կարևոր
2587 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-09-30 13:46
Հասարակություն

«Բացիկներ»՝ Նիւ Եորքի Մ.Ա.Կ.-ի Բեմահարթակէն

«Բացիկներ»՝ Նիւ Եորքի Մ.Ա.Կ.-ի Բեմահարթակէն

Սեպտեմբերի վերջերուն, արտակարգօրէն խճողուած կ՛ըլլայ Նիւ Եորքը։ Ընթացիկ եռուզեռին կողքին, Աշխարհի բոլոր երկիրներէն ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ հիւրն են Մ.Ա.Կ.-ի կեդրոնատեղիին, ուր տեղի կ՚ունենայ քանի մը օրերու վրայ երկարող՝ գլխաւոր համաժողովի նստաշրջանը։

Աշխարհի զանազան «տաք» հարցերը սեղանի վրայ կը դրուին եւ կը քննարկուին այս համաժողովներուն։ Մինչեւ իսկ քաղաքական աշխարհի դէպքերը հեռուէն դիտող բնակիչն անգամ գիտէ, նախապատրաստուած ալ էր, որ այս տարուան՝ 77-րդ նստաշրջանին «Առիւծի բաժին»ը պիտի խլէր Ուքրայինան: Արեւմուտքին համար, Մ.Ա.Կ.-ի այս բեմահարթակը առիթ մը եղաւ, որ քաղաքական, զինուորական, տնտեսական եւ հազար ու մէկ այլ հաշիւներով՝ աւելի կազմակերպուած ձեւով կատարուի Ուքրայինայի (այսինքն․․․ Արեւմուտքի շահերուն) պաշտպանութիւնը։

Ուքրայինան թէեւ կը մնար աշխարհի կիզակէտը (կան նաեւ այլ հրատապ հարցեր), սակայն հայերուս համար խիստ կարեւոր էր Արցախի հիմնահարցն ու Հայաստանի վրայ վերջին օրերուն ատրպէյճանական յարձակումին մասին արտայայտուելիք տեղեկութիւնները։

Այս մասին խօսք առին Հայաստանի վարչապետն ու Ատրպէյճանի բռնապետը։

Բոլորովին տարբեր էր անոնց հայեցակէտը, հակոտնեայ, տարբեր բեւեռներ ներկայացնող։

Ալիեւ յոխորտանքով յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ պայքարիլ Հայաստանի դէմ, բացատրելով, թէ Հայաստանին մնացած հողերն ալ պատկանած են․․․ «պատմական Ատրպէյճանին»։ Անոր պատուիրակութեան այլ անդամներ եւս, ներառեալ Ուաշինկթընի մօտ դեսպանը, նոյնպիսի ծայրայեղականութեամբ շեշտեց, թէ պայքարը պիտի շարունակեն, մինչեւ Մեծն Ատրպէյճանի ստեղծումը։ Ատրպէյճանը դարպասողներու միտքէն չանցաւ հարց տալ, թէ սա ի՞նչ «պատմական Ատրպէյճան» է, որ իրը նկատած է եւ կը նկատէ Հայաստանը, երբ նոյնիքն Ատրպէյճան կոչուած միաւորը աշխարհի քարտէսին վրայ երեւցաւ միայն 1918-ին, իբրեւ նոր պատուհաս ծագելով հազարաւոր տարիներ հոն բազմած եւ իր գոյութիւնը պահպանած Հայաստանի կողքին:

Ցանկապատին այս կողմը, Հ․Հ․ վարչապետ Փաշինեանի քաղաքականութիւնն ու մօտեցումը խաղաղութեան մաշած եւ նոյն տողը կրկնող ու կրկնող ձայնապնակն էր։

Արդար ըլլալու համար նշենք, որ իր խօսքին սկիզբը, Փաշինեան բաւական մանրամասն տեղեկութիւններով ներկայացուց ազերիներուն յարձակումն ու գործած աւերը։ Քանդուած բնակարաններ, փճացուած ենթակառոյցներ, անտուն բնակիչներ եւ երկու հարիւրէ աւելի զոհեր։ Ան այս անգամ չվարանեցաւ պահանջելու, որ Ատրպէյճան պէտք է դատապարտուի:

