Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր մտահոգիչ կացութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տալու եւ ժողովուրդին մտահոգութիւնները բաժնեկցելու նպատակով Լիբանան հրաւիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան հինգշաբթի, 4 նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին մասնակցեցաւ Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային հաւաքին, որուն ներկայ էին` գիւղին հոգեւոր հայրերը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի, պատկան մարմիններու ու միութեանց ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբի անդամ Ալին Քենտիրճեան կատարեց ձեռնարկին բացումը, նշեց, որ հանդիպումը ժողովրդային է, որովհետեւ ամէն մարդ մտահոգ է Հայաստանի ու Արցախի պարագայով, եւ ամէն մարդ կ՛ուզէ տեղեակ ըլլալ քաղաքական անցուդարձերէն, եղած սակարկութիւններէն եւ մանաւանդ վտանգներէն, որոնք կրնան մեր երկրին համար ճակատագրական ըլլալ: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի 2018-ին իշխանութեան եկած իմքայլականները որդեգրեցին աշխատանքային այնպիսի ձեւ մը, որ տկարացուց երկիրը, տկարացաւ նաեւ հայոց բանակը, եւ այս բոլորին հետեւանքը եղաւ այն, որ արցախեան այս վերջին պատերազմին Հայաստան մեծ հարուած ստացաւ նոյնինքն այդ իշխանութեան կողմէ եւ կրեց շատ մեծ վնասներ` մարդկային, հողային, հոգեբանական, իսկ այսօր ալ մեր ազգը կը գտնուի ճակատագրական փուլի մէջ:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամ Եսայի Հաւաթեան, որ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանը եւ ըսաւ, որ ան պիտի անդրադառնայ Հայաստանի ներքին կեանքի ծալքերուն, տեղի ունեցող զարգացումներուն, մեր երկրին ու ժողովուրդին սպառնացող վտանգներուն:
Անկէ ետք ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց Արթուր Խաչատրեան, որ անդրադառնալով պատերազմէն առաջ եւ ներկայիս Արցախի ու Հայաստանի կացութեան` ըսաւ, որ այսօր մեր հայրենիքի` ժողովրդավարութեան միջնաբերդ նկատուող երկրին մէջ տարրական իրաւունքները սահմանափակուած են, ազգային առումով նահանջ արձանագրուած է:
Ան նշեց, որ մեր հարցը զուտ Արցախի հարց չէ միայն, թէեւ մենք կորսնցուցինք Արցախի մեծ մասը եւ Հայաստանը Արցախին միացնող լեռներու վրայով անցնող ճամբայ, բայց եւ այնպէս շատ աւելի մտահոգիչ է հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հարցականի տակ ըլլալը, մանաւանդ որ այսօր սպառնալիքը հասած է նաեւ Հայաստանի սահմաններուն. «Ասիկա մեր ազգի ապագայի՛ խնդիրն է», շեշտեց ան եւ աւելցուց. «Մենք չենք ըսեր, որ յարաբերութիւն պէտք չէ ունենանք Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանի հետ, բայց հարցը հայութեան դէմ սպառնացող վտանգն է»:
Արթուր Խաչատրեան դիտել տուաւ, որ ամբողջ հայ ժողովուրդը պէտք է դէմ կանգնի այս պայմաններուն դէմ` չարտօնելով, որ հայաթափում ըլլայ, Արցախն ու Հայաստանը թրքանան: Ան նշեց, որ 9 նոյեմբերի յանձնուողական յայտարարութեան առիթով Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ եւս բողոքի ցոյցեր պիտի կազմակերպուին: Ան նշեց, որ եթէ ռուսական զօրքը չըլլար, Արցախը ամբողջութեամբ կրնայինք կորսնցնել: Խաչատրեան նաեւ շեշտեց, որ կայացող ու գաղտնի պահուող բանակցութիւնները պէտք է ըլլան քաղաքական եւ ոչ զինուորական բնոյթով, շեշտելով, որ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները տեղեակ չեն այդ բանակցութեանց մանրամասնութիւններուն:
Աւարտին Խաչատրեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
aztagdaily.com