կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-18 20:17
Սփյուռք

«Պէյրութ պիտի վերականգնի շնորհիւ իր երիտասարդներու բազուկներուն» Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

«Պէյրութ պիտի վերականգնի շնորհիւ իր երիտասարդներու բազուկներուն» Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

Պուրճ Համուտի քաղաքապետին ընկերակցութեամբ կատարած իր այցելութեան ընթացքին. «Պէյրութ պիտի վերականգնի շնորհիւ իր երիտասարդներու բազուկներուն» ընդգծեց նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան։

Երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած աղէտալի պայթումին հետեւանքներուն եւ յատկապէս` շրջանի բնակիչներու կացութեան մօտէն տեղեկանալու նախանձախնդրութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, շաբաթավերջին այցելեց աղէտեալ շրջաններու բնակիչներուն: «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած կարճ զրոյցի ընթացքին նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան խոր ցաւ յայտնեց ինկած զոհերուն համար եւ ըսաւ. «Չենք կրնար չխոնարհիլ Պէյրութի զոհերու յիշատակին»: Օհանեան-Գէորգեան բարձր գնահատեց աղէտէն վերականգնելու գծով երիտասարդներուն ճիգերը: «Լիբանանի երիտասարդները խոստմնալից ու դրական պատկերը կը դրսեւորեն լիբանանեան այս հայրենիքին: Ինչպէս կը նկատենք` անոնք առաջին օրէն իսկ լծուեցան փրկարար ճիգերուն», ընդգծեց ան: «Լիբանանի երիտասարդները յաղթահարեցին տիրող համայնքայնութեան, դաւանական ու հատուածական տրամադրութիւնները, իրենց համերաշխութեամբ, իրերօգնութեամբ եւ վերականգնումի վճռակամութեամբ», շեշտեց ան:

«Ճիշդ է, որ Պէյրութ քանդուած է, սակայն Պէյրութ պիտի վերականգնի շնորհիւ իր երիտասարդներու բազուկներուն», ընդգծեց նախարարի պաշտօնակատարը` յատուկ կերպով ողջունելով Լիբանանի երիտասարդութիւնն ու «Լիբանանի սկաուտական միութիւնը»: Օհանեան-Գէորգեան այս առիթով նշեց, թէ Լիբանանի մարզական շրջանակները արդէն իսկ կը տառապէին «Քորոնա»-ի համավարակի հետեւանքներէն, եւ այս պայթումը եկաւ առաւել եւս վատթարացնելու կացութիւնը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ իր շրջագայութեան ընթացքին նախարար Օհանեան այցելեց կարգ մը բնակիչներու բնակարանները, որոնք մեծ մասամբ աւերուած ու վնասուած են:

Նոյն ծիրին մէջ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր յուզմունքը յայտնեց ինկած զոհերուն, վիրաւորներուն եւ արձանագրուած վնասներուն համար եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանեկան պարագաներուն: Ան նաեւ անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի կրած վնասներուն` խոստանալով ճիգ չխնայել կացութեան բարեփոխման եւ վերաշինութեան գծով` նշելով, որ քաղաքապետութիւնը առաջին օրէն իսկ կազմ ու պատրաստ լծուեցաւ փրկութեան ու վնասներու ստուգման աշխատանքներուն:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան արաբերէնով մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուց շրջանի կրած վնասներուն եւ բնակչութեան կորուստներուն ու վերականգնումի ճիգերուն մասին:Այցելութեան ընթացքին ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի եւ սկաուտական այլ միաւորներ, որոնք կը մասնակցէին շրջանի վերականգնումի նախնական ճիգերուն: