Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 15 յունիսին Շուշիի մէջ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ ստորագրեց Կարսի համաձայնագիրին վրայ հիմնուած եւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի վերաբերեալ յստակ կէտեր բովանդակող Շուշիի հռչակագիրը:
Կարսի համաձայնագիրին համաձայն, Թուրքիան եւ Ռուսիան պատասխանատուութիւն ունին Նախիջեւանի նկատմամբ, եթէ երրորդ կողմէ այդ տարածքին սպառնալիք ըլլայ: Թուրքիան Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, արցախեան Ա. պատերազմի ժամանակաշրջանին կը շահագործէր` պնդելով, որ Հայաստանը` իբրեւ 3-րդ կողմ, կը սպառնայ Նախիջեւանին, ուստի Անգարան իրաւունք ունի պատերազմին միջամտելու: Շուշիի հռչակագիրի ստորագրմամբ Թուրքիան Նախիջեւանի նկատմամբ իր «պատասխանատուութիւն»-ը կը տարածէ ամբողջ Ազրպէյճանի եւ «անոր ազատագրուած տարածքներուն»` Արցախի վրայ:
Շուշիի համաձայնագիրին, մէջ Հայաստանի կողքին, «3-րդ կողմ» են Ռուսիան եւ Իրանը: Համաձայնագիրի ստորագրումը Հայաստանի կողմէ արցախեան բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրման եւ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական ուժերու զսպման` ազրպէյճանական բանակին դէմ պատժական գործողութիւններու կանխարգիլման քայլ է:
Էրտողան 14 յուլիսին Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին իր երկիրը Մոսկուայի եւ Թեհրանի ժխտական հակազդեցութենէն պաշտպանելու համար փորձեց Կարսի պայմանագրի վրայ հիմնուած համաձայնագիրի ստորագրման քայլին «ապահովական ցանց» ապահովել: Ան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք անհրաժեշտ կը նկատենք, որ այն գործողութիւնները, որոնց մենք կ՛աջակցինք մեր երկրին սահմաններէն դուրս, աշխուժ աջակցութիւն ստանան նաեւ դաշինքին կողմէ»: Նշեալ գործողութիւնները, Արցախի կողքին, կը ներառեն նաեւ ռուս-թրքական «տարակարծութիւններու» թատերաբեմ Սուրիան եւ Լիպիան:
Մէկ օր ետք Թուրքիոյ նախագահը Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց.«Տարածաշրջանին մէջ Վեցեակի նոր ձեւաչափով համագործակցութեան հնարաւորութիւններ ի յայտ եկած են», նշելով, որ այդ վեցեակի անդամներն են` Թուրքիան, Ռուսիան, Ազրպէյճանը, Վրաստանը, Հայաստանը եւ Իրանը: «Վրաստանը որոշ հարցեր ունէր, սակայն Վրաստանի վարչապետի վերջին այցելութեան ժամանակ ես անոր բացատրած եմ այս ձեւաչափի օգուտները», աւելցուցած էր ան:
Ուշագրաւ է, որ ՕԹԱՆ-ը, Միացեալ Նահանգները եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքը կը բացակային այդ ձեւաչափէն, իրողութիւն մը, որ բնականաբար արեւմտամէտ ու Ռուսիոյ հետ խնդիրներ ունեցող Վրաստանի մօտ վերապահութիւն ստեղծած է:
Անգարան մէկ կողմէ Արեւմուտքին աջակցութիւնն ու ապահովական ծածկոյթը կը խնդրէ, իսկ միւս կողմէ` զայն դուրս կը ձգէ Հարաւային Կովկասի մէջ իր նախատեսած «Վեցեակ»-ի ձեւաչափէն, սակայն կը ներառէ անոր «հակառակորդներ»-ը` Մոսկուան ու Թեհրանը: Բնականաբար Շուշիի համաձայնագիրին մէջ իբրեւ 3-րդ կողմ նկատի առնուած վերջիններս եւս հաշտ աչքով չեն դիտեր թրքական «ճարպիկութիւն»-ը:
Թուրքիան կը փորձէ երկու կողմերն ալ գոհ պահել. մէկ կողմէ Ազրպէյճանի մէջ իր ճամբով ՕԹԱՆ-ի ներկայութիւն կ՛ապահովէ, իսկ միւս կողմէ` «Վեցեակ»-ի ձեւաչափով կը փոխհատուցէ տուժող կողմին: Մինչ կարելի է նախատեսել, որ Արեւմուտքը Վրաստանը օգտագործելով` դիւրութեամբ ձախողութեան պիտի մատնէ թրքական երկթեւ խաղին երկրորդ բաժինը. կը մնայ տեսնել Ռուսիոյ եւ Իրանի քայլերը, որոնք Հայաստանի մէջ պատշաճ իշխանութեան մը ձեւաւորման պարագային կրնան խիստ հայամէտ ըլլալ:
aztagdaily.com