Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ներկայ խառնակ ժամանակները, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ աշխարհի պատմութեան մէջ մեր կեանքը տակնուվրայ ընելէ անդին, նաեւ խառնիխուռն մտքեր կը յառաջացնեն մեր ուղեղներուն մէջ եւ, ուզենք-չուզենք, հարցումներ կը դնեն մեր առջեւ՝ հարցականի տակ առնելով մեր անցած ուղին, մեր ըրածն ու չըրածը, մեր ռազմավարութիւնը, մեր գործելակերպը եւ ամեն ինչ։ Այս «մեր»ը կը վերաբերի մեզմէ ամեն մէկուն, կը վերաբերի մեզի՝ որպէս կուսակցութեան, որպէս հաւաքականութեան, որպէս ազգի ու պետութեան եւ որպէս համամարդկային ընտանիքի։
Ի՞նչ ըրինք եւ ի՞նչ չըրինք, ինչպէ՞ս ըրինք եւ ինչպէ՞ս չըրինք, ինչո՞ւ ըրինք եւ ինչո՞ւ չըրինք, որ հո՛ս հասանք։
Հեռու ինձմէ այս հարցումներուն պատասխանները տալ կարենալու յաւակնութիւնը։ Ընդհակառակը՝ այդ հարցումներէն իւրաքանչիւրը դուռ կը բանայ այլ հարցադրումներու, եւ կարելի է կորսուիլ անոնց անյատակ հորին մէջ։
Մեր սեփական կատարածներուն եւ չկատարածներուն մասին, անշուշտ, իւրաքանչիւրս ինք պիտի կատարէ իր ինքնաքննութիւնը, իր ինքնագնահատումն ու իր ինքնասրբագրութիւնը՝ ի հարկին։
Անհատական գետնի վրայ, օրինակ, կրնամ ես ինծի հարց տալ, թէ ձեռքէս եկածը ըրի՞, որպէսզի բան մը բարեփոխեմ, սխալ մը ուղղեմ, իրագործման մը նպաստեմ՝ օգտակար ըլլալու համար հասարակութեան զարգացման, այդ ըլլայ իմ ապրած թաղիս, քաղաքիս, բնակած երկրիս թէ նախահայրերուս երկրին համար, ազգիս թէ մարդկութեան համար։ Վերջին հաշուով՝ ինծի՛ ու ընտանիքի՛ս համար, որպէսզի ապրինք աւելի ապահով, աւելի արդար, աւելի մաքուր եւ մարդկայի՛ն միջավայրի մը մէջ։ Մաս կազմեցի՞ որեւէ հաւաքական ճիգի, որեւէ շարժումի, որեւէ միութեան կամ կուսակցութեան՝ ուժերս միացնելու ինծի պէս մտածողներու, ինծի պէս գործել ուզող ուրիշներու, թէ՞ ապրեցայ ես ինծի համար՝ իմ հաճոյքները հետապնդելով պարզապէս։
Հաւաքական գետնի վրայ, մեր պարագային՝ ըլլա՛յ ազգային-թեմական, միութենական թէ կուսակցական, ըլլա՛յ պետական ոլորտներուն մէջ, դարձեալ կրնանք մենք մեզի հարց տալ, թէ մեր բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ դրի՞նք քայլ մը առաջ երթալու, դժուարութիւն մը աւելի յաղթահարելու, դիրք մը աւելի զօրացնելու, յաղթանակ մը աւելի տանելու համար։ Ոչ միայն ներթեմական, ներմիութենական, ներկուսակցական կամ ներպետական առումով, այլեւ համազգայի՛ն առումով, միջթեմական, միջմիութենական, միջկուսակցական կամ միջհայկական՝ հայրենահայութիւն ու սփիւռքահայութիւն միասնաբար։ Կրցա՞նք ճշտել առաջնահերթութիւնները, հիմնահարցերը, առկայ ու գալիք տագնապները, զանոնք դիմակայելու միջոցները, մարդուժը, գիտուժն ու նիւթուժը, այլեւ ժամանակացոյցը։
Դեռ միայն վերջին երեսնամեակը նկատի առնելով՝ հարց տանք մենք մեզի, թէ որքա՞ն ճիշտ կրցանք գնահատել Խորհրդային Միութեան կամ այդ անուան տակ շարունակուող Ռուսական կայսրութեան քայքայումն ու անակնկալ անկախացումը անոր բաղադրիչ հանրապետութիւններուն՝ սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութենէն, ուր մենք մեր ձեռքով, նա՛եւ մեր ձեռքով քանդեցինք մեր տնտեսական կռուանները, կողոպտեցինք պետական գոյքը, ինկանք դրամատիրական ծուղակին մէջ, եւ ահա երեսուն տարի է՝ չենք կրցած տակաւին դուրս գալ անկէ, ուր չենք կրցած ձերբազատիլ բռնատիրական վարչակարգի՝ մեր հոգիները ճնշող կապանքներէն, ուր տակաւին «ես»եր կը տիրապետեն՝ փոխանակ «մենք»ի։
Այս պայմաններուն տակ ինչպէ՞ս չվերյիշենք, մեզմէ շատեր ինչպէ՞ս չվերյիշեն այն վարանումները, որ ունէինք մենք ալ՝ իբրեւ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կամ իբրեւ սոսկ դաշնակցականներ, նախ քան հայրենի հողին վրայ մեր վերընձիւղումը. վերահաստատուի՞լ իբրեւ կազմակերպութիւն անկախացող Հայաստանի մէջ, թէ՞ համբերել ու մնալ որպէս գաղափարական շարժում, որպէս ոգի ու ներշնչման աղբիւր՝ սպասելով, որ փաստօրէն փշրուին շղթաները, ապա միայն մաս կազմել իրապէս անկախ պետականութեան քաղաքական կեանքին։ Չէ՞ որ այդ կ’ուզէին հասկցնել մեզի այն օրերու իշխանաւորներուն ճամբով մեր ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ չհանդուրժող ուժերը։ Քանդումի «աշխատանքը» կ’ուզէին անխափան տանիլ առաջ, իսկ մենք կրնայինք խանգարել զիրենք։ Եւ մինչեւ հիմա նոյնը չէ՞, որ կ’ընեն, իսկ մենք անբաղձալի տարր կը մնանք քանդիչներուն համար։ Այլապէս ուրկէ՞ կու գայ այդ ժահրը, այդ մաղձը, որ ոմանք այնպէս հաւատարիմ կերպով կը թափեն մեր հասցէին։
Թէ պատրաստ չէինք անկախ պետականութիւն վարելու ազգովի՛ն, կասկածէ վեր է։ Ամբողջ 70 տարի խորհրդային վարչակարգը մեզի թոյլ չէր տուած սորվիլ երկիր վարել։ Հայ հանճարը շատ այլ մարզերու մէջ յաջողած էր նուաճումներ արձանագրել, բայց, ինչպէս ինծի կը խոստովանէր օրին Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան երկարամեայ թիւ մէկ դէմքը՝ Կարէն Դեմիրճեան, Կեդրոնը արգելք կը հանդիսանար, որ ղեկավար անձնաւորութիւնները իրենց կառավարման փորձառութիւնը հաղորդեն իրենց յաջորդներուն։
Մենք ալ՝ իբրեւ ՀՅԴ, 1920-1921էն ի վեր զրկուած էինք այդ փորձառութենէն։ Սակայն իրապէս կրնայի՞նք ո՛չ ըսել հայրենի հողին վրայ գործելու, տեղւոյն վրայ մեր երկրին ծառայելու մարտահրաւէրին՝ սպասելով աւելի… բարեհաճ օրերու։ Իսկ Արցա՞խը, արցախահայութեան կա՞նչը։ Դասալիք կրնայինք համարուիլ։ Նոյնը՝ մեր միւս ազգային աւանդական կուսակցութիւններուն պարագային։ Ուստի ոչինչէն, ոչինչէ՛ն վերակազմեցինք մեր կառոյցները եւ նուիրուեցանք հայրենակերտման աշխատանքին։ Շարունակուեցան մեր, մեր ազգային կուսակցութիւններուն դէմ հալածանքները, մեզ պառակտելու փորձերը։ Դժբախտաբար, այո՛, որոշ չափով ջլատուեցան մեր ուժերը, յատկապէս միւս կուսակցութիւններուն պարագային, սակայն դիմացանք, շարունակեցինք ծառայել ու վտանգի պահուն անյապաղ գտնուեցանք առաջին գիծերուն վրայ։
Յոխորտանքով չէ, որ կը գրեմ այս տողերը։ Ցաւո՛վ, զայրոյթո՛վ, ափսոսանքո՛վ։ Բայց կը հաւատամ, որ ամենէն դժխեմ իրավիճակներուն մէջ անգամ պիտի շարունակենք այդպէ՛ս ծառայել մեր ժողովուրդին։ Անվարա՛ն։
Այլապէս ինչո՞ւ կանք։
Վրէժ-Արմէն
«Դրօշակ», թիվ 12 (1646), դեկտեմբեր, 2020 թ.