կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-03-25 21:07
Հասարակություն

Յունական յեղափոխութեան 200-ամեակ` Զուգահեռներ եւ քաղելիք դասեր

Յունական յեղափոխութեան 200-ամեակ` Զուգահեռներ եւ քաղելիք դասեր

Ազգերու պատ­մու­թեան է­ջե­րուն մէջ, 25 ­Մարտ 1821-ի յու­նա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ծնուն­դը ար­ձա­նագ­րո­ւած է որ­պէս ա­ռա­ջին ապս­տամ­բու­թիւ­նը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան դէմ, որ 9 տա­րի­նե­րու տե­ւա­կան ու խի­զախ մար­տե­րէ ետք յան­գե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մին։

Այ­սու­հան­դերձ, յոյն ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան դրսե­ւո­րու­մին մէջ, որ­պէս ան­կա­խու­թեան հաս­տատ­ման պան­ծա­լի թուա­կան կը նշո­ւի 1821-ի ­Մար­տի այն օ­րը, երբ խումբ մը ապս­տամբ­ներ բարձ­րա­ցու­ցին յե­ղա­փո­խու­թեան դրօ­շը, ազ­դան­շա­նը տա­լով ընդ­հա­նուր ապս­տամ­բու­թեան ծա­գու­մին, ո­րու ո­գին հա­մա­կեց ա­զա­տու­թեան գա­ղա­փա­րով սնած իւ­րա­քան­չիւր յոյն։

Ար­դա­րօ­րէն, յու­նա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը տո­ւաւ մեկ­նար­կը ազ­գե­րու ապս­տամ­բու­թիւն­նե­րու այն շղթա­յին, ո­րոնք մէ­կը միւ­սին յա­ջոր­դե­լով՝ ի­րենց վրա­յէն թօ­թա­փե­ցին թրքա­կան լու­ծը, վերջ տա­լով դա­րե­րու ստրկու­թեան, որ նախ յա­ռաջ ե­կած էր ­Սել­ճու­քեան թուր­քե­րու ար­շա­ւու­մով, սա­կայն Օս­մա­նեան թուր­քե­րուն կող­մէ ­Փոքր Ա­սիոյ եւ ­Պալ­քան­նե­րու ամ­բող­ջա­կան գրա­ւու­մով, մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թե­նէ մեր­կա­ցած՝ վայ­րագ դա­րաշր­ջան մը բա­ցաւ։

19-րդ­ եւ 20-րդ ­դա­րե­րու հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը շատ բան կը պար­տի յու­նա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան։ Ա­զա­տու­թեան ու ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու ո­գին, որ 17-րդ­ եւ 18-րդ ­դա­րուն յոյն մտա­ւո­րա­կան խա­ւը, այդ օ­րե­րու քա­ղա­քա­կա­նա­ցած այ­րե­րը եր­գե­ցին ու իւ­րա­քան­չիւր յոյ­նի սրտին մէջ ամ­րա­ցու­ցին, ե­ղաւ նաեւ հա­յոց ­Զար­թօն­քի ո­գեշն­չող եր­գը՝ շնոր­հիւ Ա­բո­վեա­նի, Ա­լի­շա­նի, ­Րաֆ­ֆիի, ­Նալ­բան­դեա­նի, ­Պատ­կա­նեա­նի ա­զա­տա­տենչ հոյ­լին։ ­Հա­յաս­տա­նի ­Վէրքն ու ­Մայր Ա­րաք­սի ար­տա­սու­քը ­Հայ­րի­կի եր­կա­թէ շե­րե­փով շա­ղախ դար­ձան Ա­զա­տու­թեան բա­գի­նին վրայ, ո­րուն այն­քան համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէր հա­յը իր ստրկու­թեան ծանր շղթա­նե­րուն տակ։

­Յոյ­նե­րու յե­ղա­փո­խա­կան ո­գին էր, որ յար ու նման յու­նա­կան «­Բա­րե­կա­մու­թեան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան» (Φιλική Εταιρεία), 19-րդ ­դա­րու ա­ւար­տին հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ե­րե­ւու­մով բո­ցա­վա­ռեց յե­ղա­փո­խա­կան մեծ փա­ղան­գի կայ­ծը։ Ա­նոնց պսա­կու­մը դար­ձաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թիւ­նը, ո­րուն գլխա­ւոր միտքն ու մղիչ ու­ժը հան­դի­սա­ցող եր­րոր­դու­թիւ­նը՝ Ք­րիս­տա­փո­րով, ­Ռոս­տո­մով ու ­Զա­ւա­րեա­նով, նման յու­նա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան, ար­դէն տո­գո­րո­ւած էր յոյն եւ այլ բախ­տա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րու յե­ղա­փո­խա­կան եւ ա­զա­տագ­րա­կան նո­ւա­ճում­նե­րով։

Ե­թէ յոյ­նե­րը յե­ղա­փո­խու­թեան բռնկու­մի ո­գին եւ ա­նոր յա­րա­տե­ւու­մը կը պար­տին ­Բա­րե­կա­մու­թեան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րուն, ա­նոնց տա­րա­ծու­մին եւ ժո­ղովր­դա­յին ներշն­չու­մին, ա­պա ա­ւե­լի լայն տա­րո­ղու­թեամբ, ա­ւե­լի կազ­մա­կերպ ու կուռ շար­քե­րով նոյ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ ի­րա­գոր­ծել Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի օ­րե­րուն, ո­րուն պսա­կու­մը ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն դար մը ետք ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հաս­տա­տու­մը։

Ան­ցած են 200 տա­րի­ներ 25 ­Մարտ 1821-ի պատ­մա­կան օ­րէն։ ­Յու­նաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը ճա­շա­կեց փառ­քի ու տագ­նա­պի օ­րեր, տե­սաւ իր երկ­րի սահ­ման­նե­րու ըն­դար­ձա­կու­մը, պատ­մա­կան հո­ղե­րու վե­րա­դար­ձը մայր հայ­րե­նի­քի ծո­ցին, սա­կայն նա­՛եւ ազ­գա­յին ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին զի­ջեց հող ու հայ­րե­նիք, օ­տար բա­նակ­նե­րու կող­մէ դա­ժան գրա­ւու­մով սա­սա­նե­ցան իր ըն­կե­րա­յին եւ քա­ղա­քա­կան հի­մե­րը, ստեղ­ծեց տա­րագ­րեալ եւ պան­դուխտ Ս­փիւռք։

Իսկ, ին­չո՞վ կը տար­բե­րի ­Յու­նաս­տա­նի եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տա­գիրն ու պատ­մա­կան ըն­թաց­քը հայ ազ­գի պատ­մու­թե­նէն։ Ո­չին­չով։

Եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­սա­րա­կաց հե­րո­սա­կան ապ­րում­ներն ու ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն զու­գա­հեռ­ներ գծել պատ­մու­թեան ու­ղիին վրայ։

Այ­սօր, տա­րա­ծաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու երկ­դա­րեայ պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թե­նէն ու փոր­ձու­թիւն­նե­րէն ետք, նոյն թշնա­մին ու իր տա­ծած նոյն ա­տե­լու­թիւ­նը, նոյն պայ­քար­նե­րու յա­ջող ու ան­յա­ջող հանգ­րո­ւան­նե­րը, գրա­ւեալ ­Կիպ­րո­սի եւ գրա­ւեալ Ար­ցա­խի դառն ա­ղէտ­նե­րը, ո­րոնք մին­չեւ այ­սօր եր­կու ազ­գե­րը դէմ յան­դի­ման կը բե­րեն հա­սա­րա­կաց վտան­գին՝ ­Թուր­քիոյ ռազ­մա­շունչ նկրտում­նե­րուն, կը սպառ­նան ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ֆի­զի­քա­կան ու ազ­գա­յին լի­նե­լու­թեան։ ­Դա­րե­րէն ե­կող թուրք իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու ան­մարդ­կա­յին բնազդ­նե­րուն վրայ հիմ­նուած՝ նոյն վտանգն է, որ այ­սօր իր ճի­րան­նե­րը ցցած է մարդ­կու­թեան դէմ։

