Փոխարժեքներ
05 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 386.99 |
EUR | ⚊ | € 426.85 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.07 |
GBP | ⚊ | £ 509.55 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.53 |
Օրական դրութեամբ նորութիւն․․․ բայց անցուդարձերը կը մնան փակ օղակի մէջ։
«Կեանքի ճանապարհ»-ը՝ Հայաստանը Արցախի մնացեալ բեկորին կապող՝ Բերձորի (Լաչին) միջանցքը փակ կը մնայ մօտաւորդապէս 3 ամիսէ ի վեր, «բնապահպաններ»-ու անուան տակ պահուըտած գործակալներ զայն կղպուած կը պահեն ազերի բանակայիններու կողքին։
Քանի մը օրուան մէջ, երեք արտակարգ դէպքեր իրարու յաջորդեցին եւ մեծ փոփոխութեան ենթարկեցին հայկական բեմի իրավիճակը, կրնանք ըսել նաեւ՝ գոյավիճակը։
Առաջինը՝ Եւրոմիութեան քաղաքային առաքելութեան մը ներկայութիւնն է Վայքի մէջ: Դէտերուն թիւը պիտի հասնի հարիւրի: Սպասումն է, որ այս խմբակը գործէ ի խնդիր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման: Այս առաքելութեան մասին որոշումը տրուած էր 23 Յունուարին. դէտերը ժամանեցին եւ գործի անցած են 20 Փետրուարէն ի վեր։ Պէտք է շեշտել, թէ «քաղաքային» է այս առաքելութիւնը պիտի ծառայէ ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան համար։ Վայրն ալ ուշագրաւ է՝ Վայքի Եղէգնաձոր քաղաքը, Ջերմուկէն ո՛չ շատ հեռու, Ատրպէյճանէն Նախիջեւան երկարող «կամուրջ»ին վրայ: Այս գօտին ներկայիս կը հանդիսանայ Ատրպէյճան-Նախիջեւան ամէնէն կարճ գիծը: Չմոռնանք, որ Հայաստանի վարչապետը այլ ձեւով ներկայացուած էր այս առաքելութիւնը, ըսելով, որ անոնք պիտի ստուգեն, թէ հայկական եւ ռուսական ուժերը յարձակում չեն պատրաստեր Ատրպէյճանի վրայ. սա ստեղծած է մեկնաբանութիւններու փոթորիկ մը եւ անուղղակի ցուցանիշ է, որ Երեւանի իշխանաւորը աւելի՛ մտահոգ է Ատրպէյճանը յարձակումէ զերծ պահելով, քան Հայաստանի ապահովութեամբ: Իսկ հիմա, երբ տեղեկութիւններ կը սպրդին, թէ համաձայնութիւն կայ եւրոպացի դէտերը ՆԱԹՕ-ի ուժերով փոխարինելու…
Երկրորդ՝ Լա Հէյի մէջ, Փետրուար 22-ին Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէկ որոշումն էր՝ Բերձորի միջանցքը բանալու պահանջով: Դատարանը Ատրպէյճանը պարտադրանքի տակ դրաւ, որպէսզի Բերձորի միջանցքով ԵՐԿՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ապահովուի անհատներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը: Ալիեւ յայտարարած էր, որ իր իշխանութիւնը չընդունող արցախցիները կրնան մեկնիլ մէկ ուղղութեամբ: Միջազգային դատարանին որոշումը լուրջ է. Մ․Ա․Կ․-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերէշ այս գծով վերջերս շեշտեց, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները ենթակայ են պարտադիր կատարման։