Յետոյ եկաւ տարօրինակ շրջում մը: Վարչապետը անգամ մը եւս յիշեցուց, որ իր ճառախօսութիւններուն մէջ սխալները եւ կաֆերը անխուսափելի են: Անոր միտքը դարձեալ «փայլատակեց» ի լուր աշխարհի եւ մանաւանդ իրենց ակռաները սրած Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ առջեւ: Ահա թէ ինչ ըսաւ. «Եթէ Ատրպէյճանը ճանաչի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ոչ թէ տեսականօրէն, այլ կոնկրէտ,– ես նկատի ունեմ մեր միջազգայնօրէն ճանաչուած 29.800 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի ամբողջականութիւնը,– կը նշանակի, որ մենք կարող ենք խաղաղութեան պայմանագիր կնքել՝ փոխադարձաբար ճանաչելով միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը»։

Յստակ է, չէ՞. այս մէկ արտայայտութեամբ, Փաշինեան հաստատեց, որ վերջնականապէս եւ իր ամբողջութեանը մէջ «ծախած» է Արցախը։

Այս քանի մը տողը բաւարար են, հասկնալու համար, թէ ո՛ւր հասած է հայրենի դիւանագիտութիւնը, դիւանագիտական տրամաբանութի՛ւնը։ Կարելի է ունկնդրել կամ կարդալ վարչապետին ամբողջ ճառը, որուն մէջ ոչ մէկ խօսք՝ Արցախի քաղաքական տարրական իրաւունքներուն մասին։ Իսկ «Ատրպէյճանի կազմին մէջ Արցախ» մը, որ այլ յանկերգ մըն է վարչապետին ու ՔՊ-ականներու բերնին, գիտենք, թէ ո՛ւր պիտի հասցնէ հայկական այս երկրամասը:

Զարմանալին այն է (եթէ դեռ զարմանալու տեղ մնացած է), որ ՄԱԿ-ի մէջ այս կեցուածքները կը փայլատակեն այն օրերուն, երբ Հայաստանի պատուիրակութեան «քիթին տակ», Ուաշինկթըն կը գտնուէր Արցախի արտաքին գործոց նախարարը՝ Դաւիթ Բաբայեան։

Այլ մէջբերում մը՝ վարչապետ Փաշինեանի «փիլիսոփայութիւններէն»․- «Բայց հիմա ինչո՞վ է բացատրւում Ատրպէյճանի յարձակումը։ Գիտէք, եթէ ինչ-որ մէկի մօտ յարձակողութեան աւելցուկ կայ, պատճառը միշտ կը գտնուի։ Ինչպէս ասւում է ֆիլմում, միշտ հնարաւոր է պատճառ գտնել։ Օրինակ՝ ինչո՞ւ են սպաննել արքայազն Համլէթին։ Ո՞վ է սպանել, ինչպէ՞ս, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ, կարեւոր չէ. իրականութիւնն այն է, որ Ատրպէյճանը փորձում է եւ շարունակելու է օգտագործել սահմանազատման գործընթացը Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջների համար»։ Չենք հարցներ, թէ այս խօսքերը արտասանողը արդեօք կը հասկնա՞յ ըսածին մանաւանդ վերջին մասին իմաստը…

Հոս ալ, վարչապետը կը փորձէ քողարկուած խաղաղասիրութեամբ լուծել հարցը եւ եօթներորդ արուեստի հետքերով կը փորձէ պատկերազարդ նկարագրական մը ցուցահանել։

…Թաւշեայ յեղափոխականը մոռցած է Խրիմեան Հայրիկն ու «Երկաթէ շերեփ»ը։ Ի՜նչ Խրիմեան Հայրիկ, ի՜նչ շերեփ, ի՜նչ ֆետայիներ, «նեմեսիս» ու արցախեան նահատակներ…:

Ինչպէ՜ս չյիշել չորրորդ դարաշրջանի լատին գրող Վեճեթիուսի պատմական մէկ խօսքը, որ ի զօրու է բոլոր ժամանակներուն համար. «Եթէ խաղաղութիւն կ՚ուզես, պատերազմէ՛» (Si vis pacem, para bellum)։ Այս մտածումին մէջ չկայ խաղաղութիւն եւ խաղաղասիրութիւն մերժելու թելադրանք, այլ յստակ պատգամ, թէ երբ թշնամիդ խաղաղութիւն չի ցանկար, դուն չես կրնար միակողմանի խաղաղութիւն որոնել: Դո՛ւք ըսէք, թէ դաժան նման իրականութենէ ինքզինք կտրողն ու միակողմանիօրէն խաղաղութիւն յանկերգողը ի՛նչ պէտք է կոչել:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական