտորդական առաքելութիւնը քանի մը օրէն կը տեղակայուի Հայաստանի մէջ: Հայաստան նախընտրութիւնը կու տայ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան, որուն երկու հարիւր անդամները կը պատրաստուին երկու տարուան համար տեղակայուիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին:
Ասիկա չէ միայն Լաւրովի յայտարարութեան էութիւնը: Նկատելի է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մասին խօսք չկայ այս յայտարարութեան մէջ: Իսկ ի՞նչ է Հայաստանի ակնկալութիւնը Ռուսիայէն: Հասկնալով հանդերձ, որ երկու երկիրներուն միջեւ միջնորդի դերը կը պահանջէ կողմնակալութենէ զերծ դիւանագիտական խօսելաձեւ, բայց եւ այնպէ՛ս, յարձակման պարագային ռազմավարական դաշնակիցը իրաւունք ունի ակնկալելու համապատասխան վերաբերում, այսինքն` նուազագոյնը յարձակողը մատնանշող, եթէ ոչ դատապարտող կեցուածք: ՀԱՊԿ-ի որոշ անդամներ կրնան ատիկա չընել, սակայն Ռուսիա պարտաւոր է ընելու:
Ռուսիոյ թերացումը պատճառ դարձաւ Հայաստանի կողմէ այլ միջնորդի փնտռտուքին: Եւրոպական Միութիւնը կրցաւ օգտագործել առիթը, Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիին մէջ ներկայութիւն մը ապահովելու համար: Հիմա, տագնապը լուծելու համար, ունինք կրկնակի միջնորդներ, որոնք համաշխարհային դիւանագիտութեան թոհուբոհին մէջ հակադրուած են իրարու: Հայաստան դարձաւ հետզհետէ խորացող հակամարտութիւններու թատերաբեմերէն մէկը: Եւրոպական դիտորդական առաքելութեան տրուած երկու տարուան ժամկէտը ցուցանիշ է, որ հայեւազրպէյճանական տագնապը շուտափոյթ լուծում չունի:
Լսումներու ընթացքին քաղաքական գործընթացի արմատական փոփոխութիւնը շեշտուեցաւ բազմաթիւ բանախօսներու կողմէ: Իրենց հակասութիւններուն մէջ խճճուած իշխանութիւնները չեն կրնար ելք գտնել իրենց իսկ ստեղծած անելէն: Փոփոխութիւնը ազգային տեսակէտէ հրամայական է: Ազգային ուժերու համախմբումը` անշրջանցելի: Բանախօսներուն մէջ գտնուեցան աճապարողներ ու շուտափոյթ լուծումի ջատագովներ: Եթէ անմիջական լուծում ապահովելու ընտրանքը արկածախնդրական է, սակայն լուծումի առաջնորդող քայլերու որդեգրումը հրամայական է
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com