Երրորդ՝ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը։ Պատահածը անակնկալ մը չէր։ Շաբաթներէ ի վեր շշուկներ կը տարածուէին, թէ երկու ղեկավարներուն միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ չէին ընթանար։ Անշուշտ յստակ չէր, թէ ինչպէ՛ս պիտի աւարտէր այս հարցը։ Վարդանեան չհրաժարեցաւ, հակառակ նախագահին փափաքին: Յարութիւնեան ստիպուեցաւ պաշտօնանկ ընել իր պետական նախարարը։ Այս որոշումը գոհունակութեամբ դիմաւորուեցաւ Պաքուի կողմէ: Քանի մը օր առաջ, Միւնիխի մէջ, Փաշինեանի հետ հանդիպումին՝ Ալիեւ յոխորտանքով կրկնած էր իր պահանջը, թէ՝ Վարդանեան պէտք է հեռանայ այդ պաշտօնէն եւ Արցախէն։ Միւնիխի մէջ Ալիեւ չմոռցաւ նաեւ վարկաբեկել Հայաստանը, յայտարարելով, որ հայութիւնը իր քուէն տուած է Փաշինեանի, այսինքն, համամիտ է անոր վարած զիջումի ու հողատուութեան քաղաքականութեան: Ասիկա այլ հարց է անշուշտ, ու Փաշինեան զայն կուլ տուաւ այն տրամադրութեամբ, որ նախապէս իրեն ըսել տուած էր. չեմ նեղանար, երբ զիս թուրք կոչեն…:
Ու զարմանալի՞ է, որ Պաքուի տրամաբանութիւնը համապատասխան արձագանգ գտաւ Երեւանի մէջ, ուր ՔՊ-ականներ ողջունեցին Վարդանեանի հեռացումը…
Վաղը կրնան նոր իրադարձութիւններ յաջորդել: Արդէն սովորական դարձած է կրկնել այլ պարտուողական յանկերգը, թէ մոգական գաւազանով մը կարելի պիտի չըլլայ բանալ «Կեանքի ճանապարհ»-ը։
Իսկ թէ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ ալիեւեան հրահանգ մը մէկ օրուան մէջ կը փակէ ճամբան եւ կազատարին ու ելեկտրականութեան հոսանքին հետ՝ զայն խաղալիք կը դարձնէ ի՛ր մոգական գաւազանին՝ կը մնայ «մե՜ծ հանելուկ»:
Հայրենի դիւանագիտութիւնը շատ գործ ունի կատարելիք, կը կանգնի ահագնացող մարտահրաւէրներու դիմաց, սակայն դժբախտաբար կը մնայ մեծագոյն բացականերէն մէկը: Հայկական արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ընդհանրապէս բացակայ է միակամութիւնն ու յատկապէս «ճիշդ անձը ճիշդ պաշտօնին վրայ, ճիշդ ժամուն» ունենալը։ Ճիշդ է, որ եւրոպական դաշտերու մէջ մերթ ընդ մերթ միաձայնութիւն կը հնչէ, սակայն անոնք կը ներկայանան իբրեւ մէկ-երկու ծաղիկ, որոնցմով գարուն չի գար: Ներքին բեմին վրայ նման դրական շարժեր (գոնէ նախանշաններ) հակակշռող քայլերը չեն ուշանար, մասնաւորաբար ընդդիմադիրներու դէմ հալածանքները կրկին ու կրկին գլուխ կը բարձրացնեն, անուղղակիօրէն ջուր լեցնելով թրքական քմահաճոյքներու ջաղացքին:
Այս ճգնաժամային օրերուն, որեւէ թերացում կամ յապաղում վնասաբեր է թէ՛ Արցախի հիմնահարցի լուծման եւ թէ՛ հայրենի պետականութեան։ Անգամ մը եւս շեշտենք, որ իշխանութիւն եւ պետականութիւն նոյնը չեն, ու այս իշխանութիւնը իրերայաջորդ հարուածներ կը հասցնէ պետականութեան: Իշխանութիւնները փոփոխական են, պետականութիւնը պէտք է պահպանել անխախտ:
Անհեթեթութեանց օղակներն ալ մրցավազքի մէջ են: Իսկապէս, ի՜նչ հեգնանք. Թուրքիայէն խաղաղութիւն մուրացող իշխանաւորները երազնե՜ր կը հիւսեն՝ փուլ եկած Անիի դարաւոր կամուրջին վերակառուցման եւ «մետաքսի ճամբուն» վերաբացման մասին, գրեթէ մոռցած՝ որ Բերձորի «կամուրջ»-ին թնճուկը կը մնայ անլոյծ, կը մնայ… համաթուրանականութեան ծրագիրին մէկ օղակը:
Ցուրտը կը շարունակուի։ 120 հազար հայորդիներ պաշարուած կը մնան, սննդանիւթի, դեղերու եւ այլ կենսանիւթերու տագնապները կը դառնան աւելի՛ խայթող, Արցախի մնացեալ բեկորը կը մնայ «Դամոկլեան սուր»-երու (այո՛, սուրերո՛ւ) տակ․․․
…Եւ «Կեանքի ճանապարհ»-ը տակաւին կը մնայ փակ։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական