Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Եռաբլուր Այցելութիւն
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեց Եռաբլուր:
Անոր ընկերակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Իշխան Սաղաթէլեան, ինչպէս նաեւ Բիւրոյի եւ Գերագոյն մարմինի այլ անդամներ, «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան եւ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամներ:
Նախարարի պաշտօնակատարը Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Արցախեան ազատագրական պայքարին, 2016-ի քառօրեայ պատերազմին եւ Արցախի մէջ 2020-ին բռնկած պատերազմի նահատակներուն յիշատակին:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան յուզումնախառն հոգեվիճակով շրջեցաւ Եռաբլուրի մէջ եւ ծաղիկներ զետեղեց նահատակներուն շիրիմներուն վրայ` հաստատելով, որ անոնց յիշատակը պիտի մնայ յաւիտեան վառ, եւ իւրաքանչիւր հայ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին պիտի յիշէ նահատակներուն սխրագործութիւնն ու հայրենիքի փրկութեան համար անոնց ցուցաբերած նուիրումը` խոնարհելով անոնց յիշատակին եւ վեհ զոհողութեան դիմաց:
Պռոշեանի Զօրաց Պանթէոնին Մէջ
Նախարարի պաշտօնակատար Վ. Օհանեան-Գէորգեան այցելեց նաեւ Պռոշեանի Զօրաց պանթէոն, ուր յարգանքի իր տուրքը մատուցեց ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Վարանգաթաղի բարձունքը ազատագրած «Կամաւորական շարժում»-ի մասնակից նահատակ հայորդիներուն:
Զօրաց պանթէոնին մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Տարօն Տօնոյեանի եւ «Կամաւորական շարժում»-ի պատասխանատուներուն կողմէ:
Ան նահատակներուն շիրիմներուն վրայ ծաղիկ զետեղեց եւ հանդիպեցաւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն` անոնց ցաւը կիսելու եւ հաստատելու, որ նահատակները անմահ են ու անոնց յիշատակով է, որ նորահաս սերունդները հասակ պիտի առնեն, դաստիարակուին եւ շարունակեն պայքարը ազգին եւ հայրենիքին համար:
«Դժուար է բառեր գտնել արտայայտուելու, կը ցաւակցիմ բոլորիդ, դուք հարազատներն էք սուրբ հայրենիքը իրենց կեանքի գնով պաշտպանած եւ քաջաբար զոհուած նահատակներուն: Կը խոնարհիմ անոնց յիշատակին առջեւ», ըսաւ Վ. Օհանեան-Գէորգեան:
Նախարարի պաշտօնակատարը մտերմիկ եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ զրուցեց նահատակներուն հարազատներուն հետ` յառաջիկային կատարուելիք աշխատանքներուն մասին` շեշտելով անոնց կողքին կանգնելու եւ զօրակցելու իմաստով լիբանանահայութեան պատրաստակամութիւնը: Ան անդրադարձաւ նորահաս սերունդները անկոտրում կամքով, պայքարի ոգիով, նահատակներուն օրինակով, հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ազգային արժէքներով ջամբելու կարեւորութեան եւ հաստատեց, որ այս բոլորին մէջ դերակատար են նաեւ իրենց զաւակներն ու հարազատները հայրենի հողին նուիրած հայորդիները:
Այցելութիւն ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ–ի Կեդրոն
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեց նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կեդրոն, ուր հիւրընկալուեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ` ծաղկեփունջով մը:
Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան եւ անդամներ Շուշան Մելիքեան, Մանուկ Մանուկեան, Յարութ Գաբրիէլեան եւ Պերճ Թիւֆէնքճեան:
Նախարարի պաշտօնակատար Վ. Օհանեան-Գէորգեան ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետ քննարկեց վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները եւ անոնց լոյսին տակ կատարուած աշխատանքները:
Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի իրականացուցած գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը` նորանոր սերունդներուն ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու առումով:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի վերջին պատերազմին ընթացքին նահատակուած ՀՄԸՄ-ականներուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքի պաշտպանութեան փութացած ՀՄԸՄ-ական եղբայրներուն` հաստատելով, որ մարդկային կորուստը ծանր էր, եւ սուգը համատարած:
Արցախի պատերազմին ու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին ՀՄԸՄ-ականներուն նուիրումն ու անմիջապէս օգտակար դառնալու եւ աշխատանք ստանձնելու բարձր ոգին գնահատուեցաւ` շեշտելով, որ երիտասարդներն ու պատանիները հայութեան կեանքին կարեւոր մասնիկը կը ներկայացնեն:
Ընդգծուեցաւ պայքարը շարունակելու, անկոտրում կամքով գոյատեւելու եւ հայու արժանապատուութիւնը բարձր պահելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Նկատի ունենալով նախարարի պաշտօնակատարին ՀՄԸՄ-ական անցեալը, հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ մտերմիկ միութենական մթնոլորտի մէջ:
Հանդիպումին աւարտին Սանտրա Վարդանեան նախարարի պաշտօնակատարին յանձնեց յուշանուէր մը:
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը Հիւրընկալեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը
Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամները` ներկայութեան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամին, Երեւանի ՀՕՄ-ի կեդրոնին մէջ հիւրընկալեցին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը:
Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուեցան ՀՕՄ-ի աշխատանքները: Քննարկումի հիմնական նիւթեր դարձան Արցախ պատերազմին իբրեւ հետեւանք Հայաստանի մէջ տիրող ընկերային եւ տնտեսական, ինչպէս նաեւ բարոյա-հոգեբանական բարդ իրավիճակները:
Ներկաները ընդգծեցին հայկական միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ ընկճուածութիւնը մեծ է եւ կարելի չէ երկրին ու ժողովուրդին դէմ ծառացող դժուարութիւնները դիմագրաւել առանց մէկ բռունցքի վերածուելու եւ պետական մտածողութիւնը վերականգնելու:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան Լիբանանի հայ գաղութին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ին` հաստատելով, որ ՀՕՄ-ը միշտ այնտեղ է, ուր կարիքը կայ: Ան նշեց, որ ներկայիս Լիբանան նոյնպէս մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, սակայն պէտք չէ յուսահատիլ, այլ շարունակել յաղթահարել դժուար օրերը` մնալով պահանջատէր եւ Հայ դատի պայքարին ու հայոց իրաւունքներու հետապնդման արշաւին մէջ զիջումներ չարձանագրել:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի աշխատանքն ու նուիրուածութիւնը` շեշտելով, որ հայ կինը ողնաշարն է հայ ազգին. ան ուժ եւ կորով մաղթեց ներկաներուն շարունակելու իրենց առաքելութիւնը:
Հանդիպումին աւարտին ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները նախարարի պաշտօնակատարին նուիրեցին ՀՕՄ-ի ձեռարուեստի գործ մը:
aztagdaily.com