Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան երէկ` հինգշաբթի, 4 նոյեմբերին, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի, այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Խաչատրեան նախ շնորհաւորեց հոգեւոր տէրը իր ընտրութեան առիթով: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Արցախի ներկայ ճգնաժամային կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ համահայկական օրակարգերու: Ազգային արժէքներու եւ հայկական ինքնութեան պահպանումը դարձան առանցք նաեւ հանդիպումին արծարծուած մտածումներուն:
Արթուր Խաչատրեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի, այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ: Վեր. Գարակէօզեան անդրադարձաւ հայ աւետարանական համայնքի Հայաստանի ու Արցախի մէջ ծաւալած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ առաքելութեան: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ազգային ներկայ հիմնախնդիրները:
Արթուր Խաչատրեան այցելեց նաեւ Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի հետ: Սրբազանը անդրադարձաւ լիբանանահայութեան ընկերային-տնտեսական ճգնաժամին, ինչպէս նաեւ հանդիպումը առիթ դարձաւ արծարծելու արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք համայն հայութեան ապրած ծանր հոգեվիճակը, եւ շեշտը դրուեցաւ պարտուողական այդ հոգեբանութենէն արագօրէն դուրս գալու եւ հայութեան պայքարելու կամքն ու կորովը վերահաստատելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Իր հանդիպումներու ծիրին մէջ Խաչատրեան այցելեց նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Քաղաքապետը անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ծրագիրներուն եւ այսօրուան ճգնաժամին մէջ բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն` հաստատելով, որ քաղաքապետութիւնը, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, կը փորձէ իր կարելին ի գործ դնել Պուրճ Համուտի ժողովուրդի կարիքներուն անսալու համար:
Քաղաքապետին հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Արթուր Խաչատրեան գնահատեց լիբանանահայ համայնքի կազմակերպ աշխատանքը եւ տնտեսական ու առողջապահական ճգնաժամերու յաղթահարման համար անոր ցուցաբերած վճռակամութիւնը` հաստատելով, որ լիբանանահայութիւնը, ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկայիս ի վիճակի է դարձեալ վերագտնելու իր կենսունակութիւնը եւ համահայկական օրակարգերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի համար մնալու պատնէշի առաջին դիրքերու վրայ:
Երեկոյեան Արթուր Խաչատրեան, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, այցելեց Այնճար: Տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում. ան զեկուցեց Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ ճգնաժամային կացութեան մասին: Խաչատրեան այցելեց Այնճարի քաղաքապետարան եւ հանդիպում ունեցաւ նաեւ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամները: Խաչատրեան այցելեց նաեւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տուն:
aztagdaily.com