Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մայիս 11ին «Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Սարին Փոլատեանի հետ հեռակապով հարցազրոյցի ընթացքին Գանատայի փոքր առեւտուրի եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Մէյրի Ինկ դրուատեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքի ղեկավարման արժանիքները, բարձրօրէն գնահատելով յանձնախումբի նախաձեռնած Հայոց Ցեղասպանութեան առցանց ոգեկոչումը։ Նախարարուհին նաեւ գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ առողջապահական դիմակներ պատրաստելու նախաձեռնութիւնը։
Հարցազրոյցի ընթացքին նախարարուհին փոխանցեց Գանատայի կառավարութեան կողմէ փոքր առեւտրական հաստատութիւններու տրամադրուող նպաստներու տեղեկութիւնները։