Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
asbarez.com, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի հիմնադիր համաատենապետ Ֆրենք Փալոն եւ Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբի ատենապետ Նիթա Լօուի 12 Յունիսին Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն բացատրեցին, թէ ինչո՛ւ պէտք է անյապաղ վերցնել Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ կամայականօրէն հաստատուած ճամբորդութեան եւ հաղորդակցութեան արգելքները։
Քննարկումը կարելի է դիտել https://youtu.be/Gdyx34HcQ6Y կայքէջին վրայ։
Նշենք, որ այս նպատակով, Փալոն եւ անոր գաղափարակից երկվեցեակ մը քոնկրեսականներ Մարտին պաշտօնապէս Քոնկրեսին ներկայացուցին բանաձեւ մը՝ հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներու աջակցութիւնը վայելող, որ կոչ կ՛ընէ՝ վերացնելու Արցախ այցելելու դէմ դրուած արհեստական արգելքները, Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ ազատ երթեւեկութիւն ու անխափան հաղորդակցութիւն ապահովելու նպատակով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Փալոնի ջանքերը։
Յիշեցնենք, որ Փալոն անցեալ շաբաթ նաեւ առաջարկած էր 2020ի պետական ամավարկէն ոչ մէկ գումար ծախսել՝ պարտադրելու համար Արցախի հետ յարաբերութիւններուն արգելք հանդիսանալու ամերիկեան կառավարութեան որոշումը։
Փալոն կը շեշտէ, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պէտք է աջակցին աշխարհի տարածքին ազատ երկխօսութիւն եւ կարծիքներու փոխանակում ապահովելու ջանքերուն՝ յիշեցնելով, որ ինք անձամբ ականատես դարձած է այն իրողութեան, որ Արցախ ունի ժողովրդավարական օրէնքները յարգող եւ յաջողած կառավարութիւն մը, որուն հետ յարաբերութեանց դիմաց Միացեալ Նահանգները կամ այլ երկիրներ արգելք պէտք չէ դնեն:
Նշենք, որ Փալոն քանի մը առիթներով Արցախ այցելած է։
Ցարդ թիւ 190 բանաձեւը ունի 20 հովանաւորներ, որոնք են՝ Կաս Պիլիրաքիս, Սալուտ Քարպահալ, Ճուտի Չու, Տէյվիտ Սիսիլին, Քեթրին Քլարք, Ճիմ Քոսթա, Աննա Էշու, Թուլսի Կապարտ, Փիթըր Քինկ, Ռաճա Քրիշնամուրթի, Զոյի Լոֆկրըն, Էլըն Լօունթալ, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Կրէյս Նափոլիթանօ, Ճենիս Շաքովսքի, Էտըմ Շիֆ, Պրետ Շըրմըն, Ճեքի Սփիր եւ Փիթըր Վիսքլովսքի:
Արցախի ի նպաստ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերուն ծանօթանալու համար՝ այցելել anca.org/anca360 կայքէջը: