կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-08-01 11:42
Հասարակություն

«Վանայ Ձայն»-Հայաստանի Հանրային Ռատիօ Գործակցութեան Ամրապնդում

«Վանայ Ձայն»-Հայաստանի Հանրային Ռատիօ Գործակցութեան Ամրապնդում

«Ազդակ» - Չորեքշաբթի, 31 յուլիսի կէսօրին, «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան Երեւանի մէջ այցելեց Հանրային ռատիոյի կեդրոն եւ շուրջ մէկ ժամուան տեսակցութիւն մը ունեցաւ նոր նշանակուած տնօրէն Գարեգին Խումարեանի հետ:

Տեսակցութեան սկիզբը, Վիգէն Աւագեան Խումարեանը շնորհաւորեց նոր պաշտօնին ստանձնման առիթով եւ ներկայացուց «Վանայ Ձայն»-Հայաստանի Հանրային ռատիօ քանի մը տարուան գործակցութեան դրական արդիւնքները: Ան շեշտեց գործակցութեան շարունակման եւ ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` հարազատ հայ երգի ու երաժշտութեան տարածման, ազգային մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման ի խնդիր:

Իր կարգին, Գարեգին Խումարեան ողջունեց «Վանայ Ձայն»-ի հետ Հայաստանի Հանրային ռատիոյին գործակցութիւնը եւ մեծապէս գնահատեց ռատիոկայանին դերն ու առաքելութիւնը` իբրեւ սփիւռքահայութեան հարազատ եւ լաւագոյն ձայնը: Ան ըսաւ, որ «Վանայ Ձայն»-ի փորձառութիւնը, իբրեւ սփիւռքեան ռատիոկայան, ուսանելի եւ քաջալերելի է աշխարհասփիւռ հայկական բոլոր ռատիոկայաններուն համար:

Խումարեան «Վանայ Ձայն»-ին խոստացաւ տրամադրել նորանոր յայտագիրներ եւ երաժշտական պատմական արխիւէն մեծարժէք երգեր ու երաժշտական կտորներ: Ան նաեւ փափաք յայտնեց 2020-ի ամրան հիւրընկալելու երիտասարդ խօսնակներ` անոնց վերապատրաստութեան աշխատանքը իրագործելու համար: Փոխադարձաբար, ան փափաք յայտնեց, որ լիբանանահայութեան վերաբերող իրադարձութիւններուն մասին «Վանայ Ձայն» Հանրային ռատիոյին միջոցով պարբերական տեղեկատուութիւններ փոխանցէ հայրենի հայութեան:

Տեսակցութեան աւարտին, Գարեգին Խումարեան իր ողջոյնները փոխանցեց լիբանանահայութեան եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց «Վանայ Ձայն»-ի հետ գործակցութիւնը յառաջիկային աւելի ընդլայնելու եւ սերտացնելու: