Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ «Թեհլիրեան» ակումբի վերանորոգ սրահի բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 12 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներուն, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի եւ Հատասի քաղաքապետներուն, նախկին եւ ներկայ երեսփոխաններու եւ նախարարներու, ՀՅԴ Լիբանանի կոմիտէներու ներկայացուցիչներու եւ ուղեկից միութիւններու եւ շրջանի ժողովուրդին:
«Թեհլիրեան» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Քրիսթին Սրապոնեան, որ յայտնեց, թէ հաւաքուած ենք «Սողոմոն Թեհլիրեան»-ի վերանորոգուած սրահի բացման արարողութեան մասնակցելու, բարերարութեամբ` նախկին երեսփոխան Ալեքսան Մաթոսեանի: Սրապոնեան հաստատեց, որ այս սրահը պիտի յատկացուի ժողովուրդին հետ առնչուած տարբեր ծրագիրներու գործադրութեան:
Ապա խօսք առաւ «Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ռոպեր Էշքիեան, որ նշեց, թէ այս օրերը կը զուգադիպին ՀՅԴ 132-ամեակի տօնակատարութիւններուն եւ առիթ կը հանդիսանան, որ Դաշնակցութիւնը ներկայանայ ժողովուրդին իր կատարած եւ կատարելիք ծառայութիւններուն մասին խօսելու համար:
Այս առաջադրանքներու պարունակին մէջ է, որ ՀՅԴ «Թեհլիրեան» կոմիտէն ձեռնարկած է իր սրահի վերանորոգման աշխատանքներուն: Այս աշխատանքները բնականաբար ինքնանպատակ չեն եւ կը միտին աւելի սերտացնել ժողովուրդ- կուսակցութիւն կապը:
Այս աշխատանքի իրականացման համար, նշեց Էշքիեան, կոմիտէն վայելեց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, ինչպէս նաեւ կոմիտէի նուիրատուներուն: Ռոպեր Էշքիեան յատուկ կերպով նշեց բարերարութիւնը նախկին երեսփոխան Ալեքսան Մաթոսեանին, որ նաեւ մօտէն հետեւեցաւ սրահի վերանորոգման աշխատանքներուն:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը ուղղեց Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ հատատեց, որ շատ մը կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ ընտրական շարժառիթներով նախընտրական-յետընտրական շրջաններուն կը բանան եւ ապա կը փակեն կեդրոններ: Մեր կեդրոնները մնայուն են եւ կը նպատակադրեն ժողովրդային տունի հանգամանքով մնայուն ծառայել ժողովուրդին: Մեր ակումբները ժողովրդային տուներ են եւ միայն ընտրական նպատակ չեն հետապնդեր: Մեր ժողովրդային տուները բաց են բոլորին առջեւ, բոլոր անոնք, որոնք մուտք կը գործեն այս տուներէն ներս, կ՛արժանանան գուրգուրանքի եւ ընկերական վերաբերումի:
Այս վերանորոգ սրահը պիտի ըլլայ նաեւ երիտասարդական կեդրոն, հաճելին եւ օգտակարն ու դաստիարակչականը իրար միաձուլելով միջավայր պիտի դառնայ` երիտասարդական առողջ միջավայր ձեւաւորելով: Բագրատունի գնահատեց բարերար Ալեքսան Մաթոսեանին այս նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ նման աջակցութիւններով է, որ կարելի կ՛ըլլայ իրականութիւն դարձնել մեր առաջադրանքներուն համապատասխան ծրագիրներ եւ շարունակել միշտ ծառայել մեր ժողովուրդին:
«Այս կեդրոնը մեր ժողովուրդին է, ապրեցուցէ՛ք զայն, ու միասնաբար կը պահենք մեր ազգային ու հայեցի դիմադրականութիւնը», եզրակացուց Յակոբ Բագրատունի: