կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-04 17:05
Սփյուռք

Յոյսը՝ կրկին Գերմանիայէն (Ասիկա քանի՞երորդ անգամ)

Յոյսը՝ կրկին Գերմանիայէն (Ասիկա քանի՞երորդ անգամ)

Աւելի քան քսանամեակ մը առաջ Գերմանիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ եւ միաժամանակ տնտեսական նախարար Օսկար Լաֆոնթեն հրաժարեցաւ իր զոյգ պաշտօններէն՝ բողոքելով իր կուսակից վարչապետ Կերհարտ Շրէօտըրի վարած ընկերատնտեսական քաղաքականութեան դէմ. ան առատաձեռն տուրք կու տար համաշխարհային բեմին վրայ յաղթանակած նորազատականութեան: Այդ ձեւով Կ.Շրէօտըր ձեռք կ'երկարէր Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլերին՝ հաստատելով եւրոպական Ձախի Երրորդ Ուղիի քաղաքականութիւնը: Ժամանակի ընթացքին այդ քաղաքականութեան աստիճանաբար հետեւեցան ցամաքամասի գրեթէ բոլոր ընկերվարական կուսակցութիւնները. ինչ որ պատճառ դարձաւ անոնց ժողովրդականութեան աստիճանական անկումին:

Այս անկումը, բնական է, զգալի դարձաւ նաեւ Գերմանիոյ մէջ: Տարիներու ընթացքին ԳԸԺԿ-ի (SPD` Գերմանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն) ժողովրդականութիւնը 40,9%-էն(1998)՝ դէպի այսօրուայ 14%-ը (ներկայի նախատեսութիւն) վայրէջք մը արձանագրեց: Դաշնակցային խորհրդարանի ընտրութիւններուն ՏԸԺԿը գրեթէ միշտ հանդիսացած է երկրի երկրորդ ուժը՝ ԳԴՄ-էն (CDU`Քրիստոնեայ Դեմոկրատական Միութիւն) ետք: ԳԴՀ-ի (BRD` Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութիւն) հիմնադրութենէն ի վեր (1949) ԳԸԺԿ-ը ընտրութիւնները շահած է միայն երկու անգամ. 1972ին` 45,8%-ով եւ 1998ին՝ 40,9%ով: Առաջին յաղթանակէն առաջ արդէն ԳԸԺԿը իշխանութեան գլուխ անցած էր համաձայնական կառավարութիւն մը կազմելով Գերմանիոյ Ազատ Դեմոկրատ կուսակցութեան (FDP) հետ. այս գործակցութիւնը իշխանութեան գլխուն բերաւ առասպելական Վիլի Պրանտը եւ, անոր հրաժարումէն ետք, այլապէս արժէքաւոր՝ Հելմութ Շմիթը. երկուքին կողմէ հետապնդուեցաւ ընկերային արդարութեան ամրապնդման եւ Արեւելեան Գերմանիոյ իշխանութիւններուն հետ հաշտեցման քաղաքականութիւն մը, որ յանգեցաւ երկու գերման պետութիւններու խաղաղ վերամիացման, երբ յարմար պայմանները ստեղծուեցան 1990ին: ԳԸԺԿի երկրորդ յաղթանակի վարչապետը դարձաւ Կերհարտ Շրէօտըր, որ իր վարչապետութեան եօթ տարիներու ընթացքին աստիճանաբար ”քակեց” իր նախորդներու մէջտեղ բերած ընկերային ոլորտի համեմատաբար արդար ու հաւասարակշռուած իրաւունքներու բաշխման վրայ հիմնուած կառոյցը, հետեւելով՝ միջազգային բեմի վրայ յաղթանակ յայտարարած նորազատական դրամատիրութեան հովերուն: Այդ քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ, աննշան ելեւէջներով, մինչեւ ներկայի հարցախոյզներու վկայած ընկերվարական 14%-ը:

2005էն մինչեւ այսօր տեղի ունեցած չորս ընտրութիւններուն առաջին հանդիսացած է ՔԴՄը՝ Պաւարիոյ Քրիստոնեայ Ընկերային Միութեան իր մնայուն դաշնակիցներով: 14 տարիներէ ի վեր վարչապետութիւնը կը վարէ Տիկին Անգելա Մերկելը. ան պիտի հանդիսանայ Կոնրադ Ադենաուըրէն մրցանիշը խլող վարչապետութեան աթոռին վրայ ամենէն երկարատեւ պաշտօնատարը, եթէ կարենայ վարչապետութեան իր ներկայ շրջանը իր աւարտին հասցնել: Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին, Տիկին Ա.Մերքելի կուսակցութիւնը, մէկ շրջանի բացառութեամբ, համաձայնական կառավարութիւն կազմած է միշտ ԳԸԺԿի հետ: Ի հարկ է կառավարական ծրագիրը չէր կրնար ընկերվարական ծրագիր մը ըլլալ: Ընկերվարական կուսակցութիւնը իր ներքին հակասութիւններով ա՛լ աւելի բացասական գոյնով ներկայացաւ քուէարկուներուն: Տարիներէ ի վեր ԳԸԺԿի ընտրողներու առջեւ պատկերը բարելաւելու ճիգը ապարդիւն մնացած է, քանի անոր տնտեսական-ընկերային ծրագիրը բնականօրէն կը կաշկանդուէր կառավարութեան գործընկերներու անխուսափելիօրէն նորազատական ենթագլուխներէն:

1990էն ասդին տեղի ունեցած աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու ազդեցութեան տակ ընկերվարական կուսակցութիւններու յաճախ մարտավարական պատշաճեցումները պակսեցուցած են ո՛չ միայն զիրենք ընտրողներու թիւը, այլ՝ նոյն եւ աւելի կարեւոր չափերով ազդաց են իրենց անդամական զանգուածի ծաւալին վրայ: Այսպէս 1990ի եւ 2018ի միջեւ ԳԸԺԿի անդամներու թիւը շուրջ 943,000էն իջած է մինչեւ 438,000 անդամ. այսինքն՝ աղքատութիւն բուծանող վայրի դրամատիրութեան զարգացման տարիներուն հասարակութեան իրաւազուրկ խաւերը ԳԸԺԿին մօտենալու փոխարէն՝ հեռացա՛ծ են ատկէ: Գերմանիոյ պէս երկրի մը համար, ուր զանազան քաղաքական հոսանքներու առջեւ քարոզչական միջոցներու գործածուծութեան համար առանձնաշնորհեալներու առկայութիւնը զգալի չէ, այս ձախողութիւնները պէտք է վերագրել ձախակողմեան գլխաւոր դերակատարին արեւելումի չափազանցեալ փոփոխութեան մէջ. անոր աւանդական հետեւորդները վստահաբար խաբուած զգացած են իրենց երբեմնի ընկերային հովանաւորներէն:

Վերջին քառամեակին կուսակցութիւնը ճահիճէն դուրս բերելու երեւելի ճիգեր ի գործ դրաւ անոր երիտասարդական թեւը: Անոր այժմու ղեկավարը, երեսնամեայ Քեվին Քիւներթ, զանազան առիթներով եւ առանց իր անձը չափազանց բաց պահելով քարոզչական լուսարձակներուն դիմաց, յարատեւօրէն կը պայքարի իր կուսակցութիւնը ընկերային արդարութեան հիմնական սկզբունքներուն հարազատօրէն վերադարձին ի խնդիր:
Երիտասարդական քուէներու շնորհիւ անցեալ շաբաթ օր կուսակցութեան շարքերը փոքր տարբերութեամբ (53% ի նպաստ) ընտրեցին կուսակցութեան ապագայ համանախագահները՝ Տիկին Սասքիա Էսքենը եւ Պարոն Նորպերթ Վալթեր-Պորեանսը: Նոր ղեկավարութիւնը կը խոստանայ պահանջել համաձայնական ներկայ կառավարութեան գործակցութեան պայմանագրի վերանայումը: Յաջորդ շաբաթները ցոյց պիտի տան, թէ ինչքանով արդարացի է նոր համանախագահներու վրայ երիտասարդութեան դրած գրաւը: Նախորդ անգամ պարտութիւնը շռնդալից էր. ձախ թեւի վարչապետական թեկնածու, եւրոպական խորհրդարանի շրջանաւարտ նախագահ՝ Մարթին Շուլց կուսակցութիւնը առաջնորդեց ԳԸԺԿի յետպատերազմեան ցայդ վատագոյն արդիւնքին (20,5%): Իսկ ներկայիս, կ’ըսեն քուէախոյզ մարգարէները, նախատեսութիւնները ԳԸԺԿի համար շատ աւելի վատ են. մանաւանդ՝ որ ընտրուած համանախագահները անծանօթներ են. երկուքն ալ զանգուածներուն կողմէ, հասարակական եւ ներքին կուսակցական, ընկալուելու եւ անոնց հետ ընտելանալու հարցեր ունին:
Ընկերվար երիտասարդներու յոյսը թերեւս տեղին է, բայց առկայ է նաեւ լուրջ ընտրական արկածի մտավախութիւնը: Աւանդական մեծագոյն ժողովրդային կուսակցութիւնները (ՔԴՄ եւ ԳԸԺԿ) երկուքն ալ իրենց երբեմնի ընտրական ուժը կորսնցուցած են ի շահ ԳհԱի (AfD` Գերմանիոյ համար Այլընտրանք), որ պարզ խօսքով կը ներկայացնէ Աջին … աջը, եւ, տեղ-տեղ, ի շահ Ձախին (Die Linke` Ձախը), որ Ձախին ձախն է:

Ատենին Օսկար Լաֆոնթեն ԳԵԺԿէն հրաժարելով անցաւ Ձախին՝ դառնալով անոր ղեկավարներէն մէկը: Այսօր Լաֆոնթեն, 76 տարեկանին, չի բացառեր երկու ձախակողմեան կուսակցութիւններով հեռաւոր ապագայի մէջ միաւորումը:

Յո՞յս մը գերմանական Ձախին համար: Թերեւս: Բայց Մարթին Շուլցի փորձը առաջին հերթին մեզ կ’առաջնորդէ զգուշաւորութեան:

Հարցականները կան, բայց երեւցող ուղին շատերու կողմէ ճիշդը կը նկատուի:

Մկրտիչ Մկրտիչեան