կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-10-28 20:14
Առանց Կատեգորիա

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 466.200.000 լիբ. ոսկով կը մասնակցի Պէյրութի նաւահանգիստի վնասներու դարմանումի աշխատանքին

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 466.200.000 լիբ. ոսկով կը մասնակցի Պէյրութի նաւահանգիստի վնասներու դարմանումի աշխատանքին

Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը, 4 Օգոստոս 2020-ին, ծանր վնասներ պատճառեց Լիբանանի մայրաքաղաքին եւ շրջակայ արուարձաններուն, ուր կը գտնուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմաթիւ ակումբներ եւ կը բնակին մեծ թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ։

Պայթումին առաջին օրէն Հ.Մ.Ը.Մ.ական անհատ նուիրատուներ եւ Շրջաններ փութացին օգնութեան, որուն համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ստեղծեց յատուկ հիմնադրամ մը՝ նպատակ ունենալով մասնակցութիւն բերել պայթումի վնասներու դարմանումի անյետաձգելի գործին՝ օժանդակելով պայթումէն վնասուած ակումբներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու բնակարաններու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական վիրաւորներու։ Այս ուղղութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը պատրաստեց անհրաժեշտ ցանկեր, որոնք քանի մը անգամ վերատեսութեան եւ լրացումի ենթարկուեցան՝ աշխատանքը ամբողջական եւ ճշգրիտ ձեւով կատարելու համար։ Ընթացքին, Կեդրոնական Վարչութիւնը յարմար գտաւ նաեւ որոշ գումար մը տրամադրել Շրջանային Վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերուն, երկրին տագնապալի պայմաններուն մէջ իրենց աշխատանքները կարենալ շարունակելու համար։

Օգնութեան աշխատանքին արդար ձեւով կազմակերպման համար, Կեդրոնական Վարչութիւնը երկու մասի բաժնեց վնասուած բնակարաններու շրջանները, Ա. մասին մէջ նկատի ունենալով պայթումին անմիջական շրջակայքին մէջ գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու բնակարանները, իսկ Բ. մասին մէջ՝ անմիջական շրջակայքէն անդին գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու բնակարանները։

Այս աշխատանքին ծրագրումը, կազմակերպումը եւ դրամատնային ձեւակերպութիւններու ամբողջացումը խլեց շուրջ երկու ամսուան ժամանակ, որուն աւարտին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, իբրեւ առաջին հանգրուանի օժանդակութիւն, Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան փոխանցեց 466.200.000 լիբ. ոսկի (55 հազար ամ. տոլար) եւ անոր հետ միասին Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան ստորագրութիւնը կրող «Աջակցութեան գիր» մը՝ օժանդակութենէ օգտուող իւրաքանչիւր պարագայի համար։

Օժանդակութիւնները փոխանցուեցան հետեւեալ ձեւով.-

Ա) 147.000.000 լիբ. ոսկի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան եւ Պէյրութի, Պուրճ Համուտի եւ Ժըտէյտէի ակումբներու վերանորոգութեան իբրեւ մասնակցութիւն։

Բ) 84.000.000 լիբ. ոսկի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ Լիբանանի բոլոր մասնաճիւղերու ընթացիկ աշխատանքներուն շարունակութիւնը ապահովելու համար։

Գ) 10.000.000 լիբ. ոսկի Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9 վիրաւորներու համար։

Դ) 64.400.000 լիբ. ոսկի 23 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու բնակարաններու համար, որոնք կը գտնուին պայթումին անմիջական շրջակայքին մէջ։

Ե) 148.750.000 լիբ. ոսկի 85 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու բնակարաններու համար, որոնք կը գտնուին պայթումին անմիջական շրջակայքէն անդին գտնուող շրջաններու մէջ։

Զ) Կեդրոնական Վարչութեան հիմնադրամին ճամբով կատարուած օժանդակութիւններէն անկախ, գտնուեցան նաեւ շրջաններ, որոնք փափաքեցան Լիբանանի շրջանին օժանդակել հիմնադրամէն անկախ։ Կեդրոնական Վարչութիւնը ողջունելով գաղափարը, դիւրացուց օժանդակութեան փոխանցման աշխատանքը։

Յիշեալ օժանդակութիւններու փոխանցումէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը հանգրուանային կերպով կատարեց նիւթական գումարներու բաշխումը, ներկայութեամբ իր կազմէն եւ վնասուած շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի վարչութենէն ներկայացուցիչներու։

Աշխատանքի բարեյաջող աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ միութեան այն բոլոր շրջաններուն եւ անհատ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որոնք Լիբանանի տագնապալի օրերուն նիւթաբարոյական իրենց աջակցութիւնը չզլացան Կեդրոնական Վարչութեան եւ Լիբանանի շրջանին, հաւատարիմ միութեան անզուգական նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ին։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