Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ըսինք երեք տարի առաջ՝ այսօրուան պատահելիքներու մասին։
Ըսինք Արցախը պիտի յանձնեն։ Ըսինք պահանջատիրութեան վերջ պիտի դնեն։ Ըսինք երկիրը պիտի ապազգայնացնեն։ Ըսինք օտարի գործակալներ պիտի տիրանան երկրի ղեկին։
Մտիկ ընող չեղաւ։
Հիմա ըլլալիքը եղած է, բայց չէ աւարտած։ Շուտով պիտի ըլլան այնպիսի արարքներ, այնպիսի զիջումներ, այնպիսի նահանջներ ու քանդումներ, որոնք պիտի խնդրական դարձնեն Հայաստանի գոյատեւելիութիւնը։ Գալիքը միայն ցեղասպանութիւն պիտի չըլլայ։ Գալիքը պիտի ըլլայ բնաջնջումը փոքր հողատարածքի մը, որ այսօր կը կոչուի Հայաստան։
Այսօր կ՚ողբանք կորուստները։ Կը քննադատենք մեր հայրենիքը այս վիճակին մատնող խաթարուած իշխանաւորները։ Կը բողոքենք մեր ժողովուրդը այս մռայլութեան հասցնող այլասերուած ղեկավարութեան դէմ։
Բայց գալիք կորուստները պիտի ըլլան շատ աւելի աղիտաբեր։
Մոռնանք ողբն ու բողոքը։ Առնենք առաջին քայլը գալիք աղէտներու կասեցման։ Ճիշդ է, այս դժուար գործ է։
Այո՛, դժուարին գործ է, երբ նախագահդ Անգլիոյ շահերուն կը ծառայէ, վարչապետդ Թուրքօ-Ամերիկեան պատուէրներ կը կատարէ, ազգային ժողովի նախագահդ փաստուած թրքական գործակալ է, իշխանութեան լծակներդ հայրենի մաֆիոզ օլիգարխներն են, ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնդ, ոստիկանութիւնդ եւ դատախազութեան կառոյցներդ իշխող գործակալներուն կամակատարներն են։
Եւ տակաւին յոյս կը փնտռենք ընտրութիւններուն մէջ, որուն մասնակիցներուն երկու-հարիւր-յիսուն հազարը արեւմտեան դրամներով սնանող աղանդաւորներ են, ժողովուրդիդ մեծ մասը պատրաստ է կաշառուելու։
Երկիրդ ներսէն գրաւուած է։ Ընտրութիւնները պիտի գան պարզապէս նուիրականացնելու իշխանութեան տիրացած օտարի գործակալներուն օրինականացումը։
Հետեւաբար, այսօր Հայաստանը հայուն չի պատկանիր։ Կը պատկանի օտարին ծառայող իշխողներուն։
Մաքրագործում պէտք է։ Այո՛, դժուար գործ է, բայց ո՛չ անկարելի։
Հայաստանը պէտք է վերադարձնել հարազատ հայերուն, հայրենիքին հաւատացող ու ծառայող հայերուն։
Պէտք է մաքրագործել երկիրը ներկայ իշխանաւորներէն։ Մաքրագործումը պէտք է ըլլայ անխնայ եւ անգութ։
Իսկ երբ գտնուին մարդիկ ու պետութիւններ, որոնք արդէն իսկ պատրաստ են մեզ մեղադրելու յեղաշրջումի, ժողովրդավարութիւն ոտնակոխելու «յանցանքով», պիտի ըսենք որո՞ւ հոգը։ Այդպիսիներ նախ պէտք է տեսնեն իրենց աչքերուն գերանը եւ կարգի դնեն իրենց սեփական երկիրը։
Ոչ մէկ ուժ, ո՛չ մէկ երկիր, ոչ մէկ ոչ-հայ իրաւունք ունի Հայաստանի ու հայութեան ներքին գործերուն միջամտելու, խորհուրդ տալու։ Բոլոր նման փորձեր պիտի մերժել ու անտեսել, եւ պէ՛տք է մերժել ու անտեսել։
Ի վերջոյ ըլլալիքը յեղաշրջում չէ, այլ մաքրագործում՝ փրկելու համար հայրենիքը, պահպանելու համար ազգը։
Պարզ՝ վերստին հայացնելու համար Հայաստանը։
Սեդօ Պոյաճեան
Մարտ 26, 2021
Լոս Անճելըս