Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Քաղաքական կեանքին մէջ ընթացիկ երեւոյթներ են թէ՛ գործակցութիւնը եւ թէ՛ հակադրութիւնը։ Սակայն երկուքն ալ կ՚իմաստաւորուին միայն այն ատեն, երբ պատասխանենք կարեւոր հարցումի մը՝ թէ ի՞նչ նպատակ, արդիւնք, կամ թիրախ կը հետապնդեն գործակցութիւնը, կամ հակադրութիւնը։
Ներհայաստանեան քաղաքական կեանքէն ներս մեր (Դաշնակցութեան) գործունութեան աւելի քան երեսուն տարիներուն ընթացքին, ո՛չ մեր գործակցութիւնները եւ ոչ ալ մեր հակադրութիւնները ինքնանպատակ եղած են։ Մենք միշտ հետապնդած ենք իրագործելի նպատակ մը։ Սկսինք բացատրելու եւ պատասխանելու վերը նշուած հարցադրումներուն։
Լ.Տ.Պետրոսեանի՝ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ ընտրուելէն անմիջապէս վերջ, Դաշնակցութիւնը բարձրագոյն մակարդակով հանդիպում մը ունեցաւ իր հետ եւ գործակցութեան ու այդ ուղղութեամբ առաջարկներու թղթածրարով ներկայացաւ։ Ի՞նչ կը կարծէք, մեր նպատակը արդեօք անո՞ր համար էր, որ մեր հիացումը յայտնենք իրեն՝ լեզուներու տիրապետելուն համար…։ Ի հարկէ ոչ։ Ոչ ալ անոր համար, որ այդ օրերու «նախկիններուն» հասցէին բամբասանքի սկսէինք բաժակ մը սուրճի շուրջ։ Պարզ էր, որ Դաշնակցութեան նպատակը այդ օրերու աշխարհաքաղաքական փոթորիկներուն մէջ, հայութեան պետականութեան նաւը խարակներէ ու փորձանքներէ հեռու պահելն ու զօրացնելն էր։ Մէկ խօսքով, Հայաստանին համար բարիք ապահովելը։
Խ. Միութիւնը աստիճանաբար փլուզումի կ՚ենթարկուէր, այդ անստոյգ պայմաններուն մէջ ալ, Արցախը ազատագրելու հարցը հայութեան համար դարձած էր օրակարգի թիւ մէկ խնդիր։ Իսկ Արցախի ազատագրումը, Դաշնակցութեան համար, առաջնահերթութիւն էր՝ մանաւանդ հաշուի առնելով հայահաւաքի ու հողահաւաքի մեր համահայկական ռազմավարութիւնը եւ գաղափարախօսութիւնը։ Այս պայմաններուն մէջ, բնականաբա՛ր պիտի առաջարկէինք մեր գործակցութիւնը Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն։
Այդ օրուան իշխանութիւններուն հետ գործակցելու մեր մղումը բնականաբար չէր հիմնուեր գաղափարաբանական հասարակաց կէտերու վրայ, որովհետեւ ատոնք պարզապէս գոյութիւն չունէին։ Նոր իշխանութիւններուն առագաստները լեցուած էին, ինչպէս շուտով փաստուեցաւ, միջազգային ընկերային-տնտեսական ազատականութեան ուղղութենէն փչող հովերով։ Մինչդեռ մենք, մեր էութեամբ, ընկերվարական ենք։ Միայն մակերեսային մտածողութիւն ունեցողներուն համար հարցական կը մնար, թէ ընկերվարական կուսակցութիւն մը ինչպէ՞ս կրնար գործակցութեան ձեռք երկարել ընկերվարութեան հակադրուած իշխանութեան մը։ Իսկ մենք կը հաւատայինք, որ նոր իշխանութիւնները, թէեւ անփորձ, սակայն տարրական ազգային ողջմտութիւնը կը ցուցաբերեն ու հասարակ յայտարար կը համարեն հայութեան այդ օրերու առաջնահերթութիւնը՝ հողին ազատագրումը եւ նորաստեղծ պետականութեան հզօրացումը, Հայաստանին համար բարիք ստեղծելը։
