կարևոր
3253 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-20 13:39
Քաղաքական

Բագրատունի Պահանջեց Պաշտօնական Պէյրութի Կեցուածքը` Բերձորի Միջանցքի Հարցով

Բագրատունի Պահանջեց Պաշտօնական Պէյրութի Կեցուածքը` Բերձորի Միջանցքի Հարցով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի հետ առնչուող շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:

Բագրատունի Պու Հապիպին ներկայացուց Բերձորի միջանցքի Ազրպէյճանի կողմէ փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակը եւ կրկնեց նախապէս ներկայացուցած պահանջը, որ Լիբանանի կառավարութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով անհրաժեշտ կեցուածքը որդեգրէ:

Նախարար Պու Հապիպ յայտնեց, որ արդէն իսկ արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրած է Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը` այս նիւթի արծարծման եւ համապատասխան կեցուածքի փոխանցման համար:

Բագրատունի կրկնեց նաեւ, որ ցարդ մասնաւոր զարգացում չէ պատահած Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած լիբանանցի Վիգէն Իւլճեքեանի կապակցութեամբ եւ պահանջեց, որ նախարարութիւնը անյապաղ վերարծարծէ այս հարցը: