կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-09-03 20:57
Աշխարհ

Պարտաւո՛ր Ենք, Ե՛ւ՝ Պարտական

Պարտաւո՛ր Ենք, Ե՛ւ՝ Պարտական

Կարելի չէ բացատրել Լիբանանի ներկայ իրավիճակը:

Ահազանգայի՞ն, ճգնաժամայի՞ն, թէ՞ քաոսային: Վստա՛հաբար բոլորը միասին, որոնք ստեղծած են անհանդուրժելի եւ անտանելի կացութիւն:

Այլ ձեւով դժուար է ներկայացնել այս օրերու Լիբանանը:

Բազմաթիւ պատերազմեր ապրած, դիմագրաւած եւ շատ բան յաղթահարած Լիբանանը երկար ատենէ ի վեր գահավէժ վիճակի մէջ է: Այս անգամ տնտեսական ահաւոր տագնապն է, որ երկիրը փոխադրած է դէպի անդունդ:

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու եւ մասնագէտներու, աշխարհի պատմութեան վերջին երկու հարիւր տարիներուն, նմանօրինակ ահաւոր կացութիւն չէ ստեղծուած:

Փուլ եկած է ամբողջ համակարգը:

Երբեմնի «Միջին Արեւելքի Զուիցերիա»-ն վերածուած է ԴԺՈԽՔի:

Դժբախտաբար ա՛յս է Լիբանանի պատկերը, ու բնականաբար հոն ապրող, շնչող եւ գործող հայը լիովին բաժնեկից է տառապանքին: Նուազագոյնի իջած են մարդկօրէն ապրելու ամէնէն տարրական իրաւունքներն ու կարիքները, սկսելով տարրական սնունդէն մինչեւ ելեկտրականութեան եւ նոյնիսկ ջրաբաշխման դժուարութիւնները, դեղորայքի պակասն ու առողջական – առողջապահական համակարգի բացակայութիւնը: Նախորդ փուլին, ամէն բան պայծառ չէր, սակայն հիմա՞…
Բնականաբար, ամէն մէկ հայորդիի պարտականութիւնն է, պարտաւորութիւնն ու պա՛րտքն է ձեռք երկարել եւ գործի լծուիլ ի նպաստ Լիբանանի հայութեան: Աշխարհի չորս ծագերէն, իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է ժամանակ չկորսնցնել եւ հասցնել նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւն, Երեւանէն մինչեւ Եւրոպա, հեռաւոր Նոր Աշխարհ, Ովկիանիա եւ այլուր:

Երազներով չենք տարուիր, այլ իրատեսութիւնը մէկդի չենք դներ:

Ողբերգական վիճակին դիմաց, այս փուլին, շատ բան չենք կրնար ակնկալել Հայաստանի նոր կառավարութենէն: Հոն, պատերազմ կորսնցուցած ղեկավարութիւն մը ցայսօր չէ կրցած դուրս գալ այդ ահաւոր հարուածին տակէն, չկարենալով պատշաճ կերպով օգնութեան հասնիլ անտուն եւ անտիրական հազարաւոր արցախցիներու, որոնց վրայ օրէ օր կը գումարուին Հայաստանի սահմանային շրջաններու բնակիչները…:

Մթնոլորտը այլապէս ալ հեղձուցիչ է հո՛ն: 19 Բաղրամեան շէնքին մէջ, ուր ընդդիմութիւն հասկացութիւնն անգամ կարելի չէ բացատրել եւ բացատրուիլ. կայ մեծամասնութիւն մը, որ հետաքրքրուած չէ, թէ Շուշին, Հատրութն ու արցախեան այլ հողեր ի՞նչ պայմաններու տակ գրաւուած կամ յանձնուած են: Այս իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, ցաւօք սրտի, գործնապէս ժամավաճառութիւն պիտի ըլլայ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան մասին խօսիլը: Հաւանաբար Հայաստան հաստատուած լիբանահայերու մօտեցումն ու ակնկալումը պիտի ըլլան տարբեր:

Հեռու մնալով այդ լաբիւրինթոսէն եւ մէկդի դնելով անտեղի վիճաբանութիւնները, հայորդին պէ՛տք է եւ պիտի՛ օգնէ լիբանանահայութեան:

Քանի մը տարի առաջ, սուրիահայութեան օժանդակութեան (որ, ի դէպ, այսօր ալ կը մնայ վիրաւոր) փութացած էր հայորդին: Այսօր, նոյնքան առաջնահերթ եւ անհրաժեշտ է լիբանանահայութեան շտապ օժանդակութիւնը:

Կարիք չկայ բացատրելու, ներկայացնելու եւ մանրամասնելու, թէ լիբանանահայ գաղութը որքա՛ն կարեւոր դեռ ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ համահայկական մակարդակի վրայ:

Պարզ ու մեկին. պարտաւո՛ր ենք, ե՛ւ՝ պարտական լիբանանահայութեան:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական

hairenikweekly.com