կարևոր
4339 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-03 12:47
Քաղաքական

Ակնարկ. «Թրանս Կովկաս»-ը Փոխան 3+3-ի

Ակնարկ. «Թրանս Կովկաս»-ը Փոխան 3+3-ի

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հրապարակած «Թրանս Կովկաս»-ի նախագիծը կը թուի, որ Անգարայի նոր նախաձեռնութիւնն է:

Չաւուշօղլուն, անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ հեռահաղորդակցութիւններու զարգացման հարցերուն, նշած է, որ Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Վրաստանը եւ Իրանը եռակողմ եւ քառակողմ ձեւաչափերով կ՛աշխատին օգտագործել այդ կարելիութիւնները: «Թրանս Կովկաս» անուանուող ծրագիրին մասին խօսելով Չաւուշօղլուն յոյս յայտնած է, որ Հայաստանը եւս կը միանայ:

Նախքան Հայաստանի միացման ակնկալութիւնը քննելը, նախ նկատենք, որ այս նոր ձեւաչափը հաղորդակցային տեսքով, ըստ էութեան տարածաշրջանի ռազմավարական նոր համագործակցութեան ծրագիր է:

Երկրորդ անմիջական կէտը, որ կը նշմարուի այստեղ այն է, որ 3+3-ը, որ ըստ էութեան անվտանգային հարթակ էր համագործակցութեան, յայտնաբար չ՛աշխատիր կամ նոյնիսկ չէ կազմուած: Անդադար իբրեւ պատճառ կը նշուէր Թիֆլիսին չմիանալը պարզ այն պատճառով, որ պայմանաւորուած էր Ռուսիոյ ներկայութեամբ այդ ձեւաչափին մէջ:

Եթէ այնպէս կ՛ընկալենք, որ հաղորդակցային տեսքով ըստ էութեան այս նոր առաջադրուող ձեւաչափը եւս ռազմավարական բնոյթ ունի, հետեւաբար կը հետեւցնենք, որ Անգարայի կողմէ նախկինի փոխարինման փորձ է, որ կը կատարուի:

Շարունակենք բանալ փակագիծերը եւ անմիջապէս նկատենք, որ ի տարբերութիւն 3+3-ին, այս նոր նախագիծին մէջ Մոսկուան կը բացակայի: Եթէ Մոսկուան շրջանցուած է, ուրեմն Թիֆլիսը անպայման ներգրաւելու մօտեցումն է, որ կ՛երեւի:

Եռակողմ կամ քառակողմ ձեւաչափերը մտածել կու տան չորրորդին` Իրանի մասին: Իսկ եթէ Հայաստանը եւս միանայ, արդէն կը դառնայ հնգակողմանի ծրագիր:

Հիմա փորձենք ուրուագծել Անգարայի բուն նպատակը այս նոր նախագիծի մշակման մէջ: Եթէ նկատենք, որ վերջին շրջանին շատ կը գրուի Ծոց-Սեւ ծով ցամաքային տարանցիկութեան նոր ճանապարհաշինութեան մասին, ապա մեր առջեւ կը բացուի Իրան-Հայաստան-Վրաստան-Սեւ ծով-Եւրոպա ուղին: Այս կենսաճանապարհի նախագիծը վաղեմիութիւն ունի. սակայն յստակ քաղաքական արգելքներ կային, յատկապէս Իրանի շրջափակման եւ մեկուսացման աշխարհաքաղաքականութեան պարունակին մէջ: Նախադրեալներ կ՛երեւին, որ միջազգային արտօնութիւն պիտի տրուի այդ կապի ստեղծման համար:

«Թրանս Կովկաս»-ի քառակողմով Իրանը կ՛ապաշրջափակուի, բայց Ռուսիան դուրս կը մղուի: Մինչդեռ 3+3-ին մէջ Ռուսիան առանցքային դեր ունէր: Ծոց-Սեւ ծովով միայն չի սահմանափակուիր «Թրանս Կովկաս»-ի ծրագիրը: Թէ՛ եռակողմին եւ թէ՛ քառակողմին կամ հնգակողմանիին մէջ ներառուած է Ազրպէյճանը: Իսկ նոր հաղորդակցուղիները կ՛ենթադրեն նաեւ Թուրքիա-Ազրպէյճան ցամաքային առաջադրուած կապը` թուրանական կամուրջը:

Այս կամուրջը «Թրանս Կովկաս»-ի լուռ կէտն է. այդ պատճառով ալ, «եթէ Հայաստանը ցանկանայ, կրնայ միանալ «Թրանս Կովկաս»-ին, կը հաստատէ Անգարայի ներկայացուցիչը:

Թիֆլիսի յայտարարութենէն ետք, թէ Ռուսիան կը պարտուի, հետեւաբար պէտք է հեռանայ վրացական տարածքներէն, անկարելի կը դառնայ 3+3-ի գործարկումը: «Թրանս Կովկաս»-ը եռակողմ է, եթէ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Վրաստան է. քառակողմ է, եթէ այդ բոլորին վրայ կ՛աւելնայ Իրանը, հինգ կողմանի է, եթէ Հայաստանը ուզէ միանալ տարածաշրջանային այս նոր ծրագիրին:

«Թրանս Կովկաս»-ի մէջ չներգրաւուած Մոսկուան տակաւին չէ արձագանգած:

«Ա.»
aztagdaily.com