1992ի Յունիսի արդէն, երբ նոյն Լ.Տ.Պետրոսեանը խափանեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովին Հայաստանի մէջ գումարումը (որ իբրեւ այդպիսին առաջինը պիտի ըլլար 1919էն ի վեր), ու երկու տարի վերջ, երբ մեր գործունութիւնը արգիլուեցաւ նորանկախ Հայաստանի մէջ, երեւան եկաւ, որ մենք սխալած էինք մեր վերջին հաշուարկին մէջ։ Նոր իշխանութիւններուն (ու իրենց օտար տէրերուն) համար նպատակայարմար չէր Արցախի ազատագրական պայքարը համահայկական ռազմավարութեան մը գաղափարականով օժտելու մեր ճիգը։ Եւ նաեւ հո՛ս կը կայանայ Դաշնակցութեան եւ Լ.Տ.Պետրոսեանի միջեւ գոյութիւն ունեցող վիհին էութիւնը։
1996ին, երբ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ ներուժով գործակցեցաւ Վազգէն Մանուկեանին հետ, զօրակցելով անոր նախագահական թեկնածութեան, պատճառը այն չէր, որ Վազգէն Մանուկեան փայլուն մաթեմաթիկոս էր, ոչ ալ պարզապէս անոր համար, որ ան հակադրուած էր օրուան նախագահին։ Պատճառը այն էր, որ Վազգէն Մանուկեան գործով փաստած էր Ազգին նկատմամբ իր յանձնառութիւնը՝ Արցախը ազատագրուած տեսնելու առումով, յատկապէս այն ժամանակաշրջանին, երբ ստանձնած էր երկրին պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Վազգէն Մանուկեան եւս ընկերվարական չէր (ու չէ նաեւ այսօր), բայց իր անմիջական ղեկավարութեան տակ ու իր ճիգերով էր, որ հայկական ուժերը սկսան յաղթանակներ արձանագրել Արցախի մէջ եւ զուգահեռաբար՝ հայկական նորաստեղծ բանակը սկսաւ ձեւ ու մարմին ստանալու, Վ. Մանուկեանի կողմէ փորձառու սպաներու աշխատանքի հրաւիրուելով ու գործի գլուխ նշանակուելով։ Այս բոլորը մեզի համար բաւարար հիմքեր էին, որպէսզի զօրակցէինք իրեն՝ իբրեւ նախագահի թեկնածու։ Իր այս վարքագիծը հայութեան ու Հայաստանի համար գոյութենական բարիք ստեղծած էր՝ յաղթանակներու արձանագրումով եւ հողի ազատագրումով։
1998էն վերջ, Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահ ընտրուելով, Հայաստանի ներքին քաղաքական «տինամիզմը» փոխուեցաւ։ Յառաջ եկան նոր ուժեր (ԲՀԿ, ՕԵԿ) եւ զարգացում ապրեցան ցարդ գոյութիւն ունեցող, բայց մինչ այդ կցորդի դերի, կամ շուքի մէջ մնացած հոսանքներ, կամ անհատականութիւններ (ՀՀԿ, Կարէն Դեմիրճեան)։ Երկիրը մտաւ զարգացման էապէս որակական նոր փուլ, յատկապէս տնտեսական իմաստով։
1998-2008 տարիներուն, Դաշնակցութիւնը, ոչ անընդմիշտ, բայց եւ այնպէս ստանձնեց պատասխանատուութիւններ նախարարի կամ մարզպետի մակարդակներուն վրայ։ Ոչ անոր համար, որ Քոչարեանը ձախ, կամ ձախամէտ գործիչ էր (ու պարզ էր որ… չէր), այլ անոր համար, որ իր աշխարհահայեացքով, ան պետութիւնը կը դնէր ազգային շահերուն հետամուտ ուղղութեան մը վրայ։ Ինք Դաշնակցութեան համար հեռու էր իտէալական ըլլալէ, սակայն մենք կը նկատէինք, որ իր օրով կարելի է երկիրի քանդուած տնտեսութիւնը վերականգնել ու արտաքին քաղաքականութիւնը մեզի համար աւելի յուսալի ընթացքի մէջ դնել, հեռու՝ ամէն տեսակի պարտուողական արկածախնդրութիւններէ, ինչպէս որ էր նախորդ վարչակարգին օրերուն (ԼՏՊով եւ Վահան Փափազեանով մարմնաւորուած)։
Կասկած չկայ, որ Դաշնակցութեան համար ինքնանպատակ չէր պատասխանատուութեանց ստանձնումը։ Այդ պաշտօններով մենք չէինք փորձեր առաջ մղելու զուտ կուսակցական շահեր։ Կար աւելի մեծ պատկերը՝ երկրի զարգացումին նպաստելը, օրինակ՝ կրթութեան բնագաւառին մէջ Կրթութեան օրէնքի որդեգրումը (Հայաստան անկախացած էր 1991ին, սակայն Կրթութեան նախարարութիւնը դաշնակցականի մը ստանձնելով էր, որ այդ օրէնքի նախագիծը մշակուեցաւ եւ քուէարկուեցաւ), դասագիրքերու վերամշակումը, առողջապահութեան բնագաւառէն ներս շօշափելի բարեփոխումները (պատահական չէր, որ Քոչարեանի օրերու առողջապահութեան նախարար Նորայր Դաւիթեան հետագային Վրաստանի կողմէ աշխատանքի հրաւիրուեցաւ, իբրեւ այդ երկրի առողջապահութեան բնագաւառի խորհրդական)։
Հետագային, երբ դաշնակցական նախարարի մը (Դաւիթ Լոքեան) վստահուեցաւ երկրի տարածքային կառավարումը, կատարուեցաւ ռազմավարական անկիւնադարձային փոփոխութիւն մը, որ կ՚առաջադրէր մարզերու ու մայրաքաղաքի ՀԱՄԱՉԱՓ զարգացումը։ Բնապահպանութեան դաշնակցական նախարարն էր, որ հրապարակաւ քաջութիւնը ունեցաւ խօսելու այդ բնագաւառի օրէնքներու թերութիւններուն մասին (այդ պաշտօնին իրեն յաջորդած քայլականները արդեօք կը հասկնա՞ն մեր այս տողին նշանակութիւնը), սակայն թաւալգլոր դէպքերը իրեն թոյլ չտուին, որ ձեռնամուխ ըլլայ այդ օրինական բարեկարգումներուն։
Պիտի հարցուի շատ բնական հարցում մը.- Յետ-անկախական Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը «մաքո՞ւր» էր։ Կարեւոր է այս հարցումին պատասխանելը, որպէսզի ամէն ինչ իյնայ իր տրամաբանական շրջագիծին մէջ։
Պատասխանը յստակ ՈՉ է։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ վերանկախացած Հայաստանը արդէն իսկ «անմաքուր» ժառանգութիւն մը ստացած էր խորհրդային օրերէն։ Երկրորդ պատճառը օրինաչափութեան կը վերաբերի.- Իրապաշտ ըլլանք, այդ ո՞ր երկրի ներքաղաքական կեանքը «մաքուր» է… Կը բաւէ մէկ օր, միայն մէկ օր ու մէկական ժամ լսել-դիտել CNN-ը կամ Fox News-ը, որպէսզի տեսնենք ԱՄՆի մէջ կուտակուած քաղաքական խարդաւանքներու ու կեղտի կոյտը։
Սիրելիներ, քաղաքական կեանքը ճահիճ մըն է։ Դժուար, շատ դժուար է հոն մտնելէ վերջ «մաքուր» դուրս ելլելը։ Կարելի է հսկայական ճիգեր թափել մաքուր մնալու համար, սակայն միեւնոյնն է, ուրի՛շը կրնայ քու վրադ ճահճաջուր սրսկել։
Նոյնը կը վերաբերի (եւ կու գանք շատ կարեւոր կէտի մը) նաեւ… գործակցութիւններուն, յատկապէս քաղաքական դաշինքներ, կամ կառավարական կօալիցիաներ կազմելու իմաստով։
Եթէ Դաշնակցութիւնը պիտի սպասէ այն երանելի օրուան, որ երկրին համար բարիք ստեղծելու համար պիտի գործակցի բացառապէս «մաքուր» ուժի մը հետ, այդ օրը կրնայ երբեք չգալ։ Շատ դիւրին է մեզի համար մէկդի քաշուիլ, այդ «օրուան» սպասելու պատրուակին տակ, երբեք «չաղտոտիլ» ալ, ու մեր դիմագիծը «մաքուր» պահել (իբրեւ թէ)։ Բայց մեզի համար գործակցութիւնները գեղեցկութեան մրցանքի մասնակցութիւն չեն։ Մեզի համար գործակցութեան նպատակը երկրին զարգացման, ուժեղացման նպաստելն է, երկրին համար բարիք ստեղծելն է։ Այսքան պարզ։
