Փոխարժեքներ
19 04 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 390.9 |
EUR | ⚊ | € 444.61 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.7857 |
GBP | ⚊ | £ 519.04 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.3 |
Շաբաթ, 6 յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդունեց Իրանի դեսպանատան մշակոյթի եւ յարաբերութեանց պատասխանատու դոկտ. Մեհտի Շարիաթմատարը:
Այցելութեան նպատակն էր չորս տարիներու ծառայութենէն ետք հրաժեշտ առնել եւ շնորհակալութիւն յայտնել վեհափառին: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Իրանը յուզող ներկայ հարցերուն: Դոկտ. Մեհտի Շարիաթմատարի իր ուրախութիւնը յայտնեց Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր կապերուն եւ շարունակուող գործակցութեան համար: Ան նաեւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց Իրանի հայութեան նկատմամբ` շեշտելով, որ Իրանի հայերը պարկեշտ ու աշխատասէր քաղաքացիներ են իրենց երկրին նկատմամբ:
Վեհափառ հայրապետ իր կարգին ողջունելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի միջեւ տարիներ առաջ սկսած երկխօսութիւնը` մշակութային ու կրօնական մարզերուն մէջ, ընդգծեց զայն շարունակելու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններուն հասարակաց արժէքներէն ու մտահոգութիւններէն մեկնած, միասնաբար դիմագրաւել ներկայ ընկերութիւնը տագնապեցնող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները: