Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 24 յունուարին հեռաձայնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, որպէսզի, ինչպէս Սպիտակ տունը նշեց, «արտայայտէ մեր հնագոյն դաշնակիցին հետ երկկողմանի կապերը ամրապնդելու ցանկութիւնը»: Երկու ղեկավարները համաձայնեցան սերտ համագործակցութեան կարիքին շուրջ, ինչպէս նաեւ` միասնաբար աշխատիլ արտաքին քաղաքականութեան հասարակաց առաջնահերթութիւններու, որոնց շարքին` Ռուսիոյ եւ Միջին Արեւելքի շուրջ: Ֆրանսայի նախագահը Պայտընին յայտնեց, որ իր երկիրը` «Միացեալ Նահանգներու հետ պիտի գործակցի իրանեան հիւլէական ծրագիրին եւ Լիբանանի կացութեան շուրջ»:
Երեք օր ետք` 27 յունուարին, տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն` Անթընի Պլինքընի եւ Ժան-Իվ լը Տրիանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը իր կարգին յայտարարեց «Ֆրանսայի` մեր հնագոյն դաշնակիցին ու այլ գործընկերներուն հետ աշխատելու» իր երկրին փափաքը:
Պէյրութի մէջ մեծ աւեր գործած 4 օգոստոս 2020-ի պայթումէն ետք, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երկու առիթներով այցելեց Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ:
Իրադարձութիւնները` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլիի Լիբանան իրերայաջորդ այցելութիւնները, պաշտօնական հանդիպումները, Մաքրոնի այցելութեան առիթով քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու ֆրանսական դեսպանատան մէջ համախմբումն ու նոր կառավարութեան կազմութեան եւ քաղաքական նոր ուխտի մը ձեւաւորման հարցերով ֆրանսական նախաձեռնութիւնները ցոյց տուին, որ լիբանանեան կացութեան կարգաւորումը օրին իր նախագահական ընտրութեան օրակարգով զբաղած ամերիկեան կողմի օրհնութեամբ վստահուած է Լիբանանի «գթառատ մօր»` Ֆրանսային:
Ամերիկեան նոր վարչակազմի կազմութիւնն ու աջակցութիւնը ոչինչ փոխեց այդ դասաւորումէն ու ստեղծուած իրավիճակէն: Լիբանանի կացութեան կարգաւորման Փարիզի ջանքերը մնացին ապարդիւն:
Մաքրոն «Ֆրանսական նախաձեռնութեան» ծիրին մէջ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն 15 օրուան պայմանաժամ ճշդած էր` կառավարութիւն կազմելու: Այդ պայմանաժամը, սակայն, 16 սեպտեմբեր 2020-ին աւարտեցաւ եւ երկարաձգուեցաւ 24 ժամով, ապա երրորդ անգամ` ըլլալով երկարաձգուեցաւ, այս անգամ` մինչեւ 20 սեպտեմբեր: Այդ թուականէն ետք երկարաձգումը դարձաւ անժամկէտ: Երկարաձգումներ, որոնք մեծ վնաս հասցուցին Ֆրանսայի եւ անոր նախագահի վարկին, ուստի հարկ էր անել կացութենէն դուրս գալու ելք մը գտնել:
Յունիս 29-ին Հռոմի մէջ «Քսաններու խմբակ»-ի ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներ` Էնթընի Պլինքընի, Ժան Իվ Լը Տրիանի եւ Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին միջեւ: Պլինքըն յայտարարեց, որ իր պաշտօնակիցներուն հետ «կարեւոր քննարկում մը կատարած է»: Այդ հանդիպումին մէջ կարեւորն ու ամէնէն նշանակալիցը, սակայն, Սէուտական Արաբիոյ դիւանագիտութեան պետին մասնակցութիւնն է: Ասիկա նշանակալից է նաեւ այն առումով, որ թագաւորութիւնը երկար ատենէ ի վեր լուռ կը մնար ու ինքզինք զանց կը կացուցէր Լիբանանի մէջ տիրող աղէտալի կացութեան բոլոր երեսներէն:
Եռակողմ հանդիպումէն չորս օր առաջ` 25 յունիսին, արդէն տեղի ունեցած էր Պլինքըն¬Լը Տրիան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկած էին Լիբանանի կացութիւնը եւ միասնաբար զգուշացուցած` Լիբանանի ղեկավարութեան գործելաոճի հետեւանքներէն ու լիբանանցիներուն կոչ ուղղած` գործադրելու ֆրանսական նախաձեռնութիւնը: Լը Տրիան յայտարարած էր. «Որոշեցինք միասնաբար գործել ճնշում բանեցնելու համար (լիբանանցի) պաշտօնատարներուն վրայ: Մենք գիտենք` որոնք են»: Հռոմի եռակողմ հանդիպումը ցոյց կու տայ, որ այդ աշխատանքին այսուհետեւ երրորդ կողմ մըն ալ մասնակից պիտի դառնայ:
Փարիզ-Ուաշինկթըն-Ռիատ եռակողմ հանդիպումէն մէկ օր ետք` 30 յունիսին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հանդիպումը: Ինչ որ մտածել կու տայ, որ եռակողմ հանդիպումի ընթացքին գոյացած են որոշ համաձայնութիւններ եւ երկու դեսպաններու հանդիպումը այդ քայլերու համակարգման համար է:
Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, որ սէուտական կողմը դուրս եկած է իր ինքնամեկուսացումէն եւ մասնակից պիտի դառնայ Լիբանանի արդէն 9-ամսեայ կառավարական տագնապի լուծման:
Փարիզի համար վարկաբեկիչ է այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու կողքին Սէուտական Արաբիան եւս պիտի օժանդակէ, ֆրանսական նախաձեռնութեան իրականացման: Օժանդակութիւն մը, որ առաւել եւս կը շեշտէ ֆրանսական կողմի ձախողութիւնը եւ կու գայ ընդգծելու Փարիզի տկարութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վկայէ, որ ֆրանսական կողմը ընդունած է այդ երկու իրողութիւնները: Բնականաբար, այսպիսով, ֆրանսական նախաձեռնութիւնը իր «ֆրանսականութենէն» մեծ բան կը կորսնցնէ:
Մաքրոն Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին նշած էր. «Եթէ Ֆրանսան իր դերակատարութիւնը չկատարէ, լիբանանեան ներքին հարցերուն պիտի միջամտեն իրանցիները, թուրքերն ու սէուտցիները, որոնց տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական շահերը հաւանաբար ի վնաս լիբանանցիներուն ըլլան»: Հեգնական է, որ ան այժմ ամերիկեան բարեխօսութեամբ սէուտցիներուն կը դիմէ իր եւ Ֆրանսայի նախաձեռնութեան ու վարկի մնացորդի փրկութեան համար: Ֆրանսացիներուն ազգային խորհրդանիշը աքլորն է, սակայն քաղաքականութեան մէջ անտեղի պարծենկոտութեան ու պոռոտախօսութեան գինը սուղ է:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com