Երբ մենք վերանկախացած Հայաստանի մէջ կառավարութիւններու մաս կը կազմէինք, չէ՞ինք գիտեր, թէ մեր այդ քայլը պիտի քննադատուի, խծբծանքի ու հայհոյանքներու պիտի ենթարկուի։ Շա՛տ ալ լաւ գիտէինք, սակայն տրուած ըլլալով որ Դաշնակցութեան նպատակը, թիրախը, Հայաստանի հզօրացումն է, մենք պատրաստ եղանք մեր վրայ ընդունելու բոլոր տեսակի ժխտական քարոզչութիւնները, վստահ գիտնալով, որ մեր քայլերով մենք միայն բարիք բերած ենք մեր երկրին՝ քննադատուինք կամ ոչ, գնահատուինք կամ ոչ։ Զուգահեռաբար, մեր քարոզչութիւնը՝ մեր կեցուածքները լայն ձեւով բացատրելու հանրութեան, կը մնար անբաւարար։
Երբ կ՚ընդունէինք նոյնինքն Նիկոլ Փաշինեանի առաջին կառավարութեան մաս կազմել, չէի՞նք գիտեր, թէ գործ ունինք անգաղափար, անատակ ու ապաշնորհ մէկու մը հետ, որուն հետ յոյսեր կապած էին օտար ուժեր (փաստուեցաւ նաեւ այս մէկը)։ Բնականաբար գիտէինք, սակայն փորձեցինք կառավարութեան մաս կազմելով՝ գէթ նուազագոյնի հասցնել գալիք վնասները ու փորձել քար մը դնել քարին վրայ, ի սէր հայրենիքին։ Փաշինեանն ալ «մաքուր» չէր, չէ՞։ Յանուն գումարի ասոր-անոր դէմ յօդուած լոյս ընծայող մէկը, Մարտի 1ին «եկել է մեր մայրաքաղաքը ղարաբաղցի տականքներից մաքրելու պահը» յայտարարութեան տէրը ինչպէ՞ս կրնար մաքուր ըլլալ…
Խորքին մէջ, կուսակցամոլութիւն է «մաքուր» մնալու պատրուակով, մէկ կողմ կենալն ու սպասելը։ Կուսակցամոլութիւն է միմիայն սեփական կուսակցութեան ենթադրեալ վարկով մտահոգուիլը՝ մինչ մեր աչքերուն առջեւ երկիրը կ՚ընթանայ դէպի անդունդ, յատկապէս ա՛յս օրերուն։ «Սպասել» որո՞ւն. ամբողջ խորհրդային համակարգի յոռի բարքերը ժառանգած մեր երկրին մէջ սպասել իտէալական (ու անգոյ) ուժի՞ մը՝ անոր հետ գործակցելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ դէպի անդունդ գահավիժումը կասեցնել։ Հայաստանը ոչ Զուիցերիա է, ոչ ալ Սկանտինաւեան այս կամ այն երկիրը (սա մէկ կողմէն), իսկ միւս կողմէ, մենք կուսակցամոլ չենք եղած երբեք։
Այո, դժուար է մեր դերը Հայաստանի մէջ։ Խօսելով այսօրուան իրադրութեան մասին, մէկ կողմէն խնդիր ունինք պահպանելու մեր դիմագիծը, իսկ միւս կողմէ պարտաւոր ենք դիմագրաւելու մեր երկրի գոյութենական վտանգները։ Ի՞նչ կ՚արժէ մեր դիմագիծին պահպանումը, վարկը, եթէ մեր այդ ճիգը մեզ պիտի արգելակէ զինակիցներ գտնելու՝ մեր պետականութեան կորուստին առաջքը առնելու իմաստով։ Զինակիցներու, կամ համախոհներու «առատութեան» պերճանքը չունինք, յատկապէս ա՛յս օրերուն։ Չկա՞ն զինակիցներ՝ մեր կը շարունակենք մեր պայքարը. «լաւորակ» չե՞ն մեր զինակիցները, մենք կը շարունակենք մեր պայքարը. սակաւաթի՞ւ են մեր զինակիցները, մենք կը շարունակենք մեր պայքարը. կէս ճամբէն ե՞տ կը դառնան մեր զինակիցները՝ մենք դարձեա՛լ պիտի շարունակենք մեր պայքարը։
Երբ հայրենիքի փրկութիւնը նժարի վրայ դրուած է, մէկ բան կայ ընելիք՝ լծուիլ հայրենիքի փրկութեան։ Մնացածը շատախօսութիւն է։
Էականը մեր կեցուածքը ճիշդ ու անկեղծ ձեւով բացատրելն է։
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
21 Մարտ 2021
Լոս Անճելըս