Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն, Յունաստանի ամբողջ Դաշնակցական կառոյցի եւ իրեն համակիր զանգուածներու անունով՝ խստօրէն կը դատապարտէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի բազմամեայ ներկայացուցիչ, Արցախեան ազատամարտի կազմակերպիչներէն Հրանդ Մարգարեանի դէմ յարձակման փորձն ու շանթաժը, իր ընտանիքի անդամներու եւ փոքրիկ թոռներուն հետ պտոյտի ընթացքին։ Դաշնակցական գործիչի մը դէմ ուղղուած մարմնային թէ լոզունգային յարձակումն ու հայհոյանքները եւ ահարկութեան մթնոլորտի սադրիչ ստեղծումը, անընդունելի կը համարենք եւ կտրուկ կը մերժենք։
Կը հաւատանք, թէ դէպքի դատապարտումը եւ մեղաւորներու բացայայտումն ու արարքի ետին կանգնած անձերու օրինական պատասխանատուութեան պարտադրումը՝ ժողովրդավարական երկրի եւ ժողովրդավար իւրաքանչիւր քաղաքացիի պարտքն է։ Այդ պատճառով է, որ անհասկնալի կը գտնենք, պետական պաշտօնական դատապարտման բացակայութիւնը, մինչեւ այս պահուն։
Խոր մտահոգութեամբ կ’արձանագրենք, մեր երկրէն ներս ատելութեան ու թշնամութեան սնուցանիչ ընդհանուր քաղաքականութեան մը հետեւանքը, որ «համացանցային խուլիկանութենէն» անցնելով, փողոց կ’իջնէ, յարձակողական կոչերով ու ատելութեան խօսքերով, բաժանարար մթնոլորտ պարտադրելով մեր ժողովուրդին։
Կ’ուզենք հաւատալ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ պրն. Նիկոլ Փաշինեան, լրջօրէն գիտակցելով հայրենիքի եւ ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդման կարեւորութեան, անյապաղ պիտի նախաձեռնէ լարուած մթնոլորտը լիցքաթափելու յստակ քայլերու, պատահարը դատապարտելով եւ օրինական պատասխանատուութիւնը պարտադրելով, մեր երկրի ներքին անդորրն ու համերաշխութիւնը երաշխաւորելով։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Աթէնք, 19 Մայիս 2019