Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը մինչ սեպտեմբեր 27-ը եզակի այն ձեւաչափն էր, ուր աշխարհաքաղաքական բեւեռային ուժերը համատեղ կ՛իրականացնէին միջնորդական առաքելութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ: Ռուսիոյ դաշնութիւնն ու Միացեալ Նահանգները Եւրոպական Միութիւնը ներկայացնող Ֆրանսայի հետ կ՛աշխատէին տարածաշրջանին մէջ շահերու համընկնումի կէտերու շուրջ համաձայնութիւններ գոյացնել:
Գլխաւոր այս խաղցողներու ներգրաւուածութենէն դժգոհ էին Անգարան եւ Թեհրանը` ձեւաչափէն եւ քաղաքական առեւտուրներէն դուրս մնացած ըլլալու փաստով: Պատահական չէր, որ Պաքուն եւ Անգարան ամէն առիթի կը քննադատէին Մինսքի խմբակի ապարդիւնութիւնը եւ կ՛առաջադրէին ձեւաչափի փոփոխութիւն: Մինչ Թեհրանը պատեհ առիթը բաց չէր ձգեր պատրաստակամութիւն յայտնելու` միջնորդի դեր վերցնելու:
Ըստ էութեան Մինսքի խմբակի ձեւաչափի սառեցումը իրականացուց Մոսկուան: Մինչեւ պատերազմը քննարկուող փաստաթուղթերուն մէջ կար խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնելու առաջադրանք: Խաղաղապահ ուժերու բաղադրութեան շուրջ չկար միջազգային համաձայնութիւն: Բնականաբար Մոսկուան չէր կրնար արտօնել, որ իր տիրոյթը նկատուող տարածքին վրայ տեղակայուէին ՄԱԿ-ի կամ ՕԹԱՆ-ի ուժեր, իսկ ատոր դիմաց Արեւմուտքը կ՛արգելակէր ռուսական ուժերու ժամանումը Արցախ:
Հիմա որ երկկողմ դիմումով Մոսկուան հրաւիրուած է արցախեան տարածք, ատիկա արդէն համազօր է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան դուրս մղման քայլի: Բայց այդ մէկը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց Անգարայի կանաչ լոյսին: Պաքուն միայն Անգարայի թոյլտուութեամբ կրնար դիմել Մոսկուային եւ տալ իր համաձայնութիւնը, որպէսզի իրականացուէր խաղաղապահ առաքելութիւնը:
Ասիկա արդէն կը յուշէ Արեւմուտքի տարածաշրջան թափանցման արգելապատի մասին, որ աւելիով կը փորձեն աղիւսել վեցեակի հարթակով: Երեւութապէս` պատժամիջոցներու ենթարկուող Մոսկուան, Թեհրանն ու Անգարան յայտնուած են նոյն հարթակի վրայ: Թիֆլիսն ու Երեւանը ներառելու փորձով կ՛առաջադրուի կառուցել այդ արգելապատը` դուրս ձգելով Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը: Մոսկուայի համաձայնութիւնը վեցեակին ներառուելու կը յանգեցնէ Երեւանի համաձայնութեան, յատկապէս ներկայ պայմաններուն մէջ: Խնդիրը Թիֆլիսի միանալն է. վեցեակի ստեղծման մասին Անգարայի հնչեցուցած առաջարկի նոյն օրը Վրաստանի նախագահը առաջադրեց խաղաղութեան կովկասեան հարթակ ստեղծելու գաղափարը: Այս մէկը կրնայ դիտարկուիլ իբրեւ խուսանաւում` մերժելու Անգարայի առաջարկը եւ գուցէ ստեղծելու զուտ կովկասեան հանրապետութիւններու միացեալ հարթակ: «Առաջարկ առաջարկի դիմաց» դասական բանաձեւով մերժելու թրքական նախաձեռնութիւնը: Այդ պարագային տակաւին չի փակուիր տարածաշրջանի արեւմտեան պատուհանը, ինչ որ հակառակ ուղղութեամբ կ՛ուրուագծէ Վրաստանի մեկուսացման տանող ճանապարհը:
Մինսքի խմբակի երկու երրորդ անդամներու այցը տարածաշրջան, Արցախի մէջ հանդիպման չեղեալ նկատուիլը եւ այս բոլորէն ետք անբովանդակ յայտարարութիւն հրապարակելը առաւել եւս կը համոզեն, որ ներԵԱՀԿ-եան առումով Մինսքի խմբակի մէկ երրորդը կը պայքարի երկու երրորդին դէմ:
Այս բոլորը չեն ենթադրեր անշուշտ Մինսքի խմբակի պաշտօնական կազմալուծում: Կարգաւորման բանակցութիւնները պիտի վերաձեռնարկուին: Այստեղ սակայն կան ճշդելի կէտեր: Երեւանը բանակցութիւններուն կը մասնակցէր իբրեւ Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր: Այդ հանգամանքը կը թուի, թէ ձեւական է այլեւս, եւ ըստ էութեան այդ կարգավիճակի տէրը Մոսկուան է:
Վեցեակը աշխատելու պարագային, իր անդամները սկզբունքով պէտք է լուծեն իրար միջեւ յամեցող խնդիրները. իսկ վեցեակի ձեւաչափը կը յուշէ, որ խնդիրները չեն վերաբերիր միայն Ստեփանակերտին եւ Պաքուին, այլ նաեւ` Անգարային եւ Երեւանին:
«Ա.»
aztagdaily.com