կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-26 14:44
Քաղաքական

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Կողմէ Կրօնական Վայրերու Պաշտպանութեան Սէուտական Բանաձեւի Որդեգրումը Ողջունող Նամակ Մը Յղեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Կողմէ Կրօնական Վայրերու Պաշտպանութեան Սէուտական Բանաձեւի Որդեգրումը Ողջունող Նամակ Մը Յղեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրումը Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցած «Կրօնական վայրերը պաշտպանելու խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան մշակոյթի մը ջատագովումը» խորագիրով բանաձեւին, որ կը դատապարտէ կրօնական վայրերու եւ խորհրդանիշներու դէմ բռնարարքները, սպառնալիքները, այդ վայրերու քանդումը, զանոնք վնասելը կամ վտանգելը:

Մարմինը յիշեցուց 27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան վրայ Թուրքիոյ եւ Լիպիայէն ու Սուրիայէն ահաբեկչական վարձկաններու ամբողջական աջակցութեամբ շղթայազերծուած յարձակումը, եւ թուեց այդ յարձակումին պատճառով Արցախի մէջ հայկական մշակութային ու կրօնական կոթողներուն հասած դիտաւորեալ վնասները` նշելով, որ անոնք կը յիշեցնեն 2005-2006 թուականներուն ազրպէյճանական բանակին կողմէ Հին Ջուղայի մէջ հազարաւոր խաչքարերու քանդումը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ջերմօրէն ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ ներկայացուած բանաձեւին միաձայնութեամբ որդեգրումը եւ սէուտական կառավարութեան կոչ ուղղեց` իբրեւ առնչակից բանաձեւի հեղինակ ընդգծելու Արցախի օրինակը եւ այդտեղի կացութեան վերաբերեալ մարմինին խոր մտահոգութիւնը արծարծելու միջազգային հարթակներու վրայ` Արցախի մէջ գտնուող հարիւրաւոր հայկական մշակութային, հոգեւոր եւ պատմական ժառանգութիւնը պաշտպանելու համար Ազրպէյճանի պետական մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութենէն:

aztagdaily.com