Փոխարժեքներ
23 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 395.05 |
EUR | ⚊ | € 410.46 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.85 |
GBP | ⚊ | £ 494.09 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.22 |
Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2022-ին, հալէպահայութիւնը համախմբուեցաւ ու Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով պահանջատէրի իր կեցուածքը այս անգամ արտայայտեց ԱՄԺ Տունէն դէպի Ազգ. գերեզմանատուն ժողովրդային ջահերթով։
Ջահերթը կազմակերպած էր ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը: Անոր կը մասնակցէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան, Բերիոյ Թեմի հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Հոգշ. Հայր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Ազգ. Իշխանութեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայնի Կեդրոնական Վարչութիւններու ներկայացուցիչները, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխանը, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդականը, ՀՀ մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչները, քահանայ հայրեր, բարեսիրական, մարզական, մշակութային եւ երիտասարդական միութիւններու անդամներ ու հարիւրաւոր երիտասարդներ։
Ջահերթը Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ դրօշներով առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի փողերախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մհեր Սուսանիի։
Յաջորդաբար ջահերով տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի սկաուտական շարքերը, ՍԵՄ-ի, ՔՈՄ-ի երտասարդները, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան ու Համազգայինի, ՍՕԽ-ի եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան անդամները, այնուհետեւ ժողովուրդը՝ օրուան կարգախօսը պարզող եւ Թուրքիան դատապարտող պաստառներով ու ցուցատախտակներով:
Հալէպի փողոցները պահանջատիրութեան կանչերով թնդացին։ Շրջանի բնակիչները իրենց պատշգամներէն մոմեր բռնած կը զօրակցէին տողանցողներուն։
Ազգ. գերեզմանատան մուտքին փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները: Գերզմանատան սեմին զետեղուած էին 1915֊ին նահատակուած մտաւորականերու պատկերները, սերունդներու յիշոշութեան մէջ վառ պահելու հայ նահատակներուն արեան կանչը։
Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշաքարին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, ապա հայ հոգեւոր պետերը միացնելով իրենց ջահերը վառեցին յուշաքարին մօտ գտնուող ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը խորհրդանշող ջահը։
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր նահատակներուն: Ապա ընթացք առաւ գեղարուեստական տպաւորիչ յայտագիր մը։
ՍԵՄ-ակաները հանդէս եկան Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը դատապարտող, հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները ուրուագծող եւ մեր գոյերթին մէջ երիտասարդութեան դերը շեշտադրող հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով։ Ապա մեներգով, ասմունքով եւ խմբերգով ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինը հրամցուցին։
Այնուհետեւ ՍԵՄ-ի Կենդրոնական Վարչութեան խօսքը արտասանեց Թինա Գասպարեան՝ շեշտելով, որ «Սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ։ Ապրիլեան ոգեկոչման ձեռնարկներու նախօրեակին համախմբուած ենք կրկին հաղորդակից դառնալու մեր նահատակներու կտակին։ հաւաքուած ենք ոչ թէ սգալու, այլ վերստին հաստատելու մեր աննահանջ երթը դէպի վերջնական յաղթանակ։ Մեր արդար դատին վերջնական, արդար հատուցման ճանապարհը բնականաբար պիտի հանդիպի խոչնդոտներու։ Ահա թէ ինչո՛ւ մեր նահատակներուն պատգամը պիտի չմնայ պարզապէս պատմութեան էջերուն մէջ, այլ գործի պիտի վերածուի։
Մեր սուգը յաւերժ չի կրնար ըլլալ, որովհետև կայ անդուլ պայքար»։
Աւարտին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան ներկաներուն իր պատգամը ուղղելով ըսաւ. «Այս ջահերթը կը վկայէ, որ հալէպահայութիւնը հաստատակամ է իր պայքարին մէջ։ Ժողովուրդ մը, որ ապրեցաւ բազմաթիւ դժուարութիւններ, ապրեցաւ պատերազմ նոյն թշնամիին կողմէ հրահրուած, սակայն կանգուն մնաց։ Այսօր մեր հաւաքական ներկայութիւնը այստեղ յարութեան եւ յոյսի պատգամն է։
Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան բեկորները ուր որ գացին ծաղկեցուցին, ստեղծագործ իրենց ներկայութեամբ յատկանշուեցան։
Մեր փափաքն է, որ Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը միասնութեամբ այս ջահին նման մնան լուսաւոր ու վառ։ Այս օրերը ուխտի օրեր են մեզի համար։ Ուխտենք հաւաքական մեր աշխատանքով, պայքարով կեանքի կոչել մեր սրբադասուած նահատակներուն պատգամը»։
Սրբազան Հայրը եզրափակելով ըսաւ, որ Հալէպ ազատագրուեցաւ թուրքին հրոսակներէն շնորհիւ երկրիս վսեմաշուք նախագահին եւ Սուրիոյ արի բանակին, եւ մենք անգամ մը եւս առիթ ունեցանք խաղաղ պայմաններու մէջ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները։
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Ժիրայր Կարապետեան
kantsasar.com