­Հա­մա­մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան ար­ժէք­նե­րը եւ ազ­գե­րու խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թիւ­նը խան­գա­րող Էր­տո­ղան­նե­րու եւ Ա­լիեւ­նե­րու խմբակն է այս ան­գամ, ո­րոնց ցե­ղին ապ­րում­նե­րու հա­յե­լիին մէջ կ­՚ար­տա­ցո­լայ միայն Օս­մա­նեան թուր­քե­րու վայ­րագ ու ան­մարդ­կա­յին դի­մա­գի­ծը։

­Յու­նաս­տանն ու ­Հա­յաս­տա­նը կանգ­նած են ի­րենց պատ­մա­կան եր­թին սպառ­նա­ցող վտան­գին առ­ջեւ։ Այ­սօր, երբ ­Հա­յաս­տա­նը կորսն­ցու­ցած է ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խի հո­ղե­րուն զգա­լի մա­սը, երբ բո­վան­դակ հա­յու­թիւ­նը պէտք ու­նի միաս­նա­կան եւ մէկ բռունցք ըլ­լա­լու ու­ժին, մեր երկ­րին մէջ ա­պազ­գա­յին ու­ժե­րը՝ սե­ւի ու սպի­տա­կի բա­ժա­նում­նե­րով, հող ու հայ­րե­նիք զի­ջե­լով, կը փոր­ձեն ջլա­տել հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րու­նակ ո­գին, ստոր­նաց­նել ա­նոր պատ­մա­կան պա­հանջ­նե­րու հա­մազ­գա­յին ար­ժէքն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ա­նոնք կը փոր­ձեն հա­մո­զել, թէ մեր ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը, ազ­գա­յին սկզբունք­նե­րու եւ հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան վրայ կառ­չու­մը կոր­ծա­նա­րար դար­ձան հա­յու­թեան հա­մար Ար­ցա­խի վեր­ջին պա­տե­րազ­մին մէջ ա­մօ­թա­լի պար­տու­թեամբ։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­ժա­նի չէ նման բախ­տի։ Իսկ պէտք չէ թոյլ տալ, որ ազ­գի մը ճա­կա­տա­գի­րը իյ­նայ բախ­տի պատ­մու­թեան յոր­ձա­նու­տին մէջ, այլ՝ «պատ­մա­կան մո­մենտ­նե­րու» յստակ ու պայ­ծառ ար­ժե­ւո­րու­մով այն պէտք է յան­գի հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան վե­րածնուն­դին։

­Միաս­նա­կա­նու­թիւն է պէտք։ ­Ժո­ղովր­դա­յին հա­մախմ­բու­մը եւ ազ­գա­յին գոր­ծօ­նի վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­մը հրա­մա­յա­կան կը դառ­նան այ­սօր։ ­Վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­մը կը յա­ջո­ղի միայն երբ յու­նա­կան «­Բա­րե­կա­մու­թեան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան» ար­ժէք­նե­րուն եւ յե­ղա­փո­խու­թեան կեն­սա­փոր­ձին նման, հա­յու միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւի հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քի այն ու­ժե­րուն կող­մէ, ո­րոնց ա­ւե­լի քան մէկ­դա­րեայ պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ, բայց նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կայ ա­ռողջ ու­ժե­րու հա­մա­խո­հու­թեամբ ու գոր­ծակ­ցու­թեամբ, կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ի­մաս­տա­ւո­րել ու կե­նա­գոր­ծել ան­կախ ու ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու նո­ւա­ճու­մը։

1821-ի յու­նա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ար­ժէք­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն որ­պէս ու­ղե­ցոյց մնալ ու ներշն­չել ա­զա­տու­թեան ի­տէա­լին կառ­չած ազ­գերն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը։

azator.gr