Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ճեմարանի 90-ամեակը կամ այդ առիթով յուշ մը կամ յօդուած մը գրելու համար ուղղուած յիշեցում-նամակը չէ միայն, որ մղեց այս տողերը գրի առնելու։
Ճեմարանը միշտ մեր մտքերուն մէջ է։
Հարցուցէ՛ք ոեւէ ճեմարանականի. անպայման որ ամէնքն ալ ունին լաւ յիշատակներ, ջերմ եւ հաղորդական մթնոլորտի յուշեր, եւ գրեթէ բոլորը կը խոստովանին, թէ անկեղծութեան ու հարազատութեան մթնոլորտով է, որ կը յիշեն «իրենց» Ճեմարանը։
Մեր առօրեային մէջ, տարբեր առիթներով եւ տարբեր պայմաններու մէջ, կը ստեղծուին պահեր, երբ կը յիշենք ճեմարանին մէջ անցուցած մեր օրերը, կը յիշենք մեր ուսուցիչները, դասընկեր մը, անոր հետ պատահած դրուագ մը, եւ այսպէս կը փոխադրուինք անցեալի աշակերտական մեր օրերը։
Այդպիսի պահեր կը ստեղծուին մանաւանդ, երբ քանի մը դասընկերներով կը հանդիպինք տեղ մը, կը գրենք իրարու, երբեմն ալ երկար կը խօսինք հաղորդակցական միջոցներու ընձեռած լայն հնարաւորութիւններուն շնորհիւ։
Այսպէս, հետաքրքրական եւ իւրայատուկ «կապ» մը ստեղծուեցաւ քանի մը տարիներ առաջ, երբ խումբ մը ճեմարանական ընկեր-ընկերուհիներով յառաջացուցինք հաղորդակցումի խումբ մը. զայն կնքեցինք «Ճեմարան քոնեքշըն» անունով, այդպէս ալ արձանագրեցինք մեր համակարգիչներու անուանացանկին մէջ։
Քանի մը տարբեր դասարաններու ընկերներով, գրեթէ շաբաթական դրութեամբ, երբեմն ալ աւելի յաճախակի, իրարու հետ կապի մէջ կ’ըլլայինք, իրարմէ լուրեր կը ստանայինք, իւրաքանչիւրը իր ապրած գաղութէն բոլորս հետաքրքրող լուրեր կը փոխանցէր, երբեմն նիւթի մը կամ նոյնիսկ բառի մը շուրջ «բանավէճեր» կը ստեղծուէին։
Կեանքի ձեւ մըն էր. եթէ պատահէր, որ մեզմէ մէկը ուշանար լուրի մը կամ տեղեկութեան մը մասին իր տպաւորութիւնը արտայայտելու, կամ իր կարծիքը յայտնելու, այդ ուշացումը պատճառ կը դառնար, որ միւս դասընկերները մտահոգուին եւ պատասխանելու կամ հակազդելու «թերացող» ընկերոջ ձայն տան՝ ««Ո՞ւր ես» կամ «Ինչո՞ւ չես գրեր» հարցումներով....
Շատ հաճելի եւ գրեթէ նախանձելի օրեր էին։ Սկսած եմ փնտռել այդ օրերը, հակառակ որ ուշ պատասխանող եւ «Ինչո՞ւ չես գրեր» հարցումը յաճախ ստացողներէն մէկն էի....
Հարազատ եւ մտերիմ այդ կապը ներկայիս դժբախտաբար տկարացած է, չըսելու համար՝ գրեթէ անյայտացած։
Պատճա՞ռը... քանի մը դասընկերներու առյաւէտ կորուստը։
Այո՛, վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին, խոր ցաւով մենք առյաւէտ կորսնցուցինք «Ճեմարան քոնեքշըն»-ի մէջ կրնամ ըսել ամէնէն աւելի գրող եւ «լուրերուն» արագ արձագանգող ընկերներէն Հուրիկ Թուխանեանը, Յակոբ Եափուճեանը եւ Պօղոս Շահմելիքեանը։ Մեկնեցան՝ բայց միշտ ներկայ են մեր յիշողութեան եւ մտածումներուն մէջ....
Լո՜յս ձեր հոգիներուն, սիրելինե՛ր՝ Հուրիկ, Պօղոս եւ Յակոբ։ Այս պահուն, երբ այլեւս չէք կրնար պատասխանել «Ճեմարան քոնեքշըն»-ի մեր սովորական կապով, մենք այլեւս մեր հարցումներուն պատասխաններ չենք սպասեր ձեզմէ, ո՛չ ալ կրնանք մեղադրել ձեզ, որ ինչո՛ւ չէք մասնակցիր հաւաքաբար քննարկուող օրուան նիւթին.... Ուրիշ բան չենք կրնար ընել ձեզի համար, բացի մեր ջերմ զգացումներով կազմուած ծաղկեպսակ մը զետեղելէ ձեր թարմ շիրիմներուն վրայ....
...
Խօսիլ, մտածել կամ գրել Ճեմարանի մասին՝ կը նշանակէ վերյիշել, վերապրիլ եւ անպայմանօրէն մեր դիմաց վերագտնել մեր ուսուցիչներէն շատերուն դէմքը, ժպիտը, գուրգուրոտ նայուածքը կամ պահանջկոտ պահուածքը։
Պահանջկոտ՝ բայց ոչ կոպտութեան հասնող վարմունք, խիստ՝ բայց անմիջապէս բարեհամբոյր, չըսելու համար՝ գուրգուրոտ նայուածքը։
Այսպէ՛ս էին մեր ուսուցիչները Ճեմարանի մէջ։
Մեր մեծ բարեկամներն էին անոնք։
Այսպէ՛ս ընդունեցին մեզ, այսպէ՛ս վարուեցան մեզի հետ, եւ կեանքը այսպէ՛ս ապրիլ սորվեցուցին մեզի։
Անոնք մեկնած են այս աշխարհէն. մեկնած՝ բայց ո՛չ մոռցուած՝ իրենց աշակերտներուն կողմէ։
Շատ բնական է, որ անոնց բոլորին հանդէպ չենք ունեցած միեւնոյն զգացումները։ Ոմանց հետ աւելի մօտ զգացած ենք, ուրիշներու հետ աւելի «պաշտօնական»» եղած են մեր կապերը։ Բայց բոլորին մօտ զգացած ենք մեզ սիրելու, յարգելու, մեզի վստահելու եւ մեր մէջ ինքնավստահութիւն սերմանելու կեցուածքը։
Այդպէ՛ս էին Ճեմարանի մեր ուսուցիչները, որոնց մօտ մենք գտանք իրենց աշակերտը յարգող, անոր մէջ մարդկայինը, համամարդկայինը տեղաւորող- եթէ կարելի է այդպիսի բառ գործածել հոս- մարդոց հոյլ մը։
Մեր ուսուցիչները մեր մեծ բարեկամներն էին՝ բառին ամբողջական իմաստով։ Այս տողերով չեմ կրնար անդրադառնալ բոլորին, չեմ կրնար իւրաքանչիւրի մասին յուշեր պատմել, բայց կ’ուզեմ յիշել դէպք մը, որ պատահած է ինծի հետ եւ որ խոր տպաւորութիւն ձգած էր օրին. փաստը այն է ահա, որ հակառակ տասնեակ տարիներու թաւալումին, կը յիշեմ մանրամասնօրէն։...
Ճեմարանի աւարտական տարին կամ Բ. Պաքալորէայի տարին էր։ Գրաւոր մը ունէինք պրն. Գրիգոր Շահինեանի հետ։ Օրը ճշդուած էր։ Բայց ընտանեկան այնպիսի դէպք մը պատահեցաւ, որ ես չէի կրնար մասնակցիլ յաջորդ օր տեղի ունենալիք գրաւորիս։
Պէտք էր բացակայելու արտօնութիւն ուզէի։ Մօտեցայ պրն. Շահինեանին եւ բացատրեցի կացութիւնս։ Չէի գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար իր հակազդեցութիւնը, ի վերջոյ Պաքալորէայի տարի էր ու կարեւոր գրաւոր էր յաջորդ օր տեղի ունենալիքը։ Երբ ըսի պրն. Շահինեանին, որ յաջորդ օր չէի կրնար ներկայ ըլլալ քննութեանս.
- Բայց հարց չկայ,- ըսաւ՝ շատ հանդարտ։ Դուն գրաւորդ տունը կ’ընես։
- Ինչպէ՞ս,- հարցուցի զարմացած։
- Հարցումները քեզի կու տամ եւ տունը առանձինդ կը պատասխանես հարցումներուն...
Ապշած՝ ուսուցիչիս երեսին կը նայէի։ Միտքէս չէր անցած նման պատասխան մը։
- Բայց, գիրք ունիմ տունը,- ըսի նոյն շուարած վիճակովս.
- Գիրքը չես բանար,- ըսաւ նոյն հանդարտութեամբ։
Քիչ յետոյ տուաւ հարցարանը յաջորդ օրը տեղի ունենալիք գրաւորին, որուն մասնակցեցայ տունէն՝ դասարանէն եւ դասընկերներէս հեռու, գոց գիրքին ներկայութեան....
Եւ իրապէս, միտքէս իսկ չանցաւ գիրք բանալ ու նայիլ հարցումներուն վերաբերող էջերուն։
Կրնա՞մ մոռնալ այս գրաւորը...
...
Չեմ մոռցած ուրիշ դէպք մըն ալ, որ դարձեալ շատ տպաւորած է զիս։
Այս երկրորդը անձնապէս ինծի չի վերաբերիր, այլ ամբողջ մեր դասարանին։
Ուսողութեան դասանիւթին մեր ուսուցիչը պրն. Տրուպին էր, որ Ճեմարան կու գար միայն աւարտական դասարանին ուսողութիւն դասաւանդելու համար. շատ պաշտօնական բարեւ մը դասարանին եւ ոչ մէկ աւելորդ կապ կամ մտերմութիւն իր աշակերտներուն հետ։ Առնուազն դասարանին մեծամասնութիւնը այդպէս հեռու կը զգար իրմէ։
Պաքալորէայի տարին ըլլալով, տարուան ընթացքին փորձ-քննութիւն պէտք էր անցընէինք, «պաք պլան»՝ ինչպէս որ կ’ըսուէր։ Պրն. Տրուպին թուական մը որոշած էր այդ քննութեան համար։ Բայց ամբողջ դասարանով պատրաստ չէինք զգար եւ խնդրեցինք իրմէ, որ փոխէ թուականը։ Մերժեց եւ պահեց իր որոշած թուականը, նոյնիսկ չազդուելով դասարանին դիմումին վրայ կատարուած տնօրէնութեան ընդառաջելու միջամտութենէն։
Եւ մենք պրն. Տրուպիի որոշած օրը դասարան չմտանք...
Մեր դասընկերներէն միայն մէկ (թէեւ ընկերուհի մը 2-3 դասընկեր կը յիշէ) հոգի չհետեւեցաւ մեզի եւ յանձնեց գրաւորը։
Այս դէպքէն ետք, իբրեւ փոխտնօրէն, իբրեւ կրթական պատասխանատու, յաջորդ օր դասարան եկաւ պրն. Մուշեղ Իշխանը։ Անշուշտ խօսեցաւ «օտար» ուսուցիչին հանդէպ նման կեցուածք ճշդելու անպատեհութեան, ուսողութեան նման կարեւոր նիւթի մը պարագային աւելի լուրջ կեցուածք որդեգրելու անհրաժեշտութեան եւ, ընդհանրապէս, մեր պահուածքին մասին։
Բայց պրն. Մուշեղի աչքերուն մէջ մենք չտեսանք դժգոհութիւն, չտեսանք բարկութիւն. տեսանք հաւաքական որոշում առնելու գիտակցութիւն ունեցող մարդոց հանդէպ իր գնահատանքը, ընկերասիրութեան, հարազատութեան եւ հոգեպէս իրարու նեցուկ կանգնելու գիտակցութիւնն ու ինքնավստահութիւնը գնահատող դաստիարակը։ Նոյնիսկ գոհունակութիւն կար իր աչքերուն մէջ, կամ՝ մենք այդպէս զգացինք, ձեւով մը շոյուած էինք...
Եւ այդ օր պրն. Մուշեղ աւելի մեծցաւ մեր աչքերուն, մանաւանդ որ ան ոչինչ արտասանեց գրաւորին մասնակցող մեր միակ դասընկերոջ հասցէին, նոյնիսկ չնայեցաւ անոր կողմը...
Այսպէ՛ս էին մեր ուսուցիչները։ Այսպէ՛ս վարուեցան անոնք մեզի հետ։ Նոյնիսկ այս դէպքին յաջորդ օրը, երբ ֆրանսերէնի մեր աննման ուսուցչուհին՝ Մատամը, ինչպէս կ’անուանէինք զինք՝ Եոլանտ Աճէմեանը, երբ դասարան մտաւ ֆրանսերէնի պահուն, նախքան դասը սկսիլը յանկարծ հարցուց.
- Երէկ ո՞վ մասնակցեցաւ գրաւորին։
Եւ երբ գրաւորը յանձնած մէկ դասընկերը հպարտօրէն մատը բարձրացուց եւ ոտքի ելաւ...
- Դո՜ւրս այս պահուն,- լսեցինք յանկարծ Մատամին յանդիմանական ձայնը, որ դասարանէն դուրս կը վտարէր իր դասընկերներուն չմիացող աշակերտը։
Քար լռութիւն՝ դասարանին մէջ։
Այս եւ տակաւին այլ դէպքեր, ամէնօրեայ տեսակաւոր կեցուածքներ, դասերու եւ դասապահերու ընթացքին փոխանցեցին մեզի մեր ուսուցիչները։
Ճեմարան, դասընկերներ, ուսուցիչներ, ամբողջ անցեալ մը, ուրկէ տողանցեցին տարբեր-տարբեր սերունդներ, որոնց բոլորին համար ալ ճեմարանը արդարօրէն հանդիսացաւ Ուխտավայր մը։
Եւ հիմա, երբ կը փորձեմ յետադարձ ակնարկ մը նետել ճեմարանական անցեալի տարիներուս վրայ, միայն սէր, անկեղծութիւն, հարազատութիւն բառերն են, որոնք կը «տողանցեն» մտքիս պաստառին վրայ...
Իրմով ապրելու՝ զինք սիրելով ապրելու շունչը Ճեմարան ներարկեց բոլորիս։
Եւ ո՜ւր ալ գտնուինք՝ Ճեմարանը կ’ապրի մեր մէջ։
ԷՎԱ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆ-ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