Հայրապետական հռչակագիրի ընթերցում Անթիլիասի Մայրավանքէն եւ թեմերու եկեղեցիներէն ներս
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ներկայ տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայրապետական յատուկ հռչակագրով հռչակեց «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ»։
Արդարեւ, Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, ընթերցուեցաւ Հայրապետական հռչակագիրը՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